Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարեկենդանի Աւանդական Տիկնիկներ

February 26, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՈՆԱ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ-ՏԱՐԱՔՃԵԱՆ

Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ Բարեկենդանի աւանդոյթներուն մաս կը կազմէին երեք տիկնիկներ` Ուտիս տատիկը, Պաս պապիկը կամ Ակլատիզը, որոնք խորհրդանշական տեղ կը գրաւէին Բարեկենդանի տօնակատարութիւններուն մէջ:

Ուտիս տատիկը կը համարուէր ճոխ կերակուրներ հովանաւորող տիկնիկը, որ հրապարակ իջնելով` մարդիկը խրախճանքի կը հրաւիրէր:

Ուտիս տատիկը Բարեկենդանի օրերուն բոլորը կերուխումի կը հրաւիրէր: Իսկ Բուն Բարեկենդանին Ուտիս տատիկը հանդիսաւոր կերպով կը գլորէին սարի բարձունքէն դէպի վար:

Հրապարակ կը հանէին Պաս պապիկը կամ Ակլատիզը, որ պահքի հովանաւոր տիկնիկն էր: Այս մէկը կը պատրա ստէին սոխով կամ գետնախնձորով, մէջը կը խրէին եօթը փետուր, ապա անոր հագուստը կը դասաւորէին ու տան առաստաղէն կը կախէին երգելով.

«Տատը գնաց շերեփը ձեռքին,
Պապը եկաւ չոմբախն ուսին»:

Ակլատիզը կը պատրաստուէր ընդհանրապէս ծերունիի տեսքով: Ան կ՛ունենար փարթամ, սպիտակ մօրուք եւ հագուստ` երկարած թեւերով, որոնցմէ քարեր կը կախէին:

Երբ քարերը կախէին, մանուկները կ՛երգէին.

«Ակլատիզ, վրանը վիզ
Եկաւ մեզ հիւր` կախուաւ երդիքիս»:

Եօթը փետուրները կը խորհրդանշէին Մեծ պահքի 7 շաբաթները:

Իւրաքանչիւր շաբթուան վերջը կը պոկէին մէկ փետուր: Փետուրը պոկելու արարողութեան կ՛ուղեկցէին յատուկ երգեր:

Իւրաքանչիւր փետուր հանելէ ետք կ՛երգէին.

«Ճիճու ճիճուարա՜նք դուրս,
Ցորեն, գարին` ներս»:

Այս խօսքերը արտասանելէ ետք փետուրը կը կտրտէին եւ մէկ կողմ կը նետէին:

Ակլատիզը կը կատարէր Մեծ պահքի հսկիչի դերը, Ակլատիզով յաճախ կը վախցնէին մանուկները:

Կարգ մը մարզերու մէջ Պաս պապիկը մեծ շերեփով կը հարուածէր Ուտիս տատիկին, տունէն դուրս կը վտարէր զայն այն պատրուակով, որ ան պահքի շրջանին մանուկներուն իւղոտ եւ մսոտ կերակուրներ կը պատրաստէ:

Իսկ Մեծ պահքէն ետք ուրախ եւ առոյգ տատիկը կը վերադառնար եւ մածունի իւղոտ շերեփով կը հարուածէր Պաս պապիկին գլխուն` այս անգամ զայն դուրս վտարելով տունէն:

Ներկայացումներ

Բարեկենդանին կը պատրաստէին թատերական ներկայացումներ, ծիծաղաշարժ կատակներով քննադատութեան կ՛ենթարկէին մեծաւորները եւ իշխանութիւնը: Ամէն մարդ, առանց վերապահութեան, կ՛արտայայտէր իր միտքը` մէկ կողմ դնելով պետական կամ եկեղեցական կանոնները: Կը պատրաստէին դրօշներ եւ զինանշաններ:

Յաճախ կը կատարէին նաեւ կենցաղային նիւթերով թատերախաղեր, օրինակ` «Խնամախօս» ներկայացումը Մարաշի մէջ:

Կիները բահը կ՛անցընէին կնոջ կամ նորահարսի հագուստին, անոր գլուխը կը ծածկէին զանազան քողերով ու ծածկոցներով:

Նորահարսը կը պտտէր գիւղին բոլոր թաղերը, ետքը բակին մէջ կը կանգնէր, եւ մինչեւ երեկոյ գիւղացիները իր շուրջը կը պարէին:

Բարեկենդանի Ուտեստ

Բարեկենդանի առաջին օրը ընդունուած էր գաթայ ու հալվա պատրաստել:

Երեկոյեան կ՛ուտէին կաթնապուր եւ մածուն: Նախապատուութիւնը տրուած էր ձաւարով կամ համեմունքներով խորոված ոչխարին:

Բուն բարեկենդանի երեկոյեան սովորութիւն էր խաշուած հաւկիթ ուտել եւ այդպիսով խրախճանքը փակել:

«Մեր բերանները կը փակենք սպիտակ հաւկիթով,

Աստուած արժանացնէ կարմիր հաւկիթով բանալու զանոնք»:

Տօնը

Հրապարակի մէջ կը կազմակերպէին տարատեսակ խաղեր, պարեր, թատերական ներկայացումներ` դիմակահանդէսներ:

Բարեկենդանը, ամէն բանէ առաջ, ազատութեան օր էր:

Բուն Բարեկենդանին յաջորդ օրը, ժամերգութեան ընթացքին, եկեղեցւոյ խորանին վարագոյրը կը գոցուի, եւ խորանը կը ծածկուի մինչեւ քառասունօրեայ պահքի աւարտը:

Այս ժամանակ կը մատուցուի փակ պատարագ, ս. պսակի արարողութիւններ տեղի չեն ունենար, կ՛արգիլուի նաեւ մատաղ կատարելը:

 

 

Նախորդը

Մշակոյթը. Հայոց Հզօրագոյն Կապը` Խլուած Հայրենիքին Հետ

Յաջորդը

Ժոզէֆ Թոփէեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.