Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնած է, որ Ռուսիան աշխուժօրէն կը նպաստէ տարբեր ծաշրջաններու, որոնց շարքին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, Սուրիոյ մէջ եւ այլուր, ճգնաժամային կացութիւններու խաղաղ, դիւանագիտական կարգաւորման: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Լաւրով այս մասին ըսած է Տումայի «Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութեան արդի հարցերու մասին» նիւթով լիագումար նիստի ընթացքին իր խօսքին մէջ:
«Մենք գործօն կերպով կը նպաստենք տարբեր շրջաններու մէջ ճգնաժամային կացութիւններու, ըլլայ այդ Լեռնային Ղարաբաղը, Սուրիան, Լիպիան, Աֆղանիստանը, Արաբ-իսրայէլեան տագնապը, Քորէական թերակղզիին մէջ կացութիւնը, Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ ճգնաժամային կացութիւններու խաղաղ քաղաքական եւ դիւանագիտական լուծման», ըսած է Լաւրով:
Ըստ ռուսական դիւանագիտութեան պետին, նման ջանքերը կը նպաստեն աշխարհի վրայ կացութեան ընդհանուր բարելաւման, կը հաստատեն ռուսական կողմի` իբրեւ յուսալի միջազգային գործընկեր հեղինակութիւնը:
Անդրադառնալով ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի արեւելեան թեւի վրայ զինուորական ներկայութեան հաւանական յաւելման մասին խօսքերուն` Լաւրով ըսաւ. «Գիտէք, ես շատոնց չեմ քններ անոր յայտարարութիւնները, իմ կարծիքովս` ան արդէն կորսնցուցած է իրականութեան հետ կապը»:



