Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընն ու Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն քննարկած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններն ու Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած կացութիւնը: Այս մասին հաղորդեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Արտաքին գործոց նախարար Պլինքընը եւ արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլուն քննարկած են Ուքրանիոյ դէմ նոր ռուսական մագլցումին եւ յարձակումի սպառնալիքին դէմ ՕԹԱՆ-ի յաւելեալ համակարգման եւ միասնութեան կարելիութիւնները», նշուած է մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ:
Պլինքըն ընդգծած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հաղորդակցութիւնները` աջակցելով խնդիրի դիւանագիտական լուծման:
«Երկու ղեկավարները քննարկած են Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը, ինչպէս նաեւ լրացուցիչ քայլերը, որոնց Միացեալ Նահանգները կրնան ձեռնարկել` այդ ջանքերուն աջակցելու համար», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Կ՛ընդգծուի, որ զրուցակիցները քննարկած են նաեւ թուրք-ամերիկեան երկկողմանի ամուր յարաբերութիւններու պահպանման կարելիութիւնները:


