Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մինսքի Խմբակը Միակ Գործող Ձեւաչափն Է, Որ Ի Վիճակի Է Յառաջ Մղել Լեռնային Ղարաբաղի Հարցին Խաղաղ Լուծման Ուղղուած Բանակցային Հոլովոյթը» Կ՛ըսէ Ռուպին

February 23, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էրիք Ռուպին

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Ասիոյ հարցերով օգնականի տեղակալ Էրիք Ռուպին ազրպէյճանական «ԱզերԹաճ» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան մէջ որեւէ փոփոխութիւն չէ արձանագրուած:

Ռուպին ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումին հիմքը կը կազմեն Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրի սկզբունքները, որոնց շարքին` տարածքային ամբողջականութեան, ինքնորոշման եւ ուժ չկիրարկելու սկզբունքները:

«Իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիր մենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններուն մէջ իրական յառաջընթացի հասնելու համար մթնոլորտի բարելաւման կ՛աջակցինք: Իսկ ատիկա կը վկայէ այն մասին, որ մենք չենք կրնար կողմերէն մէկուն պաշտպանել: Մենք կ՛աշխատինք, որպէսզի մեր կողմէ օգտագործուող արտայայտութիւնները կողմերուն միջեւ հակասութիւն չյառաջացնեն, այլ զանոնք իրարու մօտեցնեն», ըսած է ան:

Ռուպին ընդգծած է, որ Մինսքի խմբակը միակ գործող ձեւաչափն է, որ ի վիճակի է յառաջ մղել Լեռնային Ղարաբաղի հարցի խաղաղ լուծման ուղղուած բանակցային հոլովոյթը: «Մենք կը հաւատանք, որ Մինսքի խմբակը միակ գործօն ձեւաչափն է, որ ի վիճակի է յառաջ մղելու համաձայնութեան ձեռք բերման ուղղուած հոլովոյթը», ըսած է Ռուպին եւ աւելցուցած. «Նման ողբերգական իրադրութեան մէջ սթաթիւս քոն անընդունելի է: Ես այդ մասին յայտարարած եմ նաեւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումին ընթացքին: Մեզի համար սթաթիւս քոն բացարձակապէս անընդունելի է: Մենք, սակայն, կը հաւատանք, որ այն շրջանակը, որուն մէջ մինչեւ օրս գործած ենք, համաձայնութիւն ձեռք բերելու համար լաւագոյնն է»:

«Անգամ մը եւս անիւ յայտնագործելու անհրաժեշտութիւն չկայ, որովհետեւ այսպիսի պայմաններուն մէջ մենք կրնանք կորսնցնել նաեւ այն, ինչ որ մինչեւ հիմա ձեռք բերած ենք», ընդգծած է ամերիկացի պաշտօնատարը:

Նախորդը

Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ Պիտի Քննարկուի Սումկայիթի Ջարդերուն Հարցը

Յաջորդը

«ՀՅ Դաշնակցութեան Ցուցակին Մէջ Եւս Հանրութեան Համար Յայտնի Մարդիկ Պիտի Ըլլան» Կ՛ըսէ Վահան Յովհաննիսեան

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.