Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆ ԵՒ ՌՈՒՍԻԱ «ՍՈՒՐԻՈՅ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ»-ՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ ՊԻՏԻ ՉՄԱՍՆԱԿՑԻՆ «ՌՈՒՍԻԱ ԵՒ ՉԻՆԱՍՏԱՆ ՊԷՏՔ Է ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՐՑՈՎ ԻՐԵՆՑ ԿԵՑՈՒԱԾՔԸ ՓՈԽԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ՔԼԻՆԹԸՆ

February 22, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հիլըրի Քլինթըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն խոստացաւ Ռուսիան եւ Չինաստանը Սուրիոյ հարցով իրենց կեցուածքը փոխելու գծով համոզելու համար դիւանագիտական բոլոր միջոցառումները որդեգրել: Ան նշեց, որ Մոսկուա եւ Փեքին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին զօրավիգ կանգնելով սխալ որոշում տուին:

«Մեծ քսանեակ»-ի Մեքսիքայի հանդիպումին մասնակցած Քլինթըն յայտնեց, որ ուրբաթ օր Թունուզի մէջ նախատեսուած «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու խորհրդաժողովը ցոյց պիտի տայ, որ Ասատի վարչակարգը Միջին Արեւելքի եւ աշխարհի մէջ հետզհետէ աւելի կը մեկուսանայ:

Միւս կողմէ, Ռուսիա յայտարարեց, որ պիտի չմասնակցի «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու խորհրդաժողովին: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտնեց, որ Ռուսիա 24 փետրուարին «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու խորհրդաժողովի մասնակիցներուն եւ օրակարգին մասին տեղեակ չէ պահուած, «սակայն աւելի կարեւորը` այս նախաձեռնութեան նպատակը յստակ չէ (…) եւ նկատի ունենալով այս կացութիւնները, Թունուզի խորհրդաժողովին մասնակցելու կարելիութիւն չենք տեսներ»:

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան Թունուզի խորհրդաժողովին մասնակցելու հրաւէր ստացած է, սակայն «Լիբանան, որ սուրիական հարցերէն ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութեան կը հետեւի, ինքզինք զանց կացուցեց Սուրիոյ նկատմամբ Արաբական լիկայի բոլոր որոշումներէն, մասնաւորաբար 12 փետրուարին տրուած վերջին որոշումներէն, որոնք կոչ ուղղեցին տնտեսական եւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզելու, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ վերապահութիւն յայտնենք»:

Լիբանանի դիւանագիտութեան պետը ընդգծեց, որ «մենք մեզ զանց կացուցելու քաղաքականութենէն մեկնելով` չենք կրնար Թունուզի խորհրդաժողովին մասնակցիլ»: Ան ըսաւ, որ Լիբանան ամէն օր կեցուածք չի փոխեր, «եւ սուրիական հարցով մեր կեցուածքը յստակ է` սուրիական հարցին եւ ներքին հարցերուն պիտի չմիջամտենք»` Սուրիոյ մէջ միջամտել ուզողներուն կոչ ուղղելով անկեղծ կերպով յայտարարելու, թէ ի՛նչ կ՛ուզեն, վարչակարգը փոխե՞լ, թէ՞ այլ բան:

«Ինքզինք զանց կացուցելը Լիբանանի կեցուածքն է եւ ոչ թէ անձնական, իսկ մենք Լիբանանի բարձրագոյն շահերը նկատի կ՛առնենք», ըսաւ ան:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Սուրիոյ մէջ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց անմիջապէս քաղաքական երկխօսութեան սկսելու»: Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հոնկ Լի յայտնեց, որ Սուրիոյ հարցին նկատմամբ իր երկրին կեցուածքը յստակ է եւ սկզբունքին կառչած կը մնայ:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Քամել Ամրօ ըսաւ, որ «սուրիական տագնապի լուծումը պէտք է արաբական ըլլայ եւ բոլոր կողմերուն ներկայութեամբ»: Ան կոչ ուղղեց Սուրիոյ վերաբերող բոլոր նախաձեռնութիւնները քննարկելու:

Նշենք, որ Սուէզի ջրանցքին մէջ գործող պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ իրանեան երկու մարտանաւերը Սուրիայէն վերադառնալով ջրանցքին ճամբով հեռացած են Միջերկրական ծովէն:

 

Նախորդը

ԵՒՐՈՅԻ ԳՕՏԻԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ՀԱՍՏԱՏԵՑԻՆ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.