Մանչեսթըր Եունայթըտին մաս կազմող ֆրանսացի միջնապահ Փոլ Փոկպա շատ հաւանաբար վերադառնայ Եուվենթուս:
Անոր պայմանագրութիւնը մանչեսթըրեան ակումբին հետ նախատեսուած է մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը (յունիս):
Նշուեցաւ, որ իտալական ակումբը, անոր առաջարկած է տարեկան 9 միլիոն եւրօ աշխատավարձով պայմանագրութիւն մը, ինչպէս նաեւ 3 միլիոն եւրօ պոնիւս:
Ըստ իտալական մարզական մամուլին, կողմերը իրարու հետ բաւական աշխուժ բանակցութիւններ կը վարեն:
Ան 2012-2016 ժամանակամիջոցին մաս կազմած է Եուվենթուսի:
Ներկայիս անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 55 միլիոն եւրոյով:


