Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Քահուաժի Կը Հաստատէ, Որ Բանակը Պիտի Արգիլէ Միջլիբանանեան Սադրանքները

February 24, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ բանակի Ա. կարգի սպաներուն հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը պիտի արգիլէ դէպի Սուրիա զէնք եւ զինեալներ փոխադրելու ապօրինի դրութիւնը` աւելցնելով սակայն, որ ան արգելք պիտի չըլլայ մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու սուրիացի գաղթականներուն:

Զօր. Քահուաժի հաստատեց, որ բանակը կառչած պիտի մնայ Լիբանանի հարաւային սահմաններուն հսկողութեան` ընդգծելով, որ ան մնայուն կերպով պիտի դիմադրէ թշնամի Իսրայէլին:

Ան ողջունեց բանակին այն զօրամասերը, որոնց ջանքերուն շնորհիւ Թրիփոլիի մէջ կարելի եղաւ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատել` ընդգծելով միաժամանակ, որ բանակը իր ամբողջ ուժով եւ վճռակամութեամբ պիտի ընդդիմանայ եւ դիմադրէ միջլիբանանեան սադրանքներուն: «Ձեր պատասխանատուութիւնն է գետնի վրայ միջամտել եւ արգիլել լիբանանեան լարուածութիւնը, գրգռութիւններն ու սադրանքները», ըսաւ ան:

Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ բանակի հրամանատարութիւնը կտրականապէս կը մերժէ բանակը որեւէ դիրքով հմայելու կամ կլանելու գաղափարը: «Մենք անկողմնակալ ենք եւ յանձնառու ենք ամբողջ Լիբանանի ապահովութեան ու կայունութեան», շեշտեց զօր. Քահուաժի:

 

Նախորդը

«Ներքին Լիբանանեան Առումով Սուրիոյ Ընդդիմութեան Զօրակցողները Ապագայ Չունին» Շեշտեց Զօր. Լահուտ

Յաջորդը

Միքաթի Ընդունեց Ֆաթթուշը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.