Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ 13 փետրուար 2022-ին, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 10:25-ին, Հայաստան-Վրաստան սահմանային գօտիին վրայ տեղի ունեցած է 5,3 պալ ուժգնութեամբ երկրաշարժ:
Երկրաշարժը զգացուած է Տաւուշի, Կոտայքի, Արմաւիրի, Շիրակի, Լոռիի, Արագածոտնի մարզերուն մէջ` 4-5 պալ ուժգնութեամբ, իսկ Երեւան քաղաքին մէջ` 3-4 պալ ուժգնութեամբ:
Ըստ նախնական տուեալներուն, աւերածութիւններ չկան, նշուած է Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: