Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէն Այցելեց Միշել Մըրի

February 24, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մարտիկ Պօղոսեան, երէկ այցելեց խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ, երեսփոխան Միշել Մըրի:

Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ քաղաքական եւ կրօնական հեղինակութիւններու հետ ՀՅԴ պատուիրակութեան ունեցած հանդիպումներուն շրջագիծին մէջ, այսօր կարգը հասած էր հանդիպում ունենալու Միշել Մըրի հետ, հակառակ անոր որ այցելութիւնները չէին խզուած անոր հետ:

«Սակայն մենք այսօր փափաքեցանք մամուլին եւ տարբեր լրատուամիջոցներուն լուսարձակները մեր վրայ կեդրոնացնել, որպէսզի հաստատենք, որ մեր եւ Մըրի միջեւ յարաբերութիւնը պարզ եւ սովորական դաշինք չէ, այլ` մենք մէկ ընտանիք ենք, որ 52 տարեկան է, եւ պատմութիւնը կը փաստէ, որ այդ յարաբերութիւնը կար ու կը շարունակէ գոյատեւել` առանց իրարմէ հեռացնելու մեզ», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Միշել Մըրի միջեւ բարեկամութեան եւ մտերմութեան յարաբերութիւնները յստակ են եւ անոնք կը դրսեւորուին մեր քաղաքական ու ազգային միացեալ կեցուածքներուն մէջ: «Մենք լիբանանցիներուն, ի մասնաւորի Մեթնի բնակչութեան կը հաստատենք, որ մենք քաղաքական, ոչ քաղաքական եւ ազգային առումով նոյն մտերիմ յարաբերութիւնները կը բաժնենք», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին տակաւին կանուխ է խօսելու:

Պատասխանելով Սուրիոյ տագնապին գծով Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութեան մասին հարցումի մը` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Սուրիայէն առաջ` Թունուզի եւ Եգիպտոսի իրադարձութիւններուն ընթացքին, մենք միշտ կը հաստատէինք, որ ապահով ըլլալու համար Լիբանան իր դռներն ու պատուհանները պէտք է փակէ արտաքին աշխարհին դիմաց եւ զբաղի իր հարցերը լուծելով` առանց միջամուխ ըլլալու օտարին հարցերուն եւ առանց թոյլատրելու, որ Լիբանան օգտագործուի շրջանային առանցքներուն մէջ:

Իր կարգին, Միշել Մըր շեշտեց, որ 2009-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին հաւաքուած մութ ամպերը արդէն ցրուած են: Ան նշեց, որ այդ ամպերը չէին գոյացած կուսակցութեան կամքով եւ յատուկ որոշումով, «այլ` ՀՅ Դաշնակցութեան զգացումները մեզի հետ էին եւ մեր միջեւ յարաբերութիւնները երբեք չէին խզուած: Հետեւաբար, անհրաժեշտ էր, որ մենք հանդիպէինք, ընդհանուր գնահատական մը կատարէինք եւ վերականգնէինք մեր պատմական յարաբերութիւնները: Եւ ինչպէս երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ` մենք շրջանցած ենք անցեալը եւ վերադարձած մեր պատմական յարաբերութիւններուն: Երբ քաղաքական հարցերու քննարկման առիթը գայ, մենք միաբերան ենք եւ մեր միջեւ դաշինքը ընթացքի մէջ կը նկատենք` առանց որեւէ փոփոխութեան», շեշտեց Մըր:

 

Նախորդը

«Մոնրօ» Պանդոկին Մէջ ԼԵՄ-ականներ Եւ ԶՈՄ-ականներ Կը Խանգարեն Թրքական Համալսարաններուն Նուիրուած Հաւաք Մը

Յաջորդը

«Թուրքիա Պէտք Է Վերադարձնէ Հայոց Եկեղեցական Կալուածները Իրենց Իրաւական Սեփականատիրոջ` Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.