ԺԱՄԸ 15:40
-Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք այս պահուս Աքքարէն յայտարարեց, թէ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին Նոր տարիէն առաջ։
-ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ
Բագրատունի, հանդիպելէ ետք հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել
Աունի հետ, կոչ ուղղեց վաւերացնելու լիբանանցիներուն միջեւ արդարութիւն եւ
հաւասարութիւն պարտադրող եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովող
ընտրական օրէնք մը։