Փոկոնի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Վահան Բիչախչեան ճանչցուեցաւ Լեհաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան փետրուար ամսուան լաւագոյն խաղացողը, յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ան նախորդ ամիս իր մասնակցութիւնը բերաւ 4 մրցումի եւ նշանակեց 3 կոլ:
Նշենք, որ Բիչախչեան երէկ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Խոաքին Քափարոսի կողմէ հրաւիրուեցաւ հաւաքական:


