ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1986 վարակուածներ եւ մահացած 13 ուրիշներ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 20.700 լ. ոսկիի:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի այսօր` չորեքշբաթի, 2 մարտ 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 7000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 8000 լ. ոսկիով, տիզըլ օյլը` 3000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի սակը նուազած է 3000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 369.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 379.000 լ. ոսկի, տիզըլ օյլը` 334.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազի սակը` 273.000 լ. ոսկի:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի ընդունեց Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Փոլ Ահըրն, Էրիք Մէյըր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ ամերիկացի դեսպան Տորըթի Շիա: Քննարկուեցան ոճիրներուն դէմ դնելու, ահաբեկչութիւնը ֆինանսաւորելու եւ թմրանիւթի մաքսանենգումին դէմ պայքարելու թղթածրարները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ մայիսին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախապատրաստութիւնները:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ալի Համիէ յայտնեց, որ արդարութեան նախարար Հանրի Հըլուէն իմացած է, թէ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ գտնուող ցորենի շտեմարանը պահելու կարիք չկայ:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ առողջապահութիւնը կարմիր գիծ է, իսկ ապահովագրութիւնը վտանգի ենթակայ է: Ան հաստատեց, որ կառավարութիւնը պէտք է շտապի ծրագիր մը մշակէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Մուսթաքպալ հոսանքի այն անդամը, որ կը փափաքի ընտրական որեւէ աշխատանքի մասնակցիլ, պէտք է գրաւոր հրաժարական ներկայացնէ:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց տիրող կացութիւնն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ ինչ ալ ըլլայ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պատերազմէն պարտուած դուրս պիտի չգայ: