Պրազիլցի միջազգային յառաջապահ Նէյմար այս տարեշրջանի աւարտէն ետք կրնայ հեռանալ Փարիզ Սեն Ժերմենէն, այս մասին յայտնեց միջազգային մարզական մամուլը:
Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ օր ֆրանսական կազմը դուրս մնաց «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքէն` պարտուելէ ետք Ռէալ Մատրիտէն:
Այս պարտութենէն ետք, խումբին ղեկավարութիւնը բաւական դժգոհ մնաց մարզիկներէն, որոնք իրենցմէ սպասուած արդիւնքը չտուին:
Նշուեցաւ, որ Ռէալ Մատրիտի դէմ տեղի ունեցած դարձի մրցումէն ետք, հանդերձարանին մէջ վիճաբանութիւն մը տեղի ունեցած է Նէյմարի եւ բերդապահ Ճիանլուիճի Տոնարումայի միջեւ:


