ՎԱՀԱՆ Կ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Հռչակաւոր բանաստեղծ Շամսուտտին Մոհամետ Հաֆեզ (1) ծնած է Իրանի Շիրազ քաղաքը: Անոր ծննդեան ստոյգ թուականը յայտնի չէ: Այդ մասին ուսումնասիրողները տարբեր կարծիքներ յայտնած են: Հաւանական է, որ Հաֆեզ ծնած է 1324 թուականին եւ մահացած է 65 տարեկանին:
Մեզի յայտնի է նաեւ, որ Հաֆեզ ամուսնացած է եւ ունեցած` երկու որդիներ, որոնցմէ մէկը մահացած է 1362 թուականի դեկտեմբերի 24-ին:
Այս ճշգրիտ թուականի նշումը կարող է զարմանք յառաջացնել յարգարժան ընթերցողին մօտ, բայց ինչո՞ւ զարմանալ, եթէ Հաֆեզ ի՛նք յիշատակած է այդ մէկը, որդիին նուիրուած բանաստեղծութեան մը մէջ:
Հաֆեզը կեանքին մէջ միայն մէկ անգամ դուրս եկած է Շիրազէն եւ գացած է Եազտ (2) քաղաք, բայց շատ կարճ ժամանակ ետք վերադարձած է Շիրազ:
Ուրիշ անգամ մըն ալ հրաւիրուած է Հնդկաստանի թագաւորին կողմէ, բայց հրաժարած է, որովհետեւ ճանապարհորդութիւնը ծովով պիտի ըլլար: Այս առիթներով Հաֆեզը գրած է ղազալներ (3), որոնք հետագային հիմք հանդիսացան անոր կենսագրութեան վերաբերող աւանդապատումներու:
Ըստ այդ աւանդապատումներէն մէկուն, Հաֆեզի հայրը` Պահաաուտտինը, իսկ, այլոց ըսածին համաձայն, Շամսուտտին, սպահանցի էր, երիտասարդ ժամանակ տեղափոխուած է Շիրազ եւ զբաղած` առեւտուրով:
Մահանալէն ետք ժառանգ ձգած է բաւական մեծ հարստութիւն, բայց աւագ որդիները ամբողջը վատնելով` Հաֆեզն ու իրենց մայրը կը ձգեն աղքատութեան մէջ:
Կարիքը Հաֆեզին կը ստիպէ մտնել փուռ` աշխատանքի:
Ըստ աւանդութեան, փուռ մտնելով` ան իր ձեռք բերած դրամը կը բաժնէ երեք մասի. մէկ մասը կու տայ մօրը, մէկ մասը իր ուսուցիչին` որպէս ուսման վարձ, իսկ երրորդ մասը` աղքատներուն:
Նոյն այդ փուռին մէջ Հաֆեզը կը ստանայ նախնական կրթութիւն, ուր անգիր կ՛ընէ Ղուրանը եւ ժամանակակիցներուն կողմէն կը ստանայ «Հաֆեզ» (սորված) անունը:
Այն փուռը, ուր կ՛աշխատէր Հաֆեզը, եղած է Շիրազի բանաստեղծներու հաւաքատեղին: Այդտեղ բանաստեղծները կը վիճէին գրականութեան զանազան հարցերու շուրջ եւ կը կարդային իրենց ստեղծագործութիւնները:
Երիտասարդ Հաֆեզը այս «ակումբ»-ին մէջ կը կարդայ իր անդրանիկ ստեղծագործութիւնները, որոնք չափի եւ կշռոյթի տեսակետէն տակաւին թոյլ էին, ուստի բանաստեղծներուն կողմէ կ՛ենթարկուէին սուր ծաղրի:
Այդ անյաջողութեան համար Հաֆեզը խոր տանջանք կ՛ապրի, որովհետեւ սիրահարած էր Շիրազի գեղեցկուհի Շահնապաթին եւ կը փափաքէր միւս բանաստեղծներուն պէս անուն վաստակիլ:
Կ՛ըսուի, որ երկար ժամանակ տանջուելէ ետք Հաֆեզը կը տեղեկանայ, որ Շիրազ քաղաքի մերձակայքը կայ «Պապա Քուհի»-ի աղօթարանը, ուր եթէ մէկը քառասուն գիշեր աղօթէ, անոր ցանկութիւնները կը կատարուին:
Հաֆեզը կը սկսի կանոնաւոր կերպով երթալ աղօթատեղ: Քառասուներորդ գիշերը Շահնապաթի տան քովէն անցած ատեն, յանկարծ գեղեցկուհին իր մօտը կը հրաւիրէ երիտասարդ Հաֆեզը…
Հաֆեզը այդ անսպասելի երջանկութենէն կը սկսի արտասուել, եւ այդ օրէն ան կը դառնայ այնպիսի բանաստեղծ, որուն հռչակը կը տարածուի ամբողջ աշխարհին մէջ, մինչեւ իսկ կը հանդիսանայ համաշխարհային գրականութեան թագի` պարսկական-իրանական գրականութեան գոհարը:
Այլ աւանդապատում մը կը խօսի մեծ բանաստեղծի կեանքի վերջին տարիներուն պատահած դէպքերէն մէկուն մասին` կապուած Լենկ Թիմուրի (Կաղ Թիմուր) հետ:
Ինչպէս յայտնի է, 1387 թուականին Կաղ Թիմուրը կ՛արշաւէ Շիրազի վրայ ու կը գրաւէ զայն: Երբ բռնակալը քաղաք կը մտնէ, անոր մօտ կը բերեն աղքատի հագուստներ հագած ծերունի Հաֆեզը, անոնց խօսակցութեան ժամանակ Հաֆեզը իր ղազալներէն երկտող մը կ՛արտասանէ…
– Եթէ իմ սիրտը գրաւէ Շիրազի թրքուհին աննման,
Անոր խալին համար կ՛ընծայեմ «Սամարքանտն» ու «Պուխարան»:
– Ես աշխարհը ոչնչացուցի «Սամարքանտն» ու «Պուխարան» բարձրացնելու համար,- կ՛ըսէ Լենկ Թիմուրը,- դուն ինչպէ՞ս կը համարձակիս նուիրել թրքուհիի մը խալին:
– Աշխարհակա՛լ,- կը պատասխանէ Հաֆեզը,- դուն կը տեսնես` ի՜նչ աստիճան աղքատութեան հասած եմ իմ շռայլութիւններուն պատճառով:
Լենկ Թիմուրը կը հաւնի Հաֆեզին սրամտութիւնը եւ կը ներէ անոր: Արշաւանքէն երկու տարի ետք` 1389 թուականին, դադրեցաւ բաբախել սոխակ բանաստեղծին սիրտը:
Կրօնաւորները Հաֆեզը անհաւատ կը համարէին, որովհետեւ անիկա իր ստեղծագործութիւններուն մէջ ծաղրանքի ենթարկած է զիրենք, ուստի զայն կարելի չէր թաղել մահմետականներուն հետ նոյն գերեզմանոցին մէջ:
Այդ պատճառով ժամանակակիցները կ՛առաջարկեն միջնադարեան սովորութիւն մը` վիճակ քաշել:
Հաֆեզի ղազալներէն կը քաղեն առանձին կտորներ եւ կը նետէն սափորի մէջ: Փոքրիկ մը սափորին մէջէն կը հանէ հետեւեալ տունը/ պէյթը.
– Խորասուզուած եմ մեղքերուս ծանրութեան բեռէն:
Բայց քայլերդ մի՛ հեռացներ Հաֆեզի գերեզմանէն:
Եւ այս երկտողը կը գրեն անոր շիրմաքարին վրայ:
Հաֆեզը կը թաղեն Ռուքնապատ (Մուսալլայի) գետի ափին վարդերու պարտէզին մէջ, ուր վարդերգու սոխակն այդքան երգեց ու սպասեց սիրոյ, գեղեցկութեան եւ իր բանաստեղծութեան ոգեշնչման աղբիւր` գեղեցկուհի Շահնապաթին:
Հաֆեզի կենսագրութեան շուրջ յօրինուած բոլոր աւանդութիւնները հիմնուած են անոր ստեղծագործութիւններուն վրայ, որոնց մէջ ալ համառօտակի ամփոփուած է անոր կեանքն ու գործունէութիւնը:
Բոլոր աւանդութիւնները կը խօսին այն մասին, որ Հաֆեզը փոքր հասակէն մինչեւ կեանքի վերջին տարիները ապրած է ծայր աստիճան աղքատութեան մէջ:
Ան բանաստեղծի համբաւ ձեռք բերած է միայն 14-րդ դարու քառասունական թուականներէն ետք` շէյխ Ապու Իսհաքի թագաւորութեան ժամանակաշրջանին:
Մինչ այդ ան` որպէս բանաստեղծ, հռչակ եւ անուն չունէր: Այս ենթադրութեան հիմք կը հանդիսանան 14-րդ դարու երկրորդ քառորդին Շիրազ քաղաքը այցելած արաբ յայտնի ճանապարհորդ Իպըն Պադդուդային Շիրազ քաղաքի մասին ձգած մանրակրկիտ նկարագրութիւնները, ուր կը յիշատակէ Հաֆեզի նախորդ Սաատի Շիրազեցիի անունը: Արդարեւ, եթէ Հաֆեզը այդ ժամանակ բանաստեղծի համբաւ ունենար, վստահաբար պիտի չվրիպէր Իպըն Պադդուդայի գրիչէն:
Հաֆեզը ստեղծագործած է այն ժամանակաշրջանին, երբ մոնկոլական բռնատիրապետութիւնը արեւելքի մէջ իր մայրամուտը կ՛ապրէր: 13-րդ դարու երկրորդ կէսերուն հիմնուած Ճենկիզ խանի յաջորդած հուլաւեաններու (Հուլաւու խանի(4) ցեղը) գերդաստանի հիմքերը կ՛երեւէին` երկիրին մէջ հասունցած ներքին յուզումներէն:
Գրեթէ ամբողջ Պարսկաստանի մէջ սկսաւ աւատապետական տուներու պայքարը: Իշխող նոր գերդաստաններ կը հիմնադրուէին, մէկ իշխանութիւնը միւսը կը փոխարինէր:
Այսպէս, օրինակ, Ինճուտեաններու ժամանակ, 1342 թուականին, Ապուն Իսհաքը յաջողեցաւ անկախանալ եւ ինքնիրեն հռչակեց փատէ շահ (տէր արքայ): Վերջինիս եւ անոր եղբօրը Հաֆեզը քանի մը ղազալ նուիրած է:
1353 թուականին Մուպարեզ Ուտտինը կը գլխատէ Ապու Իսհաքը եւ կը հիմնադրէ Մուզաֆֆարեանց գերդաստանը: Կը պատմուի, թէ ինչպէ՛ս Մուպարեզ Ուտտին բռնակալի ժամանակ Շիրազ քաղաքին մէջ կը տիրէին դաժան օրէնքներ, եւ կ՛արձանագրուէին ամէնօրեայ գլխատումներ:
Իսկ թէ ինչպէ՞ս էր Հաֆեզի վիճակը այդ ժամանակաշրջանին, յայտնի չէ, քանի որ այդ մասին ան ոչ մէկ յիշատակութիւն ձգած է: Սակայն իր ղազալներէն քանի մը հատին մէջ տուած է Մուհթասեպի (5) անունը:
Մուպարեզ Ուտտին ամէն ինչէ առաջ օրէնք սահմանեց եւ արգիլեց խնճոյքները, նուագելը եւ գինիի առուծախը:
Աշխարհիկ սովորութիւնները արգիլելու դէմ զայրացաւ ամբողջ ժողովուրդը, իսկ առեւտրական դասը մասնաւորապէս դժգոհեցաւ գինի վաճառելու արգելքներուն պատճառով:
Իսկ Հաֆեզ իր ղազալներով կոչ ուղղեց մուզաֆարեաններուն` տապալելու մուհթասեպական (այսինքն` ոստինատիրական) բռնակալութիւնը: Հաֆեզը կը բողոքէր ոչ միայն մուզաֆարեաններու բռնապետութեան դէմ, այլ նաեւ իր քննադատութեան սուր սլաքը ուղղուած էր անարդարութիւններուն, անօրինակութեանց ու արիւնախում դարաշրջանի մը դէմ:
Ահա թէ ի՛նչ կը գրէր իր ղազալներէն մէկուն մէջ.
Թէպէտ գինին խինդ կը բերէ, բայց կը թափէ քամին վարդ:
Մոհթասեպէն զգո՜ւշ եղիր, նուագով մի՛ խմէր, ո՛վ մարդ:
Գինիի գաւաթը թեւերուդ ցնցոտիին մէջ պահէ,
Քանզի ինչպէս կուժը գինի, դարը արիւն կը թափէ, ո՜վ մարդ:
Սակայն մուզաֆարեաններուն բռնապետութիւնը երկար չտեւեց, վրայ հասան անոր կործանման օրերը, եւ այս բանը շուտ հասկցաւ Մուպարեզ Ուտտինի որդին` Շուճաահը եւ 1358 թուականին այրեց հօր աչքերը ու գահընկէց ըրաւ: Ան վերացուց հօր կողմէն սահմանուած օրէնքները, թոյլ տուաւ խնճոյքները եւ գինի վաճառելը:
Յատկանշական է, որ շահ Շուճաահը, որ բանաստեղծ էր, հովանաւորեց Հաֆեզը, որ իրեն քանի մը ղազալներ նուիրեց, իսկ անոր յաջորդին` շահ Մանսուրին, «Սաղի նամէ» բանաստեղծութիւնը:
Իրար յաջորդած պատերազմները, աւատապետական իշխանութեան կամայականութիւնները, դաժան օրէնքները Իրանը դարձուցած էին աղքատացած երկիր:
Ատոր համար Հաֆեզը աշխարհը բանտ կը համարէր, իսկ մարդիկ` աշխարհին մէջ ժամանակաւոր հիւրեր, որոնք սակայն կ՛ապրին թշուառութեան մէջ, եւ դարձող երկինքը (բախտի անիւը) վերջ ի վերջոյ զանոնք կը սպաննէ:
Քանի որ մարդուն վերջը մահն է, ուստի Հաֆեզը մարդիկը կը խրատէ ագահութիւն չընել, հարստութիւն չկուտակել եւ վիշտն ու զրկանքները մոռնալ` գինի խմելով:
– Գնա՛ եւ այս երկնի տունէն մի՛ հայցեր հաց, օգնութիւն,
Զի դարձող պնակն այս սեւ` վերջը հիւրը կը սպաննէ
Ո՜վ մարդ, թէ վերջին հանգրուանդ միայն երկու թիզ հող է,
Ի՞նչ կարիք կայ, որ պալատդ մինչեւ երկինք հասնի:
Հաֆեզը իր ստեղծագործութիւններով սուր ծաղրի եւ քննադատութեան կ՛ենթարկէր աւատապետական ամբողջ համակարգը, սկսած թագաւորէն, դատաւորէն, կրօնաւորէն` մինչեւ ստորին պաշտօնաւորը` մուհթասեպը:
Հաֆեզի ստեղծագործութեանց մէջ հասարակ մարդը` ճորտը, մուրացկանը եւ այլն, օժտուած են հոգեկան եւ բարոյական բարձր յատկութիւններով ու առաքինութիւններով, քան` բարձրատիտղոս թագաւորը, որուն ձեռքերը արիւնոտ են:
– Ես տերվիշ եմ ու մուրացկան, բայց չեմ փոխեր ես երբեք
Իմ թաղիքէ բուրդ գլխարկը, շահի հարիւր թագի հետ:
Կամ`
– Լաւ է ըլլալ խեղճ մուրացկան, քան` Շահանշահ(6) աշխարհի:
Կամ` Անհոգ ժամանց, խիստ փռուածք, աղքատութիւն, անդորր քուն,
Այս հաճոյքը չկայ նոյնիսկ արքայական յարկի տակ:
Հաֆեզը գովերգած է նաեւ Իրանի առասպելական թագաւորները` Ճամշիտը, Քէյ Խոսրովը եւ միւսները, որպէսզի իր ժամանակի իշխան-թագաւորները օրինակ վերցնեն անոնցմէ ու մտահոգուին երկրի ու ժողովուրդի կեանքով:
«Սաղի նամէ» բանաստեղծութեան մէջ շահ Մանսուրին հետեւեալ պատգամը յղած է.
– Ե՛կ, սաղի եւ դուն պատգամաւոր գնայ ինձմէ շահին քով,
Ըսէ անոր. «Ո՜վ ճամշիտի գահ ու թագի ժառանգորդ,
Աղքատ ու թոյլ ժողովուրդին բեկուած սիրտը ամոքէ
Ատկէ ետք միայն աշխարհացոյց գաւաթը որոնէ»:
Բայց Հաֆեզը իր նախորդներուն պէս չմնաց աւանդութեանց ու սովորութեանց պաշտպան եւ չգնաց անոնց ընտրած գրական ուղիով. արդարեւ, անոնք աւատապետական հասարակութեան խոցերը վերացնելու համար կը գրէին բարոյախրատական երկեր, կը գովերգէին անցեալի «բարի» թագաւորները կամ «ճշմարտութեան» եւ «իմաստութեան» դեղատոմսեր կը մատուցէին ժամանակի իշխանութիւններուն:
Իսկ Հաֆեզի մասնակի դարձը դէպի անցեալը` իր փախուստն էր ներկայէն: Անոր ստեղծագործութեան ոգին իր ժամանակի չարի ու վատի ժխտումն է:
Նախորդ բանաստեղծներուն հակառակ` Հաֆեզը գրականութիւնը մտացածին, երեւակայական եւ խորհրդաւոր բնագաւառէն կը փոխադրէ երկրային, իրական հող: Անոր ստեղծագործութեան առարկան դարձան` Մոսալլայի վարդանոցն ու սոխակը, գեղեցկուհի Շահնապաթը, տերվիշը, մուրացկանը, ճորտը եւ առհասարակ մարդը` իր ապրումներով:
Սոխակի եւ վարդի մասին գրած անոր ղազալներուն մէջ յուզականութիւնը այնքան խոր կերպով կ՛արտայայտուի, որքան` իր սիրած գեղեցկուհի Շահնապաթի սիրոյ մասին գրած ղազալները: Անոր իւրաքանչիւր տողին մէջ կը զգացուի սիրող ու տանջուող մարդը.
– Գրիչս երբ նիւթ առաւ քու գեղեցիկ պատկերէն,
Վարդի թերթիկն ամչցաւ իմ տետրակի թերթերէն:
Երբեմն Հաֆեզը կը փորձէ մոռնալ իր ցաւերը` գինի խմելով.
– Գինիի գաւաթն առ՛ ու քամէ, անցաւո՛ր,
Վիշտեր ունիս` գինի՛ խմէ, անցաւո՛ր:
Ողջ աշխարհն է ի սկզբանէ քայքայուած,
Դուն ալ խմէ ու քայքայուէ, անցաւո՛ր (7):
Ոմանք Հաֆեզի ստեղծագործութեանց մէջ գինիի գովքը համարած են զուտ գինովնալու սուֆիական ապրումներու արտայայտութիւն: Այն ստեղծագործութիւնը, որուն մէջ քիչ թէ շատ առկայ էին գինիի գովքը, սիրային կամ քնարերգական նկարագրութիւններ, համարուած են սուֆիական (այլաբանական, փոխաբերական) արտայայտութիւն:
Սուֆիզմը հարկաւ յստակօրէն կ՛արտացոլայ որոշ հեղինակներու գործերէն` Սանայի, Աթթար, Ճալալ Ուտտին Ռումի Պալխեցի եւ այլոց: Իսկ ինչ կը վերաբերի Հաֆեզին եւ իր գործերու ցոլքին, ատիկա կախուած է կարդացողի աչքերէն, սուֆին կը տեսնէ սուֆիզմը, գինեմոլը կը տեսնէ գինին` առանց խորհուրդի եւ այսպէս` շարունակ. Հաֆեզը բոլորին գրողն է, Շիրազի գինիով գրած է բոլորին համար եւ ամէն ինչի մասին:
Թէեւ Հաֆեզը բանաստեղծական եղանակի (8) ու տեսակի առումով նորութիւն չբերաւ, բայց ղազալը հասցուց կատարելութեան եւ այդ տեսակին մէջ մնաց անգերազանցելի:
Յօդուածը աւարտենք Հաֆեզի ամէնէն գեղեցիկ ոտանաւորներէն մէկուն երկու տողով, ուր ան արաբերէնն ու պարսկերէնը գեղեցկօրէն իրարու քով կը բերէ` հարբեցնող ոտանաւոր մը գոյացնելով:
الا یا ایها الساقی ادر کأساً و ناولها արաբերէն
که عشق آسان نمود اول ولی افتاد مشکلها պարսկերէն
حضوری گر همیخواهی از او غایب مشو حافظ պարսկերէն
متی ما تلق من تهوی دع الدنیا واهملها արաբերէն
Ո՜վ գինեպան, դարձուր գաւաթը ու լեցուր,
Քանզի սէրը սկիզբը դիւրին կը թուի, բայց հետզհետէ խնդիրներ կը ծագին:
Եթէ կը ցանկանաս իր ներկայութիւնը, իրմէ մի՛ օտարուիր:
Երբ որ քու սիրածիդ հանդիպիս, թո՛ղ աշխարհը ու լքէ զայն:
—————————
(1) Հաֆե՞զ, թէ Հափեզ` մեսրոպեան տառերուն մէջ չկար Ֆէ տառը, եւ մինչեւ 12-րդ դարը Փ/փիւր տառը ֆէ-ի փոխարէն կը գործածուէր: Նաեւ` Օ տառը, որուն փոխարէն աւ տառերը կը գործածուէին, բայց կը խուսափիմ Օ-ն աւ-ով փոխարինելէ` ընթերցանութիւնը չդժուարացնելու համար:
(2) Իրանի Իսլամանական Հանրապետութեան կեդրոնական հատուածին մէջ գտնուող քաղաք:
(3) Սէր, հմայք, վիշտ ու ցաւ արտայայտող բանաստեղծութեան կայուն ձեւ, որ բաղկացած է քանի մը երկտող տուներէ (պէյթերէ), որուն մէջ առաջին տունին զոյգ եւ մնացած տուներու երկրորդ տողերու վերջնամասերը կը կրկնուին, իսկ ատոնց նախորդող բառերը ներքին յանգ կը կազմեն:
(4) Կամ ինչպէս Գրիգոր Ակներեցին կ՛ըսէ իր «Պատմութիւն թաթարաց» գիրքին մէջ` «Հուլաւի ղան»: Պարսիկները եւ իրանցիները առհասարակ երբեմն արաբական ուաու տառը կամ տամմէն ո/օ կը հնչեն:
(5) Այն ժամանակ յատուկ ոստիկանական (քաղաքապահ զօրք, ճանտրմա) տիտղոս էր, նշանակուած` քաղաքի «կարգ ու կանոնը» հսկելու համար:
(6) Արքայից արքայ, թագաւորներու թագաւոր:
(7) Ժամանակաւոր, անցողիկ, մահկանացու:
(8) Քառեակներ (ռուպայեաթ), գասիտա, դիւցազներգութիւններ (Epics), զուգաւորներ (Մասնաւի, կամ արաբերէնով` մուզտաուաճ)… եւ այն…


