Իտալական Փարմա ֆութպոլի ակումբին մաս կազմող Ճիանլուիճի Պուֆոն իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ 2022-ի Մոնտիալին մասնակցելու իր յոյսերը շատ չնչին են:
«Այդքան ալ յոյս չունիմ մաս կազմելու Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք այն փաստը, որ արդէն իսկ չորս տարիէ ի վեր հեռու եմ ազգային խումբէն:
«Ռոպերթօ Մանչինի ճիշդ որոշում տուած է իր կազմը ընտրելու մէջ:
«Կը յարգեմ անոր կատարած աշխատանքը` իբրեւ մարզիչ», յայտնեց 44 տարեկան անուանի եւ փորձառու բերդապահը:
Ան Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ ելոյթ ունեցած է 1997-էն 2018` անոր շապիկը կրելով 176 անգամ:
Նշենք, որ 2022-ի Մոնտիալի փլէյ օֆի կիսաւարտականի մրցումներուն Իտալիա պիտի մրցի Հիւսիսային Իրլանտայի դէմ:
Եթէ Իտալիա շրջանցէ այս արգելքը, աւարտականին պիտի մրցի Փորթուգալ-Թուրքիա մրցումին յաղթականին դէմ:


