Հայաստանի Ազգային ժողովը 24 յունուար 2022-ին Քրիստինէ Գրիգորեանը ընտրեց մարդու իրաւունքներու պաշտպան, անոր թեկնածութիւնը առաջադրեց «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը:
Փակ քուէարկութեան մասնակցեցան 107 պատգամաւորներէն 68-ը, որոնք թեր քուէարկեցին: Ընդդիմութիւնը չմասնակցեցաւ քուէարկութեան:
Քրիստինէ Գրիգորեան երդում տուաւ. ան պաշտօնը պիտի վարէ գործող պաշտպանի պաշտօնավարման ժամկէտի աւարտի յաջորդ օրը:
Գործող մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանի պաշտօնավարման ժամկէտը կ՛աւարտի 23 փետրուարին: