Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱԽԱՔԱՅԼ` ԴԷՊԻ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅՆԱՑՈՒՄ

February 24, 2012
| Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցնող օրերուն Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող ձեռնարկներն ու քննարկումները կ՛ընդգծեն հայութեան հետ կապուած ամէնէն հրատապ թեմաներու եւ կարեւորագոյն խնդիրներու լիբանանահայ միջավայրի մէջ քննարկման հանգամանքը: Անշուշտ իր բնոյթով, էութեամբ եւ տարողութեամբ կը զատորոշուի եւ կ՛առանձնանայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպած «ճանաչումէն հատուցում» կարգախօսով միջազգային համագումարը, որուն մասին կ՛անդրադառնանք առանձին եւ հետեւողական ձեւով:

Մինչ այդ, սակայն, լիբանանահայ յարանուանութիւններն ու կուսակցութիւնները համախմբող  100-ամեակի կեդրոնական մարմինի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կեդրոնական յանձնախումբի հետագայ աշխատանքներու բնոյթն ու եղանակները համադրելու կոչուած ուղիներուն հրապարակային նշումն ու Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ Հայ դատի աշխատանքներու վերջին շրջանի համապատկերներու ներկայացումները յատուկ ձեւով շեշտեցին լիբանանահայ միջավայրին յառաջատարութիւնը` նման թեմաներու այլեւս ոչ միայն քննարկման, այլ նաեւ նպատակաուղղուած աշխատանքի ձեւաւորման նախադրեալներու հրապարակումով:

Քանի մը կարեւոր դիտարկում պէտք է նշել եւ ապա կեդրոնանալ միջազգային համագումարի երէկուան մեկնարկին վրայ:

100-ամեակը նշող հետագայ աշխատանքներու եւ ձեռնարկներու համար աշխատելիք ցանցային կառոյցի առաջին օղակը հանդիսացող լիբանանահայութիւնը կը ստանձնէ այսպիսով այդ աշխատանքներուն մէջ յառաջատար դերակատարութիւն, որ համակարգաւորուած ձեւով հայրենի գիտական եւ մշակութային մարդուժի նպատակաուղղուած օգտագործումով կը ծրագրէ իրականացնել յառաջիկայ երեք տարիներու ընթացքին միաժամանակ թէ՛ հայ հասարակութեան եւ թէ՛ օտար շրջանակներու ուղղուած թիրախաւորուած աշխատանքներ: Քաղաքական անմիջական առաւելները կը վերաբերին անշուշտ ա՛յս շրջանին մէջ տեսանելի դարձած թրքական աշխատանքներուն դիմաց հանրային կարծիքի վրայ ազդելու ուղղութեամբ այլընտրանքային քարոզչութեան տարածումի հաւանականութիւններուն: Տակաւին այս բոլորին անդրադառնալու առիթ կ՛ունենանք անպայման:

«Ճանաչումէն հատուցում» միջազգային համագումարի մեկնարկը ինքնին կը նախանշէ մեր համահայկական պահանջատիրութեան նոր տարողութիւն ապահովելու մտածողութիւնը: Հատուցման թղթածրարի պատրաստութեան անհրաժեշտութիւնը տակաւ դուրս կու գայ իր կարգախօսային տարազէն եւ կը վերածուի պահանջատիրական հետագայ աշխատանքներու առանցք ճշդող գործնականութեան: Նման նախանիշ մը, ի մի կը բերէ մէկ կողմէ պատմական բոլոր իրաւունքներու վերականգնման անհրաժեշտութիւնը, Ցեղասպանութեան բոլոր հետեւանքներու վերացման առաջադրանքը, հողային պահանջատիրութիւն բանաձեւը, եկեղեցիներու եւ եկեղեցապատկան կալուածներու վերադարձի հրամայականը, ազգային եւ անհատական ունեցուածքներու վերստանձնումի բարձրաձայնումը եւ նման յայտարարութիւններ, որոնց ետին կանգնած պետական, հոգեւոր, կուսակցական թէ հասարակական բոլոր ուժերուն եւ շրջանակներուն համար կարմիր թելի նման կ՛երկարի միեւնոյն գաղափարախօսութիւնը, միեւնոյն պահանջը, միեւնոյն պայքարի սեւեռակէտը:

Այս բոլորին համար սակայն անյետաձգելի հրամայական է նախապատրաստուիլը: Միջազգային օրէնքի օրինաչափութիւններուն իրազեկուածութիւնը եւ մանաւանդ անոնց համապատասխանեցումը մեր խնդիրներուն ու պահանջներուն նախապայման են հետագայ թղթածրարի պատրաստութեան առաջադրելի աշխատանքին համար: Անթիլիասի համագումարը այդ ուղղութեամբ աշխատելու ոչ միայն պատգամ է, այլ նաեւ կարեւոր նախաքայլ:

Նախորդը

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. ՆԱԽԱՔԱՅԼ` ԴԷՊԻ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅՆԱՑՈՒՄ

Յաջորդը

Ազգային Ժողովի Ընտրութիւնները` 6 Մայիսին

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողովուրդին Կամքը

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.