Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի օգնական Հուսամ Զաքի յայտնեց, որ Արաբական լիկան կը զօրակցի քուէյթեան նախաձեռնութեան` Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ տագնապը լուծելու նպատակով:
«Շարք Աուսաթ» լրատու գործակալութեան իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ Զաքի մաղթեց, որ իրավիճակը բարելաւուի` աւելցնելով, որ Արաբական լիկան կը հասկնայ քուէյթեան նախաձեռնութեան դրդապատճառները եւ իբրեւ այդպիսին կապ հաստատած է թէ՛ Քուէյթի եւ թէ՛ Լիբանանի հետ, որպէսզի կարենայ Լիբանանի նկատմամբ արաբական զօրակցութիւնը երաշխաւորել: «Լիբանան արաբական միացեալ աշխատանքի կազմակերպութեան հիմնասիւներէն կը նկատուի», ըսաւ Զաքի:
Ան ընդգծեց, որ Արաբական լիկան կը հետեւի Լիբանանի զարգացումներուն` աւելցնելով, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու յառաջիկայ մայիսին:
Զաքի յայտնեց, որ Արաբական լիկան պատրաստ է դէտեր ուղարկելու Լիբանան եւ հսկելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն: Ան շեշտեց, որ Արաբական լիկան միշտ կը զօրակցի Լիբանանին եւ անոր կայունութեան պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներու շահերուն ապահովումին:


