Լիբանանի մէջ Միջազգային դրամական ֆոնտի յանձնակատար Էռնեսթօ Ռամիրեզ եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեցին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեցին Լիբանանի եւ ֆոնտին միջեւ երկխօսութեան մանրամասնութիւնները, խորհրդարանին կատարած օրէնսդրութիւնները, ինչպէս նաեւ աւելի ուշ անոր կողմէ որդեգրուելիք «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի օրէնքը:
Հանդիպումին ընթացքին հաստատուեցաւ, որ պէտք է որդեգրել այնպիսի օրէնք մը, որուն հիման վրայ դրամատուներուն մէջ պահ դրուած գումարները պահպանելը առաջնահերթութիւն կը նկատուի:
Նշենք, որ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան համաձայն, Միջազգային դրամական ֆոնտը Լիբանանէն պահանջած է կարգ մը նախապայմաններ լրացնել` նախքան երկրին փրկութեան ծրագիրին շուրջ բանակցութիւններու սկսիլը:
Նոյն գործակալութեան համաձայն, այդ նախապայմաններէն են ելեւմտական եւ դրամատնային բարեկարգումներ կատարել:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան մէկ պատուիրակութիւնը այցելեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Պատուիրակութեան մաս կազմեցին Փոլ Ահըրն, Էրիք Մէյըր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ գործակցութեան կարելիութիւնները: Հանդիպումէն ետք ամերիկեան պատուիրակութիւնը վարչապետարանէն մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:


