Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

76 Աշակերտներ Մասնակցեցան Համազգայինի Գիր Եւ Գրականութեան Մասնաճիւղի Բանաստեղծական Առցանց Շարադրութեան Մրցանքին

Փետրուար 24, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամանորեան տօներէն առաջ Համազգայինի Գիր եւ գրականութեան մասնագիտացած մասնաճիւղին վարչութիւնը գաղափարը յղացաւ կազմակերպելու բանաստեղծական առցանց շարադրական մրցանք` մասնաճիւղի դիմատետրեան էջին ընդմէջէն: Առ այդ, նամակ-հրաւէրներ ուղարկուեցան լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէնութիւններուն անխտիր, սոյն վարժարաններուն աշակերտները քաջալերելու համար` մասնակցելու այս մրցանքին:

Մրցանքի թեմային ներշնչման աղբիւրը սփիւռքահայ մեծանուն բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանի «Նամակ Կաղանդ պապային» բանաստեղծութիւնն էր, որ կը ներկայացնէ իւրաքանչիւր հայ անհատի հոգեհարազատ բաղձանքն ու խնդրանքը: Մասնաճիւղին վարչութիւնը մրցանքին մասնակցիլ փափաքող աշակերտներէն խնդրած էր իրենց յոյզերը եւ զգացումները արտայայտել բանաստեղծական կտորներու ընդմէջէն: Նշանակուեցաւ դատական կազմ մը, որ լաւագոյն բանաստեղծութիւններու իր ընտրութիւնը կայացնելու համար նկատի ունեցաւ հետեւեալ չափանիշները. բառամթերք, ուղղագրութիւն, շարահիւսութիւն, ոճ եւ ներկայացման ձեւ: Դատական կազմի անդամներն էին` Յովիկ Պերթիզլեան, Իրմա Գապաքեան-Տէտէեան, Նարէ Գալեմքէրեան, Նազելի Աւագեան եւ Հուրի Գոչունեան-Ղազարեան: Յայտնենք, որ դատական կազմի անդամները իւրաքանչիւր բանաստեղծական գրութեան իրենց գնահատականները տալու ընթացքին անծանօթ մնացին գրութեան հեղինակ աշակերտի ինքնութեան` աւելի անկողմնակալ տալու համար իրենց գնահատականը:

Դատական կազմի անդամ, լեզուաբան Յովիկ Պերթիզլեան, իբրեւ ընդհանրական գնահատական, հետեւեալ մատնանշումները կատարեց. «Բանաստեղծութիւն գրելը տանջանք է: Կը զգացուի աշակերտներուն գրածներէն, որ բան մը կ՛ուզեն ըսել, բայց չեն յաջողիր բանաստեղծականօրէն արտայայտել իրենց միտքերը: Երբ կը կարդայի գրութիւնները մտածեցի, թէ արդեօք մեր աշակերտները գիտե՞ն նախ եւ առաջ դասական բանաստեղծութիւն գրել: Որովհետեւ գրուածներուն մեծ մասը արձակ է: Իսկ դասական բանաստեղծութիւններու պարագային, վանկերը նոյն քանակով պէտք է ըլլան, յանգերը` նոյնանման: Մենք հետեւեալին վրայ ուշադրութիւն դարձուցինք. դուք մեզի ղրկած էիք հինգ չափանիշներ` բառամթերք, ուղղագրութիւն, շարահիւսութիւն, ոճ եւ ներկայացման ձեւ: Առաջին երեք կէտերը լեզուին մէջ կ՛իյնան, իսկ ներկայացման ձեւ եւ ոճ գրեթէ նոյն բաներն են խորքին մէջ: Ես այս աշակերտներու գրութիւններուն հետեւեցայ հետեւեալ մեկնակէտէն: Նախ անոնց մօտեցայ իբրեւ դասական բանաստեղծութիւն: Նաեւ ուշադրութիւն դարձուցի, թէ անոնք պատկերաւոր լեզու գործածա՞ծ են: Մանաւանդ ուշադրութիւն դարձուցի, թէ գոնէ նուազագոյնը ո՛վ փորձած է վանկերը եւ յանգերը նոյնականացնել: Մէկ աշակերտ իմ քովս ամբողջութեամբ յաջողած էր այդ իմաստով, թիւ 64-ը. շատ լաւ էր, ես անիկա դրի իբրեւ առաջին (խօսքը մրցանքին առաջին հանդիսացած Առնօ Աշգարեանի մասին է): Դժբախտաբար միայն երկու-երեք հոգի կային, որոնք փորձած էին բանաստեղծական պատկերներ ստեղծել, որովհետեւ տակաւին չունին այդ երեւակայական թռիչքը, պէտք է բաւական կարդան»:

Դատական կազմի անդամ Հուրի Գոչունեան-Ղազարեան իր կարգին նշեց. «Հետաքրքրականը այն էր, որ ընդհանրապէս ճիգ թափուած էր, այս օրերուն 76 ոտանաւորը  բաւական մեծ թիւ է: Նաեւ կարեւոր էր թեման,  որուն ընդմէջէն ընդհանրապէս աշակերտները յիշած էին հայրենասիրութիւնը, Արցախը, Հայաստանը, Լիբանանը: Այսօրուան դէպքերը 76 աշակերտներէն իւրաքանչիւրին վրայ ազդած էին: Անոնք առանցքները դարձած էին անոնց յուզումներուն, զգացումներուն եւ մտահոգութիւններուն: Գրութիւններուն մէջ արտայայտուած միտքերը անանձնական էին: Ամէն մէկ աշակերտ ոչ թէ մտածած էր իր մասին, այլ` իր ընտանիքին, հայրենիքին մասին: Ինծի համար շատ հետաքրքրական էր, որ այս իմաստով ընդհանուր, հասարակաց գիծ մը կար բոլորին քով: Եւ ամէնէն կարեւորը այն էր, որ անոնք ճիգ թափած էին: Այսինքն տակաւին յոյս կայ»:

Դատական կազմի անդամ Նարէ Գալեմքէրեան արտայայտեց հետեւեալ կարծիքը աշակերտներուն գրութիւններուն վերաբերեալ. «Գրութիւնները զերծ էին ուղղագրական եւ քերականական սխալներէ, իսկ ոմանք հարուստ էին նոյնիսկ յանգերով եւ բառապաշարով: Սակայն ինծի համար ամէնէն յատկանշականը այն էր, որ պատանիներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը Կաղանդ պապայէն անձնական նուէրներ չէր խնդրեր, այլ առողջութիւն եւ ուրախութիւն կը ցանկար իր ընտանիքին, խաղաղ եւ բարեբեր օրեր` Լիբանանին, Հայաստանին, Արցախին, եւ անփորձանք ծառայութիւն` հայ զինուորին»:

Ծանօթ ասմունքող Իրմա Գապաքեան-Տէտէեան մրցանքին մասին իբրեւ ընդհանրական գնահատական` յայտնեց հետեւեալ կարծիքը. «Հաճելի նախաձեռնութիւն մըն էր Համազգայինի Գիր եւ գրականութիւն մասնաճիւղին կողմէ բանաստեղծութիւն գրելու այս մրցանքի կազմակերպումը, որուն մասնակցած էին 76 աշակերտներ: Հաճոյքով կարդացի իւրաքանչիւրին գրութիւնը, որ լեցուն էր անմեղութեամբ: Մանկութիւն փնտռող աշակերտներուն խնդրանքը Կաղանդ պապայէն նոյնն էր, Հայաստան աշխարհին  եւ Արցախին` խաղաղութիւն, Շուշիի վերադարձ, նահատակներուն` աղօթք, որդեկորոյս մայրերուն` մխիթարանք, չմոռնալով Լիբանան հայրենիքին տագնապալի օրերու վերացում: Անոնց գրութիւններուն մէջ կայ հասունութիւն»:

Դատական կազմի անդամ Նազելի Աւագեան իր կարգին արտայայտեց հետեւեալ տեսակէտը. «Գնահատելի է Համազգայինի Գիր ու գրականութիւն մասնաճիւղին կազմակերպած բանաստեղծութիւն գրելու մրցանքը յատկապէս այս օրերուն, երբ աշխարհի վրայ մարդկային արժէքները նահանջ արձանագրած են, երբ ամէնուր կը տիրէ ժխտական ու անապահով մթնոլորտ, երբ ընկերային ցանցերու թէ հարթակներու վրայ կը հանդիպինք արժեզուրկ երեւոյթներու: Հայ աշակերտին հոգիին մէջ հայոց լեզուին ու գրականութեան  հանդէպ սէր սերմանելը հայկական վարժարաններուն ու մշակութային  միութիւններուն աշխատանքին մէկ մասն է: Իրօք, հայ պատանիին թէ պարմանուհիին կողմէ շարահիւսուած «Նամակ Կաղանդ պապային» խորագիրը կրող գրական փորձերը հայոց լեզուին, պատմութեան թէ մշակոյթին հանդէպ անոնց տածած յարգանքին ու նուիրումին արտացոլացումներն են: Վստահաբար  նման նախաձեռնութիւններ քաջալերելի են: Անոնք պէտք է յաճախ կրկնուին, որպէսզի հայ աշակերտը անոնց ընդմէջէն յայտնաբերէ իր գրական տաղանդը,  ապրումներն ու իղձերը: Վա՛րձքը կատար կազմակերպող մարմինին»:

Համազգայինի Գիր եւ գրականութեան մասնաճիւղի հրաւէրին ընդառաջեցին լիբանանահայ հետեւեալ վարժարանները. Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, Ազգային Միացեալ վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Ազգային Յառաջ- Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան, Հայ կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան, Մխիթարեան վարժարան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարան եւ Վահան Թէքէեան վարժարան:

Մրցանքին համար ճշդուած էին 8 մրցանակային տեղեր: Ա., Բ. եւ Գ. տեղերը զբաղեցնողները իբրեւ նուէր ստացան գիրքեր, առաւել` նիւթական խրախուսանք, իսկ պատուոյ յիշատակութեան արժանացած 5 աշակերտները ստացան միայն գիրք: Գիրքերը հետեւեալներն էին` Րաֆֆիի (Յակոբ Մելիք Յակոբեան) «Սամուէլ»-ը, Արամ Հայկազի «Ապրէք, երեխէք»-ը եւ Դերենիկ Դեմիրճեանի «Վարդանանք»-ը: Դատական կազմին անդամները հետեւեալ աշակերտները ընտրեցին իբրեւ մրցանակակիրներ. առաջին` Առնօ Աշգարեան (Հայ կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարան, 7-րդ դասարան), երկրորդ` Արազ Թասլաքեան (Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան, 7-րդ դասարան), երրորդ` Կարի Գաննըր Հարպոյեան (Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան, 7-րդ դասարան). պատուոյ յիշատակութեան արժանացած 5 աշակերտներն էին` Նազէ Այնթապեան (Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան, 8-րդ դասարան), Մեղեդի Խաչատուրեան (Ազգային Միացեալ վարժարան, 8-րդ դասարան), Լին Ժտրեան (Ազգային Միացեալ վարժարան, 8-րդ դասարան), Կարին Մանճիկեան (Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, 9-րդ դասարան) եւ Լոռի Քէրքէզեան (Հայ կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարան, 7-րդ դասարան):

Շաբաթ, 19 փետրուար 2022-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային միութեան «Գ. եւ Հ. Արմէնեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բանաստեղծական շարադրական մրցանքին մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ մասնաճիւղին մօտ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին, աշակերտներուն եւ անոնց ծնողներուն, ինչպէս նաեւ` մասնակից վարժարաններու տնօրէններու եւ հայոց լեզուի ուսուցիչներու: Ա., Բ. եւ Գ. հանդիսացող աշակերտները համապատասխանաբար ստացան 1.500.000 լ.ո.-ի, 1.250.000 լ.ո.-ի եւ 1.000.000 լ.ո.-ի նիւթական խրախուսանք: Մրցանակակիր աշակերտներուն գիրքերը նուիրուեցան Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրուան եւ Գիրք նուիրելու օրուան առիթով:

Համազգայինի Գիր եւ գրականութեան մասնագիտացած մասնաճիւղին վարչութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բարերար Ռազմիկ Ճուլֆայեանին, ինչպէս նաեւ մասնակից դպրոցներու տնօրէնութիւններուն եւ հայոց լեզուի ուսուցիչներուն` այս ծրագիրի յաջողութեան իրենց բերած նպաստին եւ քաջալերանքին համար:

Շարադրութեան Առցանց Մրցանքին Մրցանակի Արժանացած Ոտանաւորները

Առաջին Երեք Մրցանակակիրները
  1. Հայու Կաղանդը

Կաղանդ է սիրուն, Կաղանդ շողշողուն,
Բայց ես զաւակը տարագիր հայուն,
Նստած եմ տխուր` կը դիտեմ հեռուն,
Երկնքի անհուն` անթիւ աստղերուն…

Կաղանդ պապան կարմիրով սպիտակ,
Կ՛երեւի դէմս շատ կարճ ժամանակ,
Հարց կու տայ ինծի. «Փափաքդ ի՞նչ է,
Ա՛յ տխուր տղայ, դու միայն խնդրէ…»:

Ես կ՛ըսեմ իրեն ձայնով մտածկոտ,
Մի՛ կարծեր, որ ես տղայ եմ վախկոտ,
Կը խնդրեմ քեզմէ ա՛յ Կաղանդ պապա,
Որ թուրքը անգութ մեզի հետ չխաղայ:

Թող հայ ազգը ալ կռիւ չտեսնէ,
Բարգաւաճ օրեր ու արեւ գտնէ,
Իսկ մեր հայրենիքը ծաղկի անվտանգ
Ու ալ ոչ մէկ հայ չունենայ տանջանք:

ԱՌՆՕ ԱՇԳԱՐԵԱՆ
Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան
7-րդ դասարան

  1. Դու Շա՜տ Բարի Ես

Կաղանդ պապա,
Գիտեմ, որ այս օրերուն
Քու հոգերդ շա՜տ, շա՜տ են,
Եւ բոլորին հասնելու
Ճամբաները դժուար են:

Ես այլեւս մանուկ չեմ,
Խնդրանքներս ուրիշ են,
Ժպիտիդ մէջ հեզ ու բարի
Իմ յոյսերս կը փայլին:

Հիմա կ՛ուզեմ զիս լաւ լսես,
Չէ՞ որ դուն անկեղծ ընկերս ես.
Ամբողջ սրտով կ՛աղօթեմ`
Մարդոց արցունք ա՛լ չտեսնեմ:

Բարի սրտովդ դուն պտըտիր,
Հասիր ամբողջ աշխարհին,
Չար միտքերը խանգարէ,
Պատերազմներու դուռը գոցէ:

Հասիր բոլոր հիւանդներուն,
Տկարներուն, աղքատներուն,
Բոլոր մարդոց դուն սորվեցուր,
Որ սիրելով օգնեն իրարու:

Խնդրանքս է, որ երբ հասնիս
Հայրենիքիս` Հայաստանին,
Զինուորներուն տաս քաջութիւն,
Մեր հողերուն` խաղաղութիւն:

Գիտեմ, որ այս օրերուն
Քու հոգերդ շա՜տ շա՜տ են,
Բայց դուն այնքան բարի ես,
Աստուած Պապան քեզ կ՛օգնէ:

Դեռ կը շալկես տոպրակդ յոգնած`
Խնդրանքներով ծանրացած,
Եւ կը հասնիս դուն բոլորին`
Բարիք տալով աշխարհին:

ԱՐԱԶ ԹԱՍԼԱՔԵԱՆ
Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան
7-րդ դասարան

  1. Կաղանդ Պապուկ

Կ՛ըսեն, թէ դուն կը պատկանիս բոլո՛ր ազգերուն,
Բայց հարցս կը վերաբերի միայն հայերուն.
Կրնա՞ս օգնել ինծի որոշում տալու.
Ամերիկա՞, թէ՞ Հայաստան ապրելու:

Մայրս կ՛ըսէ. «Հայաստանն է մեր տունը,
Անկէ կախեալ է մեր գոյատեւումը».
Սիրտս կ՛ըսէ` Հայաստա՛ն հաստատուէ,
Միտքս` Ամերիկա՛ փոխադրուէ:

Կաղա՛նդ պապա,
Սրտով` Հայաստան, մտքով`  Ամերիկա,
Ի՞նչ ընեմ ես, ո՞ւր ապրիմ ես, դո՛ւն ըսէ:
Խե՞լքն է կարեւորը, թէ սիրտը. օգնէ’.
Նախ հայ, յետո՞յ մարդ, թէ` հակառակը:

Սիրո՛ւն Կաղանդ պապիկ, ո՞ւր ես դուն անուշիկ,
Ձեռք երկարէ՛ որոշումիս, իմ մէ՛կ հատիկ:

ԿԱՐԻ ԳԱՆՆԸՐ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան
7-րդ դասարան

Պատուոյ Յիշատակութեան արժանացած

  1. Նամակ Կաղանդ Պապային

Սիրելի կաղանդ պապա,
Ահաւասիկ տարի մըն ալ ես մեծցայ,
Սակայն իմ մէջս մանուկ մը կայ,
Որ տակաւին նոր տարուան հրաշքներուն կը հաւատայ
Ու անհամբեր կը սպասէ եղնիկներով սահնակիդ
Եւ բերնէ բերան լեցուած նուէրներու տոպրակիդ:

Կաղանդ պապա կը ներես
Այս տարի քու տոպրակդ քիչ մը ծանր պիտի ըլլայ,
Որովհետեւ իմ մտքիս մէջ նուէրներ-
Բաւական մեծ ու երկար ցանկ մը կայ:

Չեմ ուզեր, որ այս տարի
Խաղալիքներ կամ քաղցրահամ ուտելիքներ ինծի բերես,
Այլ կը խնդրեմ, որ այս անգամ երազներս իրականացնես
Ու իղձերս կատարես:

Կաղանդ պապա սիրելի,
Ամբողջ կեանքս ես խնդրեցի,
Որ դուն բերես ուրախութիւն բոլորին,
Խաղաղութիւն աշխարհին,
Հայրենիքիս հարստութիւն ու զօրութիւն,
Հայ մանուկին` երջանկութիւն,
Հայ զինուորին` արիութիւն,
Իսկ մեծերուն երկար կեանք ու առողջութիւն:

Յուսամ, որ այս տարի փափաքներս կը կատարուին,
Եւ այսուհետեւ ոչ մէկ մանուկ որբ կը մնայ,
Ու ոչ մէկ ծնողք որդեկորոյս կը դառնայ:

ՆԱԶԷ ԱՅՆԹԱՊԵԱՆ
Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան
8-րդ դասարան

2.Սիրելի՛ Կաղանդ պապա,
Հրաշագործ ես գիտեմ,
Շատ ուրախ եմ, որ մեզի
Պիտի այցելես դուն նորէն:

Կրնաս բերել դուն ինծի
Այն մաղթանքները, որ կ՛ուզեմ:
Այնպէս ըրէ այս տարի,
Որ հրաշքներդ տեսնեմ:

Կ՛ուզեմ քեզմէ ես նորէն,
Որ անպատճառ դուն բերես
Մարդոց ժպիտը կորած,
Ուրախ օրեր` հեռացած:

Կաղա՛նդ պապա, ինձ անսա՛
Թող այս տարի անպայման,
Ուրախ-զուարթ երգերով
Հայ զինուորը տուն դառնայ:

Հայոց աշխարհին վրայ
Իր փայլփլուն լոյսերով`
Փայլի ուրախ եղեւնին:
Ուր տիրէ միայն բարին:

Արցախի երկնքին վրայ,
խաղաղութեան ճիւղերով`
Ճախրէ ճերմակ աղաւնին,
Բերէ մեզի մեր Շուշին:

Ահա ա՛յս է իմ մաղթանք,
Փունջ մը ժպիտ մարդկութեան,
Տաքուկ գիրկ մը` հայ զինուորին,
Ու վերադարձ `անփորձանք:

Բարի երկինք, վառ երազներ,
Համերաշխութիւն ու անմար սէր,
Յաղթանակի թոփիւններով մեր
Շուրջպար բռնենք Արարատէն մինչեւ Մռաւ լեռ:
Կը սպասեմ կարօտով`

ՄԵՂԵԴԻ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
Ազգային Միացեալ վարժարան
8-րդ դասարան

3.Սիրելի՛ Կաղանդ պապուկը բոլորին,
Իմ անունս է` Լին Ժտրեան,
Փոքր տարիքէս քեզի կը սպասեմ անձկագին,
Սպասելով տուրմին, հագուստին կամ խաղալիքին:

Բայց հիմա այս բոլորը մէկ կողմ դրած,
Քու սքանչելի հրաշքներուդ վստահած`
Կը խնդրեմ քեզմէ աշխարհիս խաղաղութիւն,
Եւ հայ ազգիս` առողջութին, սէր եւ միութիւն:

Մի՛ մոռնար սահմանին կանգնած հայ զինուորին` հերոս
Բե՛ր անոր տաք պահող վերարկու, մոյկ ու հեռախօս,
Որ դիմանայ արծուեբոյն Արցախի բուք ու բորանին,
Եւ բարի լուրերը տայ մեզի մեր հայրենիքին…

Յիշէ՛ նաեւ հերոս նահատակները Եռաբլուրի,
Որոնց գլխուն վերեւ հայ դրօշը կը ծածանի,
Բե՛ր արքայութիւն անմահ ննջեցեալներուն,
Եւ մխիթարութիւն` հերոսածին հայ մայրերուն:

Ա՛յս թող ըլլայ իմ նուէրս այս տարուայ,
Որ անհամբեր կը սպասեմ քեզմէ, Կաղա՛նդ պապա,
Ամէն պարագայի քեզ կը սիրեմ առ յաւէտ,
Մեր մէկ հատիկ Սուրբ Նիկողայոս հայրապետ:

Կարօտով`

ԼԻՆ ԺՏՐԵԱՆ
Ազգային Միացեալ վարժարան
8-րդ դասարան

 

  1. Գեղեցիկ Կաղանդ Պապա

Ամէն տարի մեր տուն կու գաս
Նոր տարուան օրհնութիւն կու տաս:
Կարմիր գլխարկ, կարմիր հագուստ
Ճերմակ մազեր, ճերմակ մօրուք:

Քեզ կը սպասենք անհամբեր
Կ՛երգենք, կը պարենք անվեհեր,
Որ մեզ լսես ու շուտ գաս
Մեր նուէրները չմոռնաս:

Երբ գիշերը յոգնած հասնիս,
Քեզի գաւաթ մը կաթ կու տանք.
Որ հանգստանաս ու լաւանաս,
Փոքրիկներուն նուէրներ տաս:

Երբ պիտի երթաս քեզ կը ճամբենք,
Այդ յոյսով, որ դարձեալ տեսնենք:

ԿԱՐԻՆ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ
9-րդ դասարան

  1. Նամակ Կաղանդ Պապային

Նամակներս կ՛ուղարկեմ քեզի,
Կաղանդ պապա խնդրելով
Քեզմէ նուէրներ զանազան:

Բայց այս տարի Կաղանդը տարբեր է,
Որովհետեւ մեր Արցախը
Դեռ վիրաւոր է:
Շուշին գրաւուած է ու անտէր,
Զինուորներ զոհուած,
Ընտանիքներ ու մանուկներ`
Առանց տուն ու տեղ:

Խնդրանքս է այս Նոր տարուան,
Որ քու նուէրներդ ոգեղէն ըլլան.
Տո՛ւր համբերութիւն նահատակ զինուորին մօր,
Ուժ եւ կարողութիւն ու դառնանք հզօր:
Մեր նուէրները ուղարկէ՛ Արցախ,
Որ հայ մանուկը ըլլայ ուրախ,
Ու մենք միշտ մնանք Արցախի հետ,
Ազատ ու անկախ:

ԼՈՌԻ ՔԷՐՔԷԶԵԱՆ
Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան
7-րդ դասարան

 

Նախորդը

Հետաքրքրական. Օփերայի Մը Պատմութիւնը

Յաջորդը

Գաղութէ – Գաղութ

RelatedPosts

Վոսփորէն Պայքալ Եւ Թուրան, Լռած Եւրոպան,  Ռուսը, Արաբը, Ամերիկան Եւ… Հայաստանը
Անդրադարձ

Վոսփորէն Պայքալ Եւ Թուրան, Լռած Եւրոպան, Ռուսը, Արաբը, Ամերիկան Եւ… Հայաստանը

Օգոստոս 19, 2022
Խոնարհութիւնը` Մեծութեան Միակ Գրաւականը
Անդրադարձ

Խոնարհութիւնը` Մեծութեան Միակ Գրաւականը

Օգոստոս 19, 2022
Ուշացած   Շնորհակալութիւն
Անդրադարձ

Գրախօսական. Պատմագիտական Լուրջ Ուսումնասիրութիւն Մը Հայ Ժողովուրդի Ազատագրական Պայքարի Ոսկեայ Էջերէն

Օգոստոս 19, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In