Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է զինեալ ուժերու ղեկավարութեան հետ խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուած է նաեւ Արցախի մէջ տիրող զինուորական կացութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն, Հասանով յանձնարարած է «որեւէ պահու պատրաստ ըլլալ կիրարկելու ժամանակակից սպառազինութիւնը եւ մարտական այլ միջոցներ», «յատուկ ուշադրութիւն դարձնել բարձր լեռնային տեղերու մէջ եւ խստաշունչ կլիմայական պայմաններու մէջ մարտական հերթապահութիւն կատարող ստորաբաժանումներու նիւթասպառազինական եւ գումակային աջակցութեան»:


