Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ կազմակերպութիւնը հրաժեշտի մրցում մը պիտի կազմակերպէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին ֆութպոլիստ Հենրիխ Մխիթարեանի համար:
Նշուեցաւ, որ հրաժեշտի այս մրցումին մանրամասնութիւններուն գծով յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի հրապարակուին մօտիկ ապագային:
2007-ին առաջին անգամ Հայաստանի հաւաքականին շապիկը կրած Մխիթարեան բոլոր ժամանակներուն Հայաստանի լաւագոյն ռմբաձիգն է:
Նշենք, որ ան 2017-ին Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ տիրացաւ «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսին:


