Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱԽԱՐԱՐ ՇԱՐՊԵԼ ՆԱՀՀԱՍ ԻՐ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ ԿԸ ԴՆԷ ԶՕՐ. ԱՈՒՆԻ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ

February 22, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Զօր. Աունը` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ յետմիջօրէին գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, որոնց մէջ իբրեւ արտակարգ կէտ ներկայացաւ աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհասի հրաժարականը:

Միւս կողմէ, զօր. Աունի եւ Նահհասի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին, զօր. Աուն Նահհասէն խնդրած էր ստորագրել փոխադրածախսերուն վերաբերող կառավարութեան որոշումը եւ զայն փոխանցել Պետական շուրային, սակայն Նահհաս ստորագրած էր այդ որոշումին մասին Պետական շուրային փոխանցուելիք իր բողոքը եւ ոչ թէ որոշումը, ինչ որ տհաճ թուեցաւ զօր. Աունին: Այդ կացութիւնը մղեց, որ Նահհաս իր հրաժարականը դնէ զօր. Աունի տրամադրութեան տակ:

Նահհասի հրաժարականը զօր. Աունին փոխանցեց երեսփոխան Ալեն Աուն, որ յայտնեց, թէ ամէն ջանք ի գործ դրած է համոզելու Նահհասը, որ չհրաժարի, սակայն ան անդրդուելի մնացած է:

Նախագահելէ ետք համախմբումի նիստին` երեսփոխան զօր. Միշել Աուն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Նահհասի հրաժարականը կը գտնուի իր տրամադրութեան տակ:

Զօր. Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Նահհասին իր ծառայութեան եւ գործակցութեան համար` շեշտելով, որ ան ատակ եւ բարձր կարողութիւններով օժտուած անձնաւորութիւն է: «Սակայն այս հանգրուանին նախարարին պայմանները չարտօնեցին, որ ան մեզի հետ գործակցի եւ ան մերժեց ստորագրել թէ՛ որոշումը, թէ՛ բողոքը, եւ բաւարարուեցաւ ստորագրելով միայն բողոքը: Հետեւաբար այս հարցը ներքին է: Հրաժարականը իմ քովս է, սակայն անոր հարցը կը լուծուի կառավարութեան կողմէ, որովհետեւ հրաժարականը ի վերջոյ պիտի յղուի կառավարութեան», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ ոչ ոք կրնայ սառեցնել համախմբումին հաւաքական որոշումն ու կամքը:

 

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ՊԱՀՊԱՆԵԼՈՒ ԵՐԿՐԻՆ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ

Յաջորդը

ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ ՄԱԿ-Ի ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ` ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՇՈՒՐՋ ԻՐ 4 ԲԱՆԱՁԵՒԵՐԸ ԳՈՐԾԱԴՐԵԼՈՒ ՄԵՔԱՆԻԶՄՆԵՐ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.