Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գետ-Գիտութեան

Մարտ 1, 2022
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

– Առաջին Մտերմիկ Հանդիպումներն Ու Շիզոֆրենիան
– Ասեղնաբուժութիւն (Acupuncture)

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ 

Տեսանկիւն

 Առաջին Մտերմիկ Հանդիպումներն
Ու Շիզոֆրենիան

Միայն մէկ անգամ չէ, որ մէկու մը հետ առաջին ժամադրութեան (date) ատեն խօսիմ շիզոֆրենիա ունենալուս մասին: Այդ պարագային միտումնաւոր չեմ անդրադառնար,  բայց չեմ ալ խուսափիր անկէ: Ես զգացի, որ շիզոֆրենիան իմ կարեւոր մէկ մասն է, որուն մասին կ՛արժէ խօսիլ:

Ինծի համար այս մասին երկխօսութիւնը սովորաբար այսպէս կ՛ընթանար.

– Ի՞նչ կ՛ընես դուն քեզ ուրախ պահելու համար:
– Ես գրող եմ. կը սիրեմ գրել այն բաներուն մասին, որոնք զիս խորապէս կը յուզեն կամ կը հետաքրքրեն:
– Ինչպիսի՞ գրութիւններ կը գրես:
– Յուշագրութիւններ:
– Ո՜հ, ձեր կեանքը պէտք է հետաքրքրական ըլլայ: Ինչի՞ մասին են այդ յուշագրութիւնները:
– Շիզոֆրենիա:

Երբ ես կրկին սկսայ հանդիպիլ մարդոց հետ 40 տարեկանը բոլորելէ եւ իրավիճակիս լիովին գիտակից դառնալէ ետք, առաջին հանդիպման ես զգացի, որ եթէ շիզոֆրենիան խնդիր պիտի դառնայ հաւանական զուգընկերոջ մը համար, կ՛ուզէի կարելի եղածին չափ շուտ պարզել այդ մէկը: Ինչո՞ւ վատնել երկուքիս ժամանակը:

Ընկերներս համաձայն չէին իմ թափանցիկութեանս եւ անկաշկանդ պահուածքիդ: Անոնք կը կարծեն, թէ ես պէտք է յաճախ աւելի փակ պահեմ բերանս: «Մինտի՛, այդ մէկը նման է մեր ամսականներուն: Մենք կը յայտնե՞նք մեր ամսականները առաջին հանդիպման ժամանակ: Խօսակիցդ պարզապէս այդ ժամանակ այնքան յոյս չէ կապած քեզի կամ այնքան կարեւոր չէ իրեն համար այդ պահուն առողջապահական վիճակիդ մասին տեղեկութիւններ ստանալը»:

Մօտաւորապէս 10 տղամարդոցմէ,- որոնց հետ պատահաբար խօսեցայ պարագայիս մասին,- շատերը հարց չստեղծեցին: Առաջին անձը ինծի հետ կիսեց հոգեկան հիւանդութեան կապուած ի՛ր պայքարը եւ ուղղեց շիզոֆրենիայի վերաբերող իմ կասկածոտ խօսելաձեւս: Ան ինծի ըսաւ, որ 5 հոգիէն մէկը հոգեկան առողջապահական խնդիր ունի: Անոնցմէ ետք քանի մը այլ տղամարդիկ պարզապէս ընդունեցին եւ անցան այլ թեմաներու:

– Այդ մէկը խնդի՞ր է ձեզի համար:
– Ո՛չ, բնաւ: Ինքզինքս հանգիստ կը զգամ:

Այլ տղամարդ մը ըսաւ, որ, թէեւ ինք որոշ հիւանդութեամբ մը չէ ախտորոշուած, սակայն ան կը կասկածի, թէ բան մը ունենալու է իր ընտանիքին բժշկական-առողջապահական պատմութեան պատճառով: «Ես, հաւանաբար, բան մը ունիմ, բայց տակաւին տեղեակ չեմ այդ մասին»:

Միայն տղամարդ մը հրաժարեցաւ երկրորդ ժամադրութիւն մը տալէ` շիզոֆրենիայիս պատճառով: Այդ մասին տեղեկացայ մեր միջնորդին ճամբով:

Ճակատագրի հեգնանքով, ան կ՛աշխատէր հոգեբուժական հաստատութեան մը մէջ:

Ես կրնայի հասկնալ այն պարագան, որ թերեւս անոր համար չափազանց ծանր կը թուէր հանդիպիլ մէկու մը հետ, որ կրնար նմանիլ այն մարդոց, որոնց ան ամէն օր կը հանդիպէր ու կ՛օգնէր: Հաւանաբար անձամբ տեսած է, թէ որքան դժուար է այդ մէկը իր ամբողջ շրջապատի մարդոց համար: Ան ինծի հետ կապ ունենալու ամէնէն վատ դրուագը պատկերացնելու կարողութիւնը ունէր, բայց ես չեմ գիտեր անոր մտահոգութեան իսկական պատճառը:

Որովհետեւ շիզոֆրենիայով ապրելու պատմութիւնս արդէն հանրութեան սեփականութիւնն է, անիկա հրապարակուած է գիրքով եւ տեղադրուած իմ կայքէջիս վրայ, քանի մը տղամարդ իմացած են այդ մասին անձամբ` համացանցի վրայ իրենց որոնումով: Անոնցմէ մէկը քաղաքավար ձեւով նշեց այդ մասին. «Ես գտայ քու պլոկի գրառումներդ: Չկարդացի զանոնք»: Անոր վերաբերմունքին ընդմէջէն ես կրնայի զգալ, որ ան զգուշօրէն կը մօտենայ այդ հարցին: «Եթէ կ՛ուզէք, կրնաք կարդալ: Ես դէմ չեմ», պատասխանեցի:

Եւ այսպէս, շատ մը մտերմիկ ժամադրութիւններէ ետք իմ սորվածս հետեւեալն է. բնաւ չկայ «լաւ» կամ «վատ» առիթ շիզոֆրենիայի մասին խօսելու: Եւ դիւրին չէ խօսիլ անոր իմաստին, նշանակութեան եւ արժէքին մասին մէկու մը հետ, որ տակաւին նոր կը ծանօթանայ ինծի:

Կեանքիս այս հատուածին մասին ամբողջական պատմութիւնը պատմելը ժամանակ կը պահանջէ: Այդ մէկը կրնայ սթրես պատճառել թէ՛ ինծի, եւ թէ խօսակիցիս: Առաջին ժամադրութիւններէն ետք, շատեր չեն ուզեր շարունակել: Այսպիսով, ես կը շահիմ այդ մէկը պատմելու ժամանակը եւ ջանք կը թափեմ միայն այն ատեն, երբ ունենամ իւրայատուկ յարաբերութիւն: Այնուամենայնիւ, ես դեռ պատրաստ եմ քննարկելու այդ նիւթը, եթէ խօսակիցս կը փափաքի աւելի կանուխ տեղեկանալ այդ մասին:

Հիմա, իմ առաջին հանդիպումներուս ես կը խօսիմ ուտելիքի սիրահար մը ըլլալուս եւ մեծ տարիքին յղի դառնալու փափաքիս մասին: Այս երկուքը կարեւոր են ինծի համար:

ՄԻՆՏԻ ՑԱՅ

Աղբիւր` WebMD

Ասեղնաբուժութիւն
(Acupuncture)

Ի՞նչ է ասեղնաբուժութիւնը:

Acupuncture բառը կազմուած է լատիներէն Acus (որ «ասեղ» կը նշանակէ) եւ puncture (ծակում) բառերէն: Ուրեմն, բառացիօրէն ան կը թարգմանուի «ասեղնածակում» բառով:

Ասեղնաբուժութիւնը մորթ ներթափանցելու կիրարկում մըն է բարակ, ամուր եւ մետաղեայ ասեղներու միջոցով, որոնք այնուհետեւ կը սկսին իրենց ազդեցութիւնը տալ` կիրարկողի ձեռքերու նուրբ եւ յատուկ շարժումներու կամ ելեկտրական խթանման միջոցաւ:

Ասեղնաբուժութիւնը չինական աւանդական բժշկութեան հնագոյն կիրարկումներէն մէկն է: Չինական աւանդական բժշկութեան մասնագէտները կը կարծեն, եթէ մարդու մարմինը ունի աւելի քան 2000 ասեղնաբուժութեան կէտեր, որոնք կապուած են ուղիներով: Այս ուղիները մարմնին մէջ կը ստեղծեն (Qi, կը հնչուի «չի») ներուժի հոսք մը, որ պատասխանատու է մարմնի ընդհանուր առողջութեան: Ներուժի այս հոսքի խախտումը կրնայ յառաջացնել հիւանդութիւն: Որոշ կէտերու վրայ ասեղնաբուժութիւն կիրարկելով, կ՛ենթադրուի, որ Qi-ի հոսքը կը բարելաւուի, եւ այդպէս իսկ առողջութիւնը կը վերականգնի:

Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ ասեղնաբուժութիւնը արդիւնաւէտ է տարբեր պարագաներու համար:

Ասեղնաբուժութիւնը բոլորին համար չէ: Եթէ դուք որոշած էք երթալ ասեղնաբուժութեան մասնագէտի, նախ քննարկեցէք այդ մէկը ձեր բժիշկին հետ եւ գտէք մէկը, որ վկայեալ է այդ ոլորտին մէջ:

Ի՞նչ կը զգանք ասեղնաբուժութեան ժամանակ:

Ասեղնաբուժութիւնը կը կատարուի մազանման բարակ ասեղներու միջոցով: Այս ձեւին դիմողներու մեծամասնութիւնը նշած է, որ ասեղը տեղադրած ժամանակ շատ թեթեւ ցաւ մը զգացած է: Ասեղը կը տեղադրուի կէտի մը վրայ, որ կը յառաջացնէ ճնշումի կամ ցաւի զգացում: Բուժման ընթացքին ասեղները բուժողը կրնայ տաքցնել կամ անոնց վրայ ելեկտրական մեղմ հոսանք մը կիրարկել: Որոշ մարդիկ կ՛ըսեն, որ ասեղնաբուժութիւնը զիրենք կը լեցնէ ներուժով մը. ուրիշներ կը նշեն, որ իրենք զիրենք հանգիստ կը զգան:

Ասեղի սխալ տեղադրումը կրնայ ցաւ պատճառել բուժման ընթացքին: Հնարաւոր վարակը կանխելու համար ասեղները պէտք է հականեխուած ըլլան: Այդ իսկ պատճառով կարեւոր է բուժում ստանալ ասեղնաբուժութեամբ զբաղող վկայեալ մասնագէտէ:

Ասեղներու փոխարէն երբեմն ասեղնաբուժութեան կէտերուն վրայ կ՛օգտագործուին խթանման այլ ձեւեր, որոնցմէ են.

  • Տաքութիւնը (moxibustion)
  • Ճնշումը (acupressure)
  • Մարձումը
  • Ներծծումը (բաժանում)
  • Ելեկտրամագնիսական գրգռումները

Ասեղնաբուժութիւնը ինչպէ՞ս կ՛ազդէ մարմնին վրայ:

Կ՛ենթադրուի, որ ասեղնաբուժութեան կէտերը կը գրգռեն կեդրոնական ջղային համակարգը: Վերջինս իր կարգին քիմիական նիւթեր կ՛արտաձգէ մկաններուն, ողնալարին (spinal cord) եւ ուղեղին մէջ: Այս կենսաքիմիական փոփոխութիւնները կրնան խթանել մարմնի բնական բուժիչ կարողութիւնները եւ նպաստել ֆիզիքական ու զգացական բարեկեցութեան:

Առողջապահութեան ազգային հիմնարկի (NIH) ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ ասեղնաբուժութիւնը արդիւնաւէտ բուժում է առանձինն կամ աւանդական բժշկութեան հետ համատեղ` մեղմացնելու կամ բուժելու հետեւեալները.-

  • Վիրահատական զգայազրկութեան եւ քաղցկեղի քիմիական բուժումի հետեւանքով յառաջացած սիրտխառնուքը
  • Ակռաներու ցաւը` վիրահատութենէն ետք
  • Կախուածութիւնը
  • Գլխացաւերը
  • Դաշտանային ցաւերը
  • Թենիսի արմուկը
  • Myofascial ցաւը
  • Յօդաբորբոքումը
  • Ստորին մէջքի ցաւը
  • Ազման

Ան կրնայ նաեւ օգնել ուղեղային ցնցումէ ետք` վերականգման շրջանին:

Ի՞նչ կ՛ըսէ գիտութիւնը ասեղնաբուժութեան արդիւնաւէտութեան մասին:

Շարք մը հետազօտութիւններու արդիւնքները ցոյց կու տան, որ ասեղնաբուժութիւնը կրնայ օգնել թեթեւցնելու ցաւի այն տեսակները, որոնք յաճախ երկարատեւ են, ինչպիսիք են մէջքի ցաւը, վիզի ցաւը եւ յօդացաւը: Ան կրնայ նաեւ օգնել նուազեցնելու լարուածութեան գլխացաւերու (tension headaches) յաճախականութիւնը եւ կանխել անգարի (միկրեն) ցաւերը: Հետեւաբար, ասեղնաբուժութիւնը, ըստ երեւոյթին, ողջամիտ տարբերակ է երկարատեւ ցաւ ունեցող մարդոց համար: Այնուամենայնիւ, ասեղնաբուժութեան յանձնարարութիւններուն վերաբերեալ քլինիքական փորձարկումներու ուղեցոյցները փոփոխական են:

Ասեղնաբուժութեան ազդեցութիւնը` ուղեղին ու  մարմնին վրայ, եւ զանոնք չափելու լաւագոյն միջոցները նոր սկսած են հասկցուիլ: Ներկայի ապացոյցները ցոյց կու տան, որ բազմաթիւ գործօններ, ինչպիսիք են ակնկալիքները եւ համոզումները, որոնք կապ չունին ասեղնաբուժութեան ասեղին հետ, կրնան ցաւ մեղմացնելու կարեւոր դեր խաղալ` որպէս ասեղնաբուժութեան դրական ազդեցութիւն:

Ստորին մէջքի ցաւի համար

  • 2012-ին ասեղնաբուժութեան ուսումնասիրութիւններու մասնակիցներու տուեալներուն վերլուծութիւնը` մէջքի եւ վիզի ցաւերու մասին, պարզեց, որ ասեղնաբուժութեան կիրարկումը աւելի օգտակար է, քան ասեղնաբուժութիւն կամ ձեւացեալ ասեղնաբուժութիւնը(1) բնաւ չընելը:
  • Առողջապահութեան հետազօտութիւններու եւ որակի գործակալութեան (AHRQ) կողմէ 2010 թուականի վերանայումը ցոյց տուած է, որ ասեղնաբուժութիւնը բուժումէն անմիջապէս ետք կը թեթեւցնէ մէջքի ցաւը, բայց ոչ երկար ժամանակով:
  • 2008-ին ասեղնաբուժութեան վերաբերեալ տեղի ունեցած ստորին մէջքի ցաւի համար հետազօտութիւններու համակարգուած վերանայումը ապացուցած է, որ ասեղնաբուժութիւնը սովորական խնամքի հետ միասին շատ աւելի կ՛օգնէ, քան միայն սովորական խնամքի կիրարկումը: Վերանայումը նաեւ ուժեղ ապացոյցներ գտած է, որ որեւէ տարբերութիւն չկայ իրական եւ ձեւացեալ ասեղնաբուժութեան ազդեցութեան միջեւ` ստորին մէջքի ցաւ ունեցող մարդոց մօտ:

Գլխացաւի համար

  • 2012-ին ասեղնաբուժութեան ուսումնասիրութիւններու մասնակիցներու վերաբերեալ տուեալներու վերլուծութիւնը ուսումնասիրած է անգարի եւ լարուածութեան գլխացաւերը: Վերլուծութիւնը ցոյց տուած է, որ ասեղնաբուժութիւնը գլխացաւի յաճախականութիւնը եւ ուժգնութիւնը թեթեւցնելու համար աւելի արդիւնաւէտ էր` ասեղնաբուժութեան կամ ձեւացեալ ասեղնաբուժութեան չդիմելէն:
  • 2009 թուականին կատարուած ուսումնասիրութիւններու համակարգուած վերանայումը եզրակացուց, որ ասեղնաբուժութիւնը կ՛օգնէ լարուածութեան գլխացաւ ունեցող մարդոց ցաւը թեթեւցնելու:
  • 2009-ի վերանայումը ցոյց տուաւ, որ ասեղնաբուժութիւնը անգարի հիմնական խնամքներուն հետ միասին օգնած է նուազեցնելու անոր յաճախականութիւնը: Այնուամենայնիւ, այն ուսումնասիրութիւններու մէջ, ուր համեմատած էին իրական ասեղնաբուժութիւնը` ձեւացեալ ասեղնաբուժութեան հետ, հետազօտողները պարզած են, որ երկու բուժումներու միջեւ եղած տարբերութիւնները կրնան պայմանաւորուած ըլլալ պատահականութեամբ:

Աղբիւր` NCCIH, Hopkinmedicine.org

(1)  Ձեւացեալ ասեղնաբուժութիւն.- Ասեղնաբուժութեան փլասիպօ տեսակը. ստուգելու համար, եթէ մարմնի պատասխանը պայմանաւորուած է ասեղին պատճառով, թէ մէկ այլ բանով: Ասեղնաբուժութեան շատ փորձարկումներ հիմնուած են այնպիսի թեքնիքի վրայ, որ կը կոչուի ձեւացեալ ասեղնաբուժութիւն, ուր կ՛օգտագործուին բութ ծայրով ասեղներ, որոնք կը դպչին մորթին, բայց չեն ներթափանցեր (իրական ասեղնաբուժութեան պարագային ասեղները կը ներթափանցեն մորթէն ներս):

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Արտաշէս Յունանեան (Թ.) «Սիրէք Միմեանց…»

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

Մարտ 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

Օգոստոս 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Յուլիս 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?