Թուրքիոյ իշխանութիւնները կ՛ուզեն Անգարայի եւ Երեւանի մէջ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպումներ կազմակերպել: «Վեսթնիք Քաւքազա» կը հաղորդէ, որ այս մասին «Թէ.Ռէ.Թէ.Հապեր» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու:
Վերջինս յիշեցուցած է, որ առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած է Մոսկուայի մէջ, երկրորդը 24 փետրուարին նախատեսուած է Վիեննայի մէջ:
«Մենք կ՛ուզենք հանդիպումներ ունենալ Անգարայի եւ Երեւանի մէջ, սակայն հայկական կողմը ընտրած է երրորդ երկիրը: Ոչինչ, կարեւորը հոլովոյթը ընթացքի մէջ է», ըսած է Չաւուշօղլուն:
Ան նշած է, որ Հայաստանը պէտք է օգտուի առիթէն եւ վերատեսութեան ենթարկէ իր դիրքորոշումները: Ան դարձեալ շեշտած է, որ Թուրքիան Հայաստանի վերաբերող բոլոր քայլերը կը քննարկէ Պաքուի հետ, իսկ Ազրպէյճանը Հայաստանի հետ երկարաժամկէտ խաղաղութեան ի նպաստ կ՛արտայայտուի:
«Մենք միամիտ չենք: Ատով հանդերձ, սակայն, կը գիտակցինք վճռական քայլերու անհրաժեշտութեան», ըսած է թրքական դիւանագիտութեան պետը:
Ան աւելցուց, որ այժմ շրջանին մէջ պէտք է հաստատուի խաղաղութիւն եւ համագործակցութիւն: «Մենք պէտք է աշխատինք շրջանի զարգացման վրայ` գործադրելով կարեւոր ծրագիրներ: Ատիկա ընելու համար բոլոր երկիրները պէտք է իրար հասկնան եւ պէտք է հոլովոյթին մասնակցին: Ոչ ոք պէտք է ետ մնայ, ներառեալ Հայաստանը», ըսած է Չաւուշօղլու:
Անդրադառնալով Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած կացութեան` Չաւուշօղլու նշած է, որ Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ մօտալուտ ներխուժման մասին պնդումներուն շուրջ Արեւմուտքին կողմէ բորբոքուած ոգեւորութիւնը կը հարուածէ Ուքրանիան, ներառեալ այդ երկրին տնտեսութիւնը:
Անոր համաձայն, Թուրքիան իր միջնորդական ջանքերուն մէջ կը գիտակցի, որ խնդիրի արագ լուծում պիտի չըլլայ: «Միեւնոյն ժամանակ, այս փուլին կարեւոր են լարուածութեան մակարդակը նուազեցնելու եւ վստահութեան մթնոլորտ ստեղծելու քայլերը: Կացութիւնը այնքան սարսափելի չէ, որքան կը պատկերացնեն Արեւմուտքի մէջ, սակայն նաեւ լուրջ է», նշած է ան:


