Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Բանակի Հիմնադրութեան 30-Ամեակ. Նորանոր Մարտահրաւէրներու Յաղթահարում` Ի Խնդիր Ապագայ Հայրենիքի Անսասանութեան Եւ Սերունդներու Գոյատեւման

Փետրուար 2, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

«Զէնք կրել` չի նշանակում ճշմարիտ զինուոր լինել: Զէնքը չէ մարդս զինուոր դարձնողը: Կայ մի այլ բան – ոգին, մարտական խմորը, արիութիւնը, հայրենի հողի զգացումը, իր կեանքէն աւելի իր դրօշակը  սիրելու եւ նրա համար ամէն վայրկեան մեռնելու յօժարանքը»

ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ

Հայրենիք հասկացողութիւնը սոսկ հողատարածք չէ, այլ` բնօրրան ու սերունդներու գոյատեւման երաշխիք, որուն պատմութիւնը կերտած են հերոս ժողովուրդի մը հերոսածին զաւակները, որոնք իրենց արիւնը նաեւ թափած են հայրենիքի սուրբ բագինին: Սակայն առանց բանակի հզօր պաշտպանողութեան եւ դիմադրութեան` պետութեան կառուցուածքի հիմքերը խախուտ կ՛ըլլան: Արդ, նոյնն է պարագան հայոց հայրենիքին եւ պետականութեան: Հայրենիքի հանդէպ սէր ունենալը կ՛ամրապնդէ հայոց բանակին շարքերը եւ, անշուշտ, կը զօրանայ հայրենիքը` հայրենասէր ղեկավարներով:  Այս սէրը անհատի կազմաւորման մէջ աճեցուցած կ՛ըլլայ նախ ընտանիքը, ապա միջավայրը (դպրոց, ակումբ, եկեղեցի, միութիւն) եւ վերջապէս` հայրենիքը ինքնին: Այս սէրը` նոյնիսկ տարբեր պատճառներու բերումով (ջարդ, տեղահանութիւն) հայրենիքէն հեռու ծնունդ առած, կը մնայ վառ եւ ճառագայթող` լիիրաւ իւրաքանչիւր հայու ենթագիտակիցին, առօրեային եւ ապրելակերպին մէջ: Ի զուր չէ Խրիմեան Հայրիկին նշանաւոր խօսքը` «Իւր ազգն ու հայրենիքը չսիրող անձը մարդկային կեանքի մէջ ապրելու իրաւունք չունի»: Այո՛, մենք ի՞նչ տարբերութիւն պիտի ունենանք, երբ մեր ազգը, իսկութիւնը, էութիւնը, բնօրրանը եւ հայրենիքը չենք սիրեր եւ պատրաստ չենք ամէն տեսակի զոհաբերման: Ահա հոս կը կայանայ նաեւ հայոց բանակին դերը: Հայկական տօնացոյցի կարեւոր տօներէն մէկը կը նկատուի 28 յունուարը` իբրեւ անկախ Հայաստանի բանակի կազմաւորման տօն: Հայոց բանակի տօնին ընդմէջէն կը մեծարուի հայ զինուորը, որուն անկոտրում կամքով, նոյնիսկ հայրենիքի բագինին արեան հեղումով այսօրուան պետութեան ստեղծման ու շարունակականութեան ապաւէնն ու երաշխիքը հանդիսացաւ:

Հայրենիքը կը սկսի սահմաններէն, իսկ այդ հայրենիքը կը պահէ հայոց բանակը: Դժբախտաբար վերջին երկու տարիներուն իմ սուրբ հայրենիքիս մասին յօդուածագրութեանս շարքը մասամբ ընդհատուեցաւ Արցախի քառասունչորսօրեայ պատերազմի աւարտին տարածքներու անհամեմատ կորստեան եւ, ամէնէն կարեւորը, հայոց բանակին ու հայ կամաւորական ջոկատներու աւելի քան հինգ հազար նահատակներու առթած ծանր վիշտին, որ պարուրեց իւրաքանչիւր հայու սիրտը եւ խոցեց հայրենասիրութիւնն ու սէրը: Սակայն խաւարին անպայման պիտի յաջորդէ լուսաբացը: Այո՛, Եռաբլուրը վկայարան է եւ սրբավայր, ուխտի վերանորոգման աղբիւր` մեր բոլոր նահատակներուն: Փա՛ռք իրենց նահատակութեան խորհուրդին եւ փա՛ռք մեր հայոց բանակին:

Իրաւամբ Գարեգին Նժդեհի խօսքերը այսօր ալ չափազանց այժմէական են եւ հեռատես` «Ժողովուրդները նախ եւ առաջ իրենց ամենաընտիր որդիներու արիւնով կը սրբեն իրենց երկիրը եւ ապա սրբացած հողի վրայ կը բարձրացնեն շէնքն իրենց անկախութեան: Այո՛, նախ հերոսների եւ նահատակների գերեզմանատուն, ապա` ազատ եւ երջանիկ  հայրենիք»:

Այսօր մենք յարգանք կը տածենք նախ մեր նահատակներուն, երկրորդ` մեր հերոսածին մայրերուն եւ հայրերուն, որոնք առիւծասիրտ զաւակներ աշխարհ բերին, երրորդ` մեր հայոց հզօր  բանակին մաս կազմող եւ սահմանը պաշտպանող իւրաքանչիւր զինուորի:

Այսօր Հայաստանի ու հայութեան դիմաց կան բազմաթիւ մարտահրաւէրներ. առաջին` հայրենասէր ղեկավարութեան պակաս: Այս մէկը առաւել եւս շեշտուեցաւ արցախեան վերջին պատերազմէն ետք, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաժարականին լոյսին տակ, երբ կենդանի հարցախոյզ մը կատարուած էր լրատուամիջոցի մը կողմէ, թէ որո՞ւ կ՛առաջարկեն իբրեւ Հայաստանի յաջորդ նախագահ, մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը հիասթափուած պատասխան կու տար` «Չկայ հայրենասէր ղեկավար»: Ահա այս ալ այլ պատճառ կրնայ դառնալ գաղթի, երբ գրեթէ չկայ հայրենասէր ղեկավար, որ հայրենիքի շահն ու ժողովուրդին բարօրութիւնը գերիվեր դասէ:

Երկրորդ մարտահրաւէր` բազմազաւակութիւնը: Արցախեան պատերազմին առթած վիշտը ծանր ազդեցութիւն ձգեց բոլորիս վրայ, մանաւանդ որ նահատակներուն մեծամասնութիւնը տասնութամեայ, տասնիննամեայ եւ քսանամեայ սերունդին կը պատկանի: Ո՞վ պիտի մտածէ բազմազաւակութիւնը քաջալերելու օրակարգը առաջ քշելու հարցը, եթէ ոչ` ղեկավարութիւնը: Ասկէ տասը տարի, քսան տարի ետք, երբ որդեծնութեան թիւը պակսի, հայոց բանակին կամաւորագրուելու լուրջ խնդիրի առջեւ պիտի ըլլայ մեր հայրենիքը: Արդ, զգօն եւ արագ միջոցներ որոնելու ենք, որպէսզի կանխենք այս վտանգը:

Երրորդ մարտահրաւէր` սփիւռքահայութեան զանգուածային տեղահանութեան, յատկապէս միջինարեւելեան երկիրներէ հայրենադարձ հայորդիներու հանդէպ հարազատ վերաբերում, գուրգուրանք, դիւրութեանց ընծայում: Հայաստանը այսօր փաստօրէն եւ ձեւով մըն ալ կանգուն է շնորհիւ սփիւռքին: Այո՛, բացարձակ իրականութիւն է, որ Հայաստանն ու սփիւռքը զիրար կ՛ամբողջացնեն, բայց այս անքակտելիութիւնը պէտք է տեսնել աւելի շօշափելի կերպով: Հայաստան հաստատուած իւրաքանչիւր հայրենադարձ պէտք է ինքզինք հարազատ տան մէջ զգայ, հեռու` ամէն տեսակ զգայնութիւններէ, զատողութիւններէ:

Չորրորդ մարտահրաւէր` հայոց բանակի հզօրացում: Դժբախտաբար իրազեկ դարձանք 2020 թուականի քառասունչորսօրեայ պատերազմին, որ Հայոց բանակի գործածած զէնքերը, ռումբերը չեն համապատասխաներ ներկայ արդի արհեստագիտութեան` թշնամիին գործածած յառաջադէմ մեթոտներուն ի տես: Հարկ է մարտավարական հզօր բանակ ունենալ` դէմ դնելու համար ամէն սադրանքի, նախայարձակման եւ պատերազմի փողի հնչման: Այո՛, քիչ մը ուշ ենք, բայց աւելի լաւ ուշ, քան` երբեք, ի խնդիր Հայաստանի անսասանութեան, յանձնուած տարածքներու վերատիրացման եւ կորսուած արժանապատուութեան վերահաստատման:

Վերջապէս, Հայաստան յաւերժական հայրենիքն է   կայքը` իւրաքանչիւր հայու, ուշ կամ կանուխ: Առանց հայրենադարձութեան եւ սփիւռքահայութեան հայրենաբնակման աշխատանքի, վտանգի մէջ է Հայաստանը` բնակչութեան թիւի զգալի նուազումով եւ ուժերու ջլատումով, իսկ սփիւռքը` ձուլման, կորուստի վտանգաւոր եւ ազգակործան երեւոյթով:

Տօնդ շնորհաւո՛ր, հայո՛ց բանակ:

Փա՛ռք Եռաբլուրի եւ այլ սրբավայրերու մէջ ննջած իւրաքանչիւր նահատակի:

Տոկունութիւն եւ հզօր հայրենասիրութիւն` ղեկավարութեան:

Հայրենադարձութիւն իւրաքանչիւրիս` ի խնդիր մեր գերագոյն երազի իրականացման եւ հայեցի ու հայադրոշմ սերունդներու գոյատեւման:

 

 

Նախորդը

Աշխարհասփիւռ Հայութիւն` Ոտքի՛

Յաջորդը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն. Հաղորդագրութիւն (Քաղաքացիներուն Եւ Ելեկտրածին Շարժակներու Սեփականատէրերուն` 2022 Յունուար Ամսուան Ելեկտրականութեան Վճարումին Վերաբերեալ)

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?