ՄԱՀԱԶԴ
ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր ընկերներէն
ՅԱԿՈԲ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 6 մարտ 2022-ին:
—————————————
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Շահապեան ընտանիքի անդամները շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ե-նամակով, առցանց միջոցներով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց մօր եւ հարազատին` ՌՈԶԱ ՇԱՀԱՊԵԱՆի մահուան սուգին:
—————————————
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Ռոզա Շահապեանի մահուան քառասունքին առիթով` Շահապեան ընտանիք կը կատարէ հետեւեալ նուիրատուութիւնները.
– ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան 1.000.000 լ. ո.
– ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին 1.000.000 լ. ո.
– ՔԱՀԼ-ի ծերանոցին 1.000.000 լ. ո.
– Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ աղքատախնամին 1.000.000 լ. ո.
– Ուրֆայի հայրենակցական միութեան 1.000.000 լ. ո.

