Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած դեսպան Ճեֆրի Ֆլէյք «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին, անդրադառնալով Անգարայի արտաքին քաղաքական օրակարգին, խօսած է նաեւ Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման հոլովոյթին մասին` զայն համարելով «հիանալի» զարգացում: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը:
«Մենք գոհունակութեամբ կ՛ընդունինք այս հոլովոյթը: Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած առաջին հանդիպումը եւ այժմ Վիեննայի մէջ կայանալիք հանդիպումը մեզ շատ կ՛ուրախացնէ: Այս զարգացումները իսկապէս գօտեպնդող են: Պոլիս-Երեւան ուղիղ օդանաւային հաղորդակցութեան վերսկսումը եւս կարեւոր ազդակ է», ըսած է դեսպան Ֆլէյք:
Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու իբրեւ դեսպան Ֆլէյքի թեկնածութիւնը ամերիկեան Ծերակոյտին կողմէ հաստատուեցաւ հոկտեմբեր 2021-ին: Յունուարի սկիզբը ան հասաւ Անգարա` փոխարինելով դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆիլտը: