Հայկական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ Ատլերի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցած Ա. Լունիովի անուան աթլեթիզմի բաց մրցաշարքին, Հայաստանէն Մելիք Ջանոյեան նիզակ նետելու մրցումներուն արձանագրելով 79,71 մեթր արդիւնք մը, ապահոված է Լոնտոնի 2012-ի Ամառնային ողիմպիականի խաղերուն իր տոմսը: Հայկական լրատու աղբիւրները իրենց այս լուրը քաղած են Հայաստանի Ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքէջէն:
Ջանոյեան Ողիմպիական խաղերու իր տոմսը ապահովելէ բացի իր հաստատած անձնական մրցանիշը բարելաւած է 21 սանթիմեթրով:
2008-ին Պէյճինկի ողիմպիականին մասնակցելով ան արձանագրած էր 78,30 մեթր արդիւնք մը:
Նշենք, որ ան յառաջիկայ 24 մարտին կը դառնայ 27 տարեկան:


