Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Փետրուար 17, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 6063 վարակուածներ եւ մահացած 18 ուրիշներ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 21.150 լ. ոսկիի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 2400 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 2000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 300 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 362.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 372.000 լ. ոսկի, մազութը` 333.400 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 280.600 լ. ոսկի:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ մեկնեցաւ Գահիրէ, ուր պիտի մասնակցի Արաբական երկիրներուն խորհրդարանական համադաշնակցութեան 32-րդ խորհրդաժողովին: Կը նախատեսուի, որ խորհրդաժողովին ընթացքին Պըրրի արտասանէ խօսք մը` ներկայացնելու համար Լիբանանի իրավիճակը եւ անդրադարձ կատարելու շրջանային իրադարձութիւններուն:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Մուսթաֆա Պայրամ երէկ նամակներ յղեց Կեդրոնական դրամատան եւ դրամատուներու միութեան` պահանջելով յարգել դրամատուներէն գանձուելիք աշխատաւորներուն աշխատավարձերն ու օժանդակութիւնները, առանց արգելքներու ենթարկելու այդ գործառնութիւնը: Պայրամ ընդգծեց, որ լիբանանցի պաշտօնեաները մէկ անգամով պէտք է ստանան իրենց աշխատավարձը` առանց արգելքներու ենթարկուելու, սպառնալով այլապէս դատական հարց յարուցել դրամատուներուն դէմ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հարց տուաւ, թէ ի՞նչն է առաջնահերթութիւնը. «Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին ձերբակալումն ու հաստատութիւնը դատական հսկողութեան տակ ձգե՞լը, թէ՞ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն իրաւունքները պաշտպանելու համար Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ ծրագիր մը մշակելը»: Ժոմպլաթ նաեւ հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ յանկարծ լիբանանեան բանակին տրամադրուած ամերիկեան օժանդակութիւնները սկսած են մերժուիլ, կարծէք թէ անոնք գաղտնաբար կատարուող օժանդակութիւններ ըլլային:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպան Հայտար Շաայահ Պարրաքը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Հըզպալլա խանդավառ է երեսփոխանական ընտրութիւններով` կոչ ուղղելով բոլորին խիտ շարքերով ուղղուելու դէպի քուէատուփեր:

Նախորդը

Ֆրանսական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն

Յաջորդը

Դատախազ Ղատա Աուն Դատական Հարց Կը Յարուցէ Իմատ Օսմանի Դէմ

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին.  Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը
Լիբանանեան

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?