Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժոզէֆ Թոփէեանի Յիշատակին

February 26, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՈՒՐՖԱՅԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ԳԷՈՐԳ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ

Ժոզէֆ Թոփէեանի մեզմէ հեռանալուն քառասուն օրեր անցած է արդէն: Տակաւին իր շրջանակին մէջ կը խօսուի անոր եւ այն հսկայ ծառայութեան մասին, զոր կատարած է իր սիրելի միութեան :

1978-ի, երբ Ուրֆայի հայրենակցական միութեան երիտասարդականին արձանագրուեցայ, հոն ծանօթացայ աշխուժ, համեստ, ազնիւ, առաքինի եւ միութեան ծառայող օրինակելի անձնաւորութեան  մը` Ժոզէֆ էղբերին:

«Ժոզէֆ էղբէր յո՞ր կ՛երթասը»:

Ժոզէֆը միշտ գործի վրայ էր, ամէն անգամ որ Ուրֆայի հայրենակցական միութիւնը կամ երիտասարդականը  ձեռնարկ մը կազմակերպած ըլլար, անձնական գործը մէկ կողմ դրած, միութեան գործը յառաջ քշելու աշխատանքի մէջ էր: Նախ` միութիւնը, ապա` անձնականը:

Ժոզէֆ էղբէրը խոնարհ ծառայասէրն էր միութեան, ինչպէս իր ընտանիքին կը խնամէր, այնպէս ալ` իր հայրենակցական միութեան: Միութեան զաւակներուն ու հայրենակիցներուն հանդէպ նոյն սէրն ու յարգանքը կը տածէր:

Եղած էր Ուրֆայի հայրենակցական միութեան երկարամեայ վարչական, աշխուժ վարչականներէն մին, իր տունն ու ոսկերչատունը` ակումբին մօտ ըլլալուն, միութեան խաչը կը կրէր, միութեան շէնքին ընդհանուր պատասխանատուն էր, անխոնջ աշխատող, դրական կեցուածք ունէր շինիչ բոլոր աշխատանքներուն, ինչպէս` տպարանի, ձեռնարկներու համար նուէրներ հաւաքելու, օրացոյցեր բաժնելու, ճաշկերոյթ պարահանդէսներու տոմսերու սպառումի, հիւանդ եւ անկար հայրենակիցներու տուն այցելութեամբ: Մէկ խօսքով` թաղապետի գործ կը կատարէր իր գիտելիքներով եւ, հայրենակիցները մօտէն ճանչնալու բերումով այնքան յարգուած էր բոլորէն, որ մէկ առաջարկը երկու չէր ըլլար: Որեւէ առիթ չէր փախցներ երկրէն ներս թէ դուրս գտնուող հայրենակիցներու հետ կապ հաստատելու եւ զանոնք մասնակից դարձնելու միութեան  աշխատանքներով: Սիրուած ու յարգուած էր բոլորին կողմէ:

Շատ մը վարչականներ եկած ու գացած են, սակայն ինք` որպէս շէնքի պատասխանատու, յիսնամեակէ աւելի ծառայած էր իր  սիրելի միութեան աշխատանքներուն:

Եղբ. Ժոզէֆը կ՛երթայ միանալու իր վաղեմի ողբացեալ եղբայրներուն որոնց յիշատակը մինչեւ այսօր անթառամ մնացած է:

Ժոզէֆ Թոփէեան իր յիսնամեակէ աւելի ծառայութեան առթիւ արժանացած էր միութեան գնահատանքի մետալին, ինչպէս նաեւ յուշանուէրի, սակայն իր արժէքը այդ մետալով, յուշանուէրով  չենք արժեւորեր, իր արժէքը իր անձնուիրութեան մէջ էր: Հիւանդ, անհանգիստ կամ առողջ` կարեւոր չէր, երբ միութեան համար գործ մը ըլլար, անձնուիրաբար` իբրեւ նուիրեալ ծառայ վազողն էր: Վարձքդ կատար բոլոր աշխատանքներուդ համար էղբերս:

Աստուծ ընտանիքդ առողջ պիէ:

Աստուծ օղորմի հոգուդ էղբէրիս, խունկ ու մոմ հոգուդ, Աստուծ լօսի մէջ պիէ քզիկ, յիշատակդ անթառամ պտ մնայ ինչըս քզնէդ առաջ նուիրեալ էղբերներուն յիշատակը, խողը թեթեւ ըննայ վրէդ:

 

Նախորդը

Բարեկենդանի Աւանդական Տիկնիկներ

Յաջորդը

Ինչո՞ւ Հոս Հասանք

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.