Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Մարտ 16, 2022
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Մօտ Ապագային Լոյս Պիտի Տեսնէ Հայկ Դեմոյեանի «Հայուհիի Կերպարը Միջազգային Փոստային Բացիկներում Եւ Փորագրանկարներում» Պատկերազարդ Հատորը

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի նախկին տնօրէն Հայկ Դեմոյեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է.

«Ի սրտէ կը շնորհաւորեմ բոլորդ մարտ 8-ի կապակցութեամբ եւ կը յայտնեմ կարեւոր լուր մը. մէկ ամիսէն լոյս պիտի տեսնէ իմ` «Հայուհիի կերպարը միջազգային փոստային բացիկներում եւ փորագրանկարներում» խորագրով պատկերազարդ հատորը` երկար տարիներու ընթացքին հաւաքած աշխատանքներուս հաւաքածուին բացառիկ նիւթերու մատուցումով:

«Եռալեզու բացատրագրերով այս հատորը պիտի հանդիսանայ Գիւմրիի մէջ գործող «ՀԱՅՈՒՀԻ» թանգարանին մէջ ցուցադրուած նիւթերու ընդլայնուած գրացուցակը` շուրջ 300 պատկերազարդումներով, որոնց մեծ մասը հայուհիներուն առնչուող պատկերագրութեան եզակի նմուշներ են»:

Հատորին շնորհահանդէսները տեղի պիտի ունենան Երեւանի եւ Գիւմրիի մէջ, ապրիլի սկիզբը:

Լոյս Տեսաւ Եղիշէ Չարենցի «Լուսամփոփի Պէս Աղջիկ» Սիրային Բանաստեղծութիւններու Ընտրանին

Մեծանուն բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի 125-ամեակին առիթով «Վերնատուն» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայեց «Լուսամփոփի պէս աղջիկ» սիրային բանաստեղծութիւններու ընտրանին:

Թէեւ Չարենցի ստեղծագործութիւններուն տասնեակ ժողովածուներ կան, բայց անոր սիրային գործերուն ընտրանին կը հրատարակուի առաջին անգամ: Գիրքին մէջ երկերը դասաւորուած են ժամանակագրական յաջորդականութեամբ: «Լուսամփոփի պէս աղջիկներ»-ը կը ներկայացնէ Չարենցի չափածոյի ժանրային եւ ոճային ամբողջ բազմազանութիւնը:

Պահպանել Եւ Հանրայնացնել Հայկոյի Ստեղծագործական Ժառանգութիւնը. «Հայկօ Յակոբեան» Մշակութային Հիմնադրամ

«Հայկօ Յակոբեան» մշակութային հիմնադրամը սկսաւ իր գործունէութեան:

«Մեր գլխաւոր նպատակն է  պահպանել եւ հանրայնացնել Հայկոյի ստեղծագործական ժառանգութիւնը:

«Հայկոյի ստեղծագործական ժառանգութեան իրաւայաջորդը կը հանդիսանայ հիմնադրամը, եւ մենք նախանձախնդրօրէն կը հետեւինք Հայկոյի ստեղծագործութիւններու հեղինակային իրաւունքներու պաշտպանութեան ամբողջ աշխարհին մէջ:

«Հիմնադրամը կը նախատեսէ մշակութային եւ կրթական ծրագիրներ, որոնք արդէն իսկ կը սկսին իրագործել:

«Առաջին մեծ ծրագիրը Հայկոյին նուիրուած համերգներու շարքն է, որ  կը կայանայ այս տարուան օգոստոս 25-ին, Երեւանի մէջ, ապա սեպտեմբերին` Միացեալ Նահանգներու մէջ:

«Մեծ յոյս ունինք, որ Հայկոյի ընկերները եւ շատ յայտնի երաժիշտներ կ՛ունենան իրենց մասնակցութիւնը այս ծրագրին:

«Մեր ծրագիրներուն մէջ ներառած ենք նաեւ ստեղծել «Հայկօ Միւզիք Ֆեսթ» HAYKO MUSIC FEST ամէնամեայ փառատօնը, որ կը նախատեսուի կայացնել ամէն տարուան օգոստոս 25-30:

«Մենք կ՛ուզենք ստեղծել երաժշտական գրականութիւն` նոթագրելով Հայկոյի ստեղծագործութիւնները: Այս ծրագրին նպատակն է ժամանակակից երգահանական միտքը դարձնել հասանելի երաժիշտներու համար, դասագրքային մօտեցումով փորձել զայն կիրարկել երաժշտական ուսումնական հաստատութիւններու ճազային բաժանմունքներու մէջ:

«Հիմնադրամը պիտի ունենայ նաեւ կրթական ծրագիրներ եւ կրթաթոշակներ: Հայկոյի յիսնամեակին ընդառաջ պիտի ստեղծուին գեղարուեստական եւ վաւերագրական ժապաւէններ` Հայկօ երաժիշտին եւ անոր ստեղծագործական կեանքին մասին:

Հայկոյի երգերուն հիման վրայ պիտի ստեղծուի երաժշտական ներկայացում, որ պիտի ունենայ իր խաղցանկային ժամանակացոյցը:

Մենք կը հաւատանք, որ կրնանք միասին մեղմել կորուստը, արժանապատիւ պահպանել եւ ցուցադրել Հայկոյի ժառանգութիւնը, ինչպէս նաեւ` աջակցիլ տաղանդաւոր երիտասարդ երաժիշտներու եւ ստեղծել մշակութային նոր արժէքներ ու վառ պահել Հայկօ Յակոբեանին յիշատակը», այս մասին յայտնեցին «Հայկօ Յակոբեան» մշակութային հիմնադրամէն:

Հաղորդենք, որ հիմնադրամին նախագահն է Վահէ Յակոբեանը:

Ասկերանի Կարմիր Գիւղին Մէջ 64 Առանձնատուներէ Բաղկացած Նոր Թաղամաս Կը Կառուցուի

Ասկերանի շրջանի Կարմիր գիւղին մէջ 64 առանձնատուներէ բաղկացած նոր թաղամաս մը կը կառուցուի, իսկ ներկայիս կը կատարուին առանձնատուներու հիմքերու կառուցման աշխատանքները: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը:

Հաղորդենք, որ այս ծրագիրը միտուած է պատերազմին պատճառով տեղահանուած քաղաքացիները բնակարանով ապահովելու խիստ կարեւոր հարցի լուծման:

Բնակելի տուներու կառուցման աւարտէն ետք, ըստ նախագիծին, թաղամասին մէջ պիտի հաստատուին ենթակառուցուածքները եւ պիտի կատարուին ընդհանուր տարածքի բարեկարգման աշխատանքները:

Նշենք, որ թաղամասին կառուցումը կ՛իրականացուի Արցախի կառավարութեան նիւթական աջակցութեամբ:

«Թուֆենկեան» Հիմնադրամի # Armeniaforthe Kids Նուիրահաւաքը Հանգանակեց Աւելի Քան 21 Հազար Ամերիկեան Տոլար

«Թուֆենկեան» հիմնադրամի #ArmeniaForTheKids նուիրահաւաքը հասաւ իր աւարտին` գերազանցելով 18 հազար ամերիկեան տոլարի թիրախը: Հանգանակուած գումարը պիտի նպաստէ «Ընտանիք եւ համայնք» հասարակական կազմակերպութեան երեխաներուն:

«Շնորհիւ մեր աջակիցներու առատաձեռն նուիրատուութեան` հաւաքած ենք 21 հազար 44 ամերիկեան տոլար` «Ընտանիք եւ համայնք»-ի հինգ կեդրոններու երեխաներու համար», բացատրեց «Թուֆենկեան» հիմնադրամի հանրային կապերու տնօրէն Ռուբէն Ճանպազեանը: Աւելի քան 125 անհատներ իրենց ներդրումը ունեցան արշաւին:

Վերջին 20 տարիներու ընթացքին «Ընտանիք եւ համայնք» կազմակերպութիւնը կ՛աշխատի զարգացնելու ընկերային ծանր կացութեան մէջ եղող երեխաներու եւ անոնց ընտանիքներու ներուժը: Անոնք կ՛աշխատին 450 երեխայի եւ անոնց ընտանիքներուն հետ Արմաւիրի, Տաւուշի եւ Շիրակի մարզերուն մէջ գտնուող հինգ կեդրոններու մէջ: Այս երեխաներէն եւ ընտանիքներէն կան նաեւ 2020 թուականի արցախեան պատերազմէն տեղահանուածներ եւ տուժածներ:

«Նուիրահաւաքին շնորհիւ` կարելիութիւն կ՛ընձեռենք երեխաներուն այցելելու տեսարժան վայրեր, ցուցահանդէսներ, թանգարաններ եւ մասնակցելու մշակութային ձեռնարկներու ու նախաձեռնութիւններու: Այլապէս այս երեխաները կարելիութիւն պիտի չունենային վայելելու այդ ամէնը», աւելցուց Ճանպազեան:

«Ընտանիք եւ համայնք» կազմակերպութիւնը, որուն հիմնադիր կազմակերպութիւններէն է «Թուֆենկեան» հիմնադրամը, կ՛աշխատի հայ հասարակութեան ամէնէն խոցելի խաւերուն հետ` իրականացնելով ընկերային եւ հոգեբանական աջակցութեան ծրագիրներ, ընտանիքներու հզօրացման, երիտասարդներու եւ երեխաներու կարողութիւններու եւ հնարամտութիւններու զարգացման համար: Կազմակերպութեան յաջողութիւնը հիմնուած է ազգային արժէքներու եւ միջազգային լաւագոյն փորձի վրայ:

 Գումարին մէկ մասը հաւաքուած է «Թուֆենկեան» հիմնադրամի աջակից` հայրենադարձ Լոռի Նաճարեանի միջոցով, վերջինս վեց տարի առաջ Թորոնթոյէն տեղափոխուած էր Հայաստան: Լոռի իր ծննդեան տարեդարձին առիթով կազմակերպած արշաւին շնորհիւ` հաւաքած է աւելի քան 2 հազար 5 հարիւր ամերիկեան տոլար: «Ուրախ եմ եւ հպարտ, որ կարելիութիւն ունեցայ աջակցելու «Ընտանիք եւ համայնք» Հկ-ին: Այցելելով Մեծամօրի կեդրոն` կարելի չէր չոգեւորուիլ անձնակազմի աշխատանքով եւ երեխաներուն ժպիտներով», հաստատեց Լ. Նաճարեան:

«Մարդասիրական եւ ազգային արժէքները խթանելով եւ սերմանելով` կազմակերպութիւնը աշխուժօրէն կը ներգրաւուի համայնքներու կառուցման, խթանման եւ բարեխիղճ քաղաքացիութեան զարգացման գործին մէջ, բան մը, որ մեզի համար անհրաժեշտ է Հայաստանի եւ ի հարկէ ամբողջ աշխարհի մէջ», շեշտեց Լոռի Նաճարեան:

«Ընտանիք եւ համայնք»-ի երեխաները կը մասնակցին տիկնիկային թատրոնի, նկարչութեան, երգի, պարի, խեցեգործութեան, գորգագործութեան խմբակներուն: Անոնք նաեւ կ՛այցելեն թանգարաններ եւ մշակութային վայրեր, կ՛երթան համերգներու, կը մասնակցին հանգիստի եւ ամառնային ճամբարներու: Ճիշդ դաստիարակութեամբ այս երեխաները կը բարգաւաճին Հայաստանի տնտեսական ու ընկերային զարգացման գործին մէջ եւ կը դառնան ինքնաբաւ ու օգտակար քաղաքացիներ:

Լերան Լանջին Ծուարած Ու Մոռցուած Եմիշճանը

Անտառի գիրկին մէջ, լերան լանջին ծուարած եւ, ըստ տեղւոյն բնակիչներուն, մարդոց կողմէ մոռցուած Արցախի Եմիշճան գիւղը յայտնի է իր գեղատեսիլ բնութեամբ եւ հիւրընկալ բնակիչներով:

Ձմրան օրերուն, երբ այդքան շատ չեն գիւղատնտեսական աշխատանքները, տղամարդիկ կը հաւաքուին եւ ճատրակ կամ նարտի կը խաղան:

Գիւղացիներուն հիմնական զբաղումը գիւղատնտեսութիւնը եւ անասնապահութիւնն է: Շատ քիչեր կը զբաղին նաեւ այգեգործութեամբ, որուն պատճառը ջուրի ոռոգման բացակայութիւնն է: Տղամարդիկ կ՛աշխատին իբրեւ պայմանագրային զինուորներ:

Գիւղացիները հողամշակութեամբ կը զբաղին Մարտունիի ուղղութեամբ Խաներ կոչուող տեղամասին մէջ: Խաներ շրջանին մէջ եթէ ոռոգում ապահովուի, կարելի է զարգացնել այգեգործութիւնը` այգիներ եւ ջերմոցներ կառուցելով: Ըստ համայնքի ղեկավար Արմիկ Առաքելեանի, գիւղին մէջ նաեւ խմելու ջուրի լուրջ հարց կայ:

«Գիւղի տարածքին մշակման համար հողատարածքներ չունին, եւ ինչպէս բնակիչները կը բնորոշեն, գիւղը հիւրանոց է, միայն քնանալու համար, իսկ տեղւոյն բնակիչները կ՛աշխատին գիւղէն որոշակի հեռաւորութեան վրայ գտնուող իրենց հողամասերուն, անասնապահական ագարակներուն եւ այգիներուն մէջ: Այդ նոյն վայրին մէջ կը պահեն մօտաւորապէս 90 մեծ եւ 700 մանր եղջերաւոր անասուն, կը մշակեն 4 հեկտար խաղողի պարտէզ, 2 հեկտար նուռի պարտէզ, որոնք անջրդի են, այդ պատճառով ալ քիչ բերք կու տան: Գիւղացիները 7 օրը մէկ անգամ ջուր կը ստանան, ամրան 7 օրը մէկ` 10-15 վայրկեանով: Այդ ընթացքին գիւղացիներուն ջուրով կ՛ապահովէինք ջրատար մեքենաներով: Բերքատուութիւնը ցած է յատկապէս վերջին հինգ տարիներուն նկատուող երաշտի եւ ջուրի բացակայութեան պատճառներով: Հիմնական սնուցումները դժուար կ՛իրականացուին, որովհետեւ պետական աջակցութիւնն ալ շատ քիչ է: Ճիշդ է` յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ հասկնալի է ստեղծուած իրողութիւնը, բայց ամէն պարագայի ո՛վ ինչպէս կրնայ, կը մշակէ իր հողը: Մինչեւ պատերազմը մարդիկ աւելի շատ կը զբաղէին հողագործութեամբ: Եթէ մինչեւ պատերազմ կը մշակուէր 220 հեկտար, ապա այս տարի մշակուեր է 150 հեկտար:

Անցեալ տարի շուրջ 14 հեկտարի վրայ բերքահաւաք չէ կատարուած, իսկ միջին բերքատուութիւնը 5-6 էր, որ շատ քիչ է: Նախանցեալ տարիներուն բերքատուութիւնը շատ աւելի էր», կը յայտնէ Արմիկ Առաքելեան:

Գիւղին համար նշանակալի հարցերէն մէկն է նաեւ ճանապարհի հարցը: «Գիւղացիներուն հիմնական ճանապարհը, որ կ՛օգտագործեն աշխատանքի երթալու համար, ներկայիս կը գտնուի վատթար վիճակի մէջ եւ պէտք է վերանորոգուի: Մարտունի-Ստեփանակերտ մայրուղիէն մինչեւ Բերդաշէն հատուածը, որ կուպրապատուած է, ի սկզբանէ կը նախատեսէր ընդգրկել նաեւ Եմիշճան համայնքը, սակայն, չես գիտեր` ինչո՞ւ, որոշուեցաւ Եմիշճանը շրջանցող նոր ճանապարհ կառուցել», կը յայտնէ համայնքի ղեկավարը:

Եմիշճանի դպրոցը վերանորոգուած եւ ապահովուած է ջեռուցման համակարգով. անիկա ունի 18 աշակերտ: Թափուր է միայն ուսողութեան ուսուցիչի պաշտօնը, որ սակայն մօտ ապագային պիտի լրացուի գիւղին մէջ հաստատուած քաշաթաղցի մասնագէտի մը կողմէ:

Գիւղին մէջ կան նախադպրոցական 10-ը մանուկներ: Պատերազմէն ետք գիւղէն հեռացողներ չեն եղած: Պատերազմի ընթացքին բոլոր տղամարդերը գիւղը կը գտնուէին, եւ իւրաքանչիւրը կը կատարէր իր պարտականութիւնները` վառելանիւթ հայթայթելէն մինչեւ մարտական հերթապահութիւն:

Գիւղը պատերազմին նաեւ մարդկային կորուստներ ունեցաւ` 3 զոհ եւ 3 վիրաւոր: Զոհերը 30-34 տարեկան երիտասարդ տղաք էին:

Առաջարկուած էր վերաբնակիչներու համար վերանորոգել 4 տուն, սակայն միայն 2 տուն վերանորոգուած է, որոնցմէ մէկուն մէջ կը բնակի Տողէն տեղահանուած ընտանիք մը, միւսին մէջ` վիրաւորուած եւ նորապսակ երիտասարդներէն մէկը:

Հադրութի շրջանի Տող համայնքէն Եմիշճան հաստատուած Ասատուր Բալայեան 6 անչափահաս զաւակներ ունի: Տան բակին մէջ ան կը զբաղի թռչնաբուծութեամբ:

Եմիշճանի բնակչուհի Մարելա Շումանեան, որ Մարտունիէն հարս եկած է շրջանը, արդէն 47 տարիէ ի վեր կ՛ապրի Եմիշճանի մէջ:

Ըստ Առաքելեանի, բնակիչները տարակուսանքի մէջ են եւ չեն գիտեր` ի՛նչ ընել ստեղծուած անորոշ իրավիճակին վերաբերեալ:

«Եթէ խաղաղութիւն ըլլայ, ժողովուրդը իր ապագան միմիայն այս հողին հետ կապած է` հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ու հարցերուն, որովհետեւ այստեղէն լաւ տեղ չկայ: Պետութիւնը պէտք է բնակչութիւնը այստեղ պահելու ռազմավարութիւն մշակէ: Տպաւորութիւն կայ, որ պետութիւնն ալ չի գիտեր` ի՛նչ կը կատարէ: ԱմԷն պարագայի, պէտք է բնակչութիւնը այստեղ պահել: Եթէ բնակչութիւնը մնաց այստեղ, պայքարիլը աւելի դիւրին կ՛ըլլայ, որովհետեւ պայքարողը ի՛նքը` բնակչութիւնն է», կ՛եզրակացնէ Առաքելեան:

Հայաստանի Մէջ Հիմնուեցաւ Աշխարհի Ամենաբարձրադիր Օրկանական Խաղողի Այգին

Գինեգործութիւնը կը տեղափոխուի լեռներ,  ծովու մակերեւոյթէն 2080 մեթր բարձրութեան վրայ, Սմբատաբերդի եւ Ցախաց քարի մօտ կը գտնուի «Մառան» ընկերութեան օրկանական խաղողի այգին: «Մառան»-ը անկախ Հայաստանի առաջին գինի արտադրող մասնաւոր ընկերութիւնն է, իսկ այժմ առաջամարտիկներէն է օրկանական գինեգործութեան մէջ:

«Մառան» ընկերութեան հիմնադիր Աւագ Յարութիւնեան, երբ որդիներուն հետ կը հիմնէր օրկանական այգին, գիտէր, որ ծախսերը մեծ պիտի ըլլան, իսկ դժուարութիւնները` շատ. պէտք են վստահելի գործընկերներ, որոնք միասին պիտի յաղթահարեն ամբողջ ճանապարհը:

«Մառան»-ը մասնակցեցաւ «Ակբայ» դրամատան եւ Գերմանիոյ բնութեան պահպանութեան միութեան (NABU) միասին իրականացուող «Օրկանական գիւղատնտեսութեան զարգացման» ծրագրին եւ ստացաւ  օրկանական գինի արտադրողի վկայագիր:

«Երբ կը տնկէինք այս այգին կը գիտակցէինք, որ մեծ ծանրութեան տակ կը մտնենք: Այգին երկար պէտք է աճեցնես, որ յետոյ բերք ունենաս: Եթէ չըլլար այն աջակցութիւնը, որ մեզի տրուեցաւ «Ակբայ» դրամատան եւ Գերմանիոյ բնութեան պահպանութեան միութեան կողմէ, դժուար թէ կարենայինք դուրս գալ այս իրավիճակէն: Այգին տնկեր ենք` ձեռք չտալով որեւէ մէկ թուփի ու քարի: Առողջ, գեղեցիկ ու որակեալ բերքի աճեցման համար օգտագործած ենք միայն օրկանական նիւթեր», նշեց «Մառան» ընկերութեան հիմնադիր Աւագ Յարութիւնեանը:

«Մառան»-ը այժմ կ՛արտահանուի տասէ աւելի երկիրներ` Աւստրալիա, Թայուան, Չինաստան, Չեխիա, Լեհաստան, Հոլանտա, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ եւ այլ երկիրներ, իսկ դրամատունը վերահսկողութեան կ՛ենթարկուի Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան կողմէ:

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Թիֆլիսի Գրաւումը Եւ Աւերումը Պարսկական Բանակին Կողմէ

Յաջորդը

Յարգանքի Երեկոյ` Նուիրուած Տոքթ. Յարութիւն Նիկոլեանին

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 9, 2025
Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար
Հայրենի Կեանք

Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար

Յուլիս 2, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունիս 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?