Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միւֆթի Տըրիան Այցելեց Ռաֆիք Հարիրիի Դամբարանը

February 14, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ այցելեց նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի եւ անոր ընկերակիցներուն դամբարանները:

Միւֆթի Տըրիան հաստատեց, որ Ռաֆիք Հարիրի պետական այր էր, որուն համար մարդ արարածին նկատմամբ գուրգուրանքն ու վերաշինութիւնն ու վերակառուցումը կարեւոր յատկանիշներ էին:

«Ռաֆիք Հարիրի միշտ ազգային սկզբունքներուն տէր կանգնած է, քաղաքական երկխօսութեան մէջ եղած է անկեղծ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պետութեան հաստատուն հիմնասիւներէն, մինչդեռ այսօր պետութիւնն ու երկիրը կը գտնուին փուլ գալու սեմին, եթէ տակաւին փուլ չեն եկած», ըսաւ միւֆթի Տըրիան:

Հարիրիի սպանութեան 17-րդ տարելիցին առիթով միւֆթի Տըրիան ցաւով հարց տուաւ, թէ մինչեւ ե՞րբ նահատակներ պիտի շարունակեն իյնալ, երբ Լիբանան ինքնին նահատակուելու ճամբուն վրայ կը գտնուի:

Սաատ Հարիրի Նախագահեց Մուսթաքպալ Պլոքի Նիստին

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ վերադարձաւ Պէյրութ, երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի նիստին, որուն ընթացքին ան իբրեւ եղբայր իր ղեկավարած պլոքի երեսփոխաններուն խորհուրդ տուաւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իրենց թեկնածութիւնը չառաջադրելու, որովհետեւ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի յաւելեալ իրարանցում` աւելցնելով, որ հորիզոնին վրայ ոչ մէկ լուծում կ՛երեւի տակաւին:

Տեղեկատուական աղբիւրներ նշեցին, որ այս հանդիպումը պահանջած էր պլոքը, եւ Հարիրի ընդառաջած էր` յաւելեալ խորքային խորհրդակցութիւն կատարելու քաղաքական կեանքին մէջ իր եւ Մուսթաքպալ հոսանքին մասնակցութիւնը առկախելու որոշումին մասին:

«Ես չեմ կրնար արգիլել կամ արտօնել ոեւէ մէկուն` թեկնածութիւն առաջադրելու, այլ իւրաքանչիւրդ ազատ էք այդ որոշումին մէջ, պայմանով որ թեկնածութիւն առաջադրելու պարագային` անիկա Մուսթաքպալ հոսանքին հովանաւորութեամբ չկատարուի», ըսաւ Հարիրի:

Ան պահանջեց իր պլոքի երեսփոխաններէն շարունակել իրենց օրէնսդրական դերակատարութիւնը եւ պոյքոթի չենթարկել խորհրդարանի նիստերը, այլ` մասնակցիլ պետական ամավարկի քննարկման նիստերուն, «իսկ եթէ հարցը հասնի այն աստիճանի, որ խորհրդարանը փափաքի պաշտօնավարման իր նստաշրջանը երկարաձգել, ապա այդ պարագային տրուելիք որոշումը անմիջպէս հրաժարիլն է», շեշտեց Հարիրի:

 

Նախորդը

Համիէ Իրաքցի Իր Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկեց Պէյրութի Եւ Պասրայի Նաւահանգիստները Իրարու Կապելու Կարելիութիւնները

Յաջորդը

Բոլորը Կը Հաստատեն Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Կայացումը

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.