Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Յունուար 19, 2022
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Վերահրատարակուած Է Ռուբէն Տէր Մինասեանի Յոյժ Արդիական Աշխատութիւններէն Մէկը

Վերահրատարակուած է Ռուբէն Տէր Մինասեանի յոյժ արդիական գիրքերէն մէկը` «Հայաստանը միջցամաքային ուղիներու վրայ» աշխատութիւնը: Գիրքը կարեւոր է յատկապէս աշխարհաքաղաքական կողմնորոշումներու առումով եւ ամբողջական պատկերացում կու տայ մեր տարածաշրջանի եւ Հայկական Լեռնաշխարհի պատմաքաղաքական անցեալին եւ ընթացող իրադարձութիւններուն մասին: Աշխատութիւնը հասկնալի եւ մատչելի դարձնելու նպատակով հրատարակուած է աբեղեանական ուղղագրութեամբ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք այս կարեւոր աշխատութեան վերահրատարակիչ Գագիկ Սարգսեանի ամփոփ նախաբանը` գիրքին երրորդ հրատարակութեան առիթով.

«Ռուբէն Տէր Մինասեանի «Հայաստանը միջցամաքային ուղիների վրայ» աշխատութիւնը գրուել է Բ. Համաշխարհային պատերազմի աւարտէն անմիջապէս յետոյ: Այն առաջին անգամ տպագրուել է Պէյրութում, 1948 թուականին, իսկ երկրորդ անգամ` 1982  թուականին, Թեհրանում:

«Հեղինակի սոյն աշխատութիւնը, ըստ էութեան, հանդիսանում է մեր տարածաշրջանի` մասնաւորապէս Հայաստան աշխարհի աշխարհաքաղաքական վերլուծութեան առաջին յաջողուած փորձը: Ռուբէնը նախքան Հայկական Լեռնաշխարհին անդրադառնալը` մանրամասն ներկայացնում է եւրոպական եւ ասիական երկրների` հիմնականում հզօր խաղացողների շահերն ու նկրտումները, Ասիան Եւրոպային կապող ճանապարհների, Արեւելքի եւ Արեւմուտքի պատմաքաղաքական անցեալի, հակադրութեան, մրցակցութեան հիմնական պատճառներն ու շեշտադրումները եւ այդ ամէնի համատեքստում` մեր հայկական շահերն ու անելիքները:

Հայկական Լեռնաշխարհը Ռուբէնը ներկայացնում է որպէս բերդ-ամրոց եւ գիտականօրէն հիմնաւորում այդ բերդ-ամրոցի կարեւորութիւնը նրան շրջապատող մերձաւորարեւելեան ու կովկասեան երկրների անվտանգութեան հարցում: Կա՛յ հայկական բերդը, որը անվտանգութեան պատնէշ է հարեւան երկրների համար, ուրեմն կայ խաղաղութիւն հարեւան երկրներում, կայ խաղաղ գոյակցութիւն Մերձաւոր Արեւելքում` ընդհանրապէս: Ռուբէնի կատարած աշխարհաքաղաքական վերլուծութեամբ գիտականօրէն հիմնաւորւում է միացեալ Հայաստանի ստեղծման եւ աշխարհասփիւռ հայութեանը նոյն յարկի տակ միաւորելու մեր անքակտելի իրաւունքը, եւ դա էլ այս բարձրարժէք աշխատութեան հիմնական մեխն է ու նպատակը:

Գրուած լինելով 75 տարի առաջ` այն այսօր էլ աւելի քան արդիական է. նոյն խաղացողները, գրեթէ նոյն բաներն ու նպատակները»:

Գառնիի Տաճարը Ներառուած Է Հռոմէական Կայսրութեան Ժամանակաշրջանի Աշխարհի Լաւագոյն Յուշարձաններու Ցանկին Մէջ

Պելճիքական «Le Vif Weekend» առցանց պարբերականը հրապարակած է հին հռոմէական ժամանակաշրջանի (ՆՔ 754/753 – ՔԵ 476թ.) ժառանգութեան վերաբերող լաւագոյն ճարտարապետական յուշարձաններու ցանկը:

51 ամենագեղեցիկ յուշարձաններու թիւին մէջ ներառուած է նաեւ Գառնիի հայկական հեթանոսական տաճարը, որ կը գտնուի Կոտայքի մարզի` Ազատ գետի հովիտին մէջ: Գառնին ցուցակին մէջ կը զբաղեցնէ 37-րդ դիրքը:

Գառնիի հեթանոսական տաճարը Հայաստանի մէջ կառուցուած է մեր թուարկութեան առաջին դարուն: է. Հայոց Տրդատ Ա. թագաւորի կողմէ: Պատմաճարտարապետական համալիրը կը գտնուի համանուն ժամանակակից գիւղի կողքին:

Գառնիի տաճարը միակ յուշարձանն է, որ կը պահպանուի Հայաստանի տարածքին եւ կը թուագրուի հեթանոսութեան եւ հելլենիզմի դարաշրջանով:

Ցուցակը գլխաւորած է Հռոմի Քոլիզէյը` աշխարհի ամենամեծ ամֆիթատրոնը եւ աշխարհի եօթը ժամանակակից հրաշալիքներէն մէկը:

Երկրորդ դիրքը կը գրաւէ հին հռոմէական երկնքի աստծոյ, լոյսի, ամպրոպի աստուած Ժիւփիթերին նուիրուած տաճարը, որ սկսած էր կառուցուիլ հռոմէական կայսր Անտոնինոս Պիոսի օրով, իսկ աւարտած` Ներոն կայսրի օրով (ՔԵ 37-68) եւ կը գտնուէր հնագոյն Պաալպեք քաղաքի մէջ (ժամանակակից Լիբանան):

Երրորդ դիրքը զբաղեցուցած է հռոմէական պանթէոնը կամ «Բոլոր աստուածներու տաճարը», որ նուիրուած է հին հռոմէական աստուածներուն եւ կառուցուած է առաջին դարուն հռոմէական կայսր Հադրիանոսի հրամանով:

Յաջորդ Քայլը Պէտք Է Ըլլայ Արաբական Մշակոյթի Օրերու Կայացումը Հայաստանի Մէջ. Նունէ Սարգսեան

Այս տարի «Շարժայի ժառանգութեան օրեր» մշակութային փառատօնի պատուաւոր հիւրը Հայաստանն էր: Հայաստանի նախագահին կինը` Նունէ Սարգսեան այցելեց Շարժայի ժառանգութեան հիմնարկ:

«Պէտք է աշխարհին անգամ մը եւս ցոյց տանք, որ Հայաստանը այն գեղեցիկ երկիրն է, ուր կ՛արժէ այցելել»: Շարժայի ժառանգութեան հիմնարկի տնօրէն Ապտուլազիզ Ալ-Մուսալլամի եւ «Շարժայի ժառանգութեան օրեր» մշակութային փառատօնի կազմակերպիչներուն հետ հանդիպման ժամանակ ըսաւ Նունէ Սարգսեան: Այս մասին տեղեկացուցին նախագահի աշխատակազմէն:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ իր կինը, ինչպէս նաեւ հայկական պատուիրակութեան անդամները այցելեցին Շարժայի ժառանգութեան հիմնարկ: Իբրեւ պատուաւոր հիւր` Հայաստանը այս տարի մասնակցեցաւ Շարժայի ժառանգութեան հիմնարկի կողմէ իրականացուող փառատօնին` ներկայացնելով մեր մշակութային ժառանգութիւնը:

«Մենք մեծապէս կը գնահատենք մեր բարեկամութիւնը Արաբական Միացեալ Էմիրութեան հետ եւ կը յուսանք, որ այս կապը մեր երկիրներուն միջեւ մշակութային ծրագրի մեկնարկ կը հանդիսանայ: Կը կարծենք, որ յաջորդ քայլը պէտք է ըլլայ արաբական մշակոյթի օրերու կայացումը Հայաստանի մէջ», ըսաւ Նունէ Սարգսեան:

Ան նաեւ կարեւոր համարեց Հայաստանի մասնակցութիւնը փառատօնին` զբօսաշրջութեան զարգացման տեսանկիւնէն եւ նշեց, որ այս կապը կրնայ խթանել զբօսաշրջիկներու հոսքը դէպի Հայաստան:

Ապտուլազիզ Ալ-Մուսալլամ իր հերթին նշեց, որ հայերը եւ արաբները ունին պատմական բարեկամական յարաբերութիւններ, եւ իրենք վստահութեամբ կը վերաբերին յատկապէս հայկական մշակոյթին, աւանդոյթներուն, ինչո՞ւ չէ, նաեւ ապրանքներուն նկատմամբ:

Տեղեկացնենք, որ փառատօնին հայկական տաղաւարը ներկայացաւ Նունէ Սարգսեանի հովանիին տակ: «Շարժայի մշակութային ժառանգութեան օրեր» փառատօնը կ՛իրականանայ 2003 թուականէն սկսեալ, կը համարուի ամենայայտնի մշակութային ձեռնարկներէն մէկը եւ կը կազմակերպուի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի` Համաշխարհային ժառանգութեան օրերու շրջանակներուն մէջ:

Հրատարակուած Է «Հայաստանի Երկրաբանական Վտանգներու Գէոպարկի Ստեղծման Նախադրեալները» Գիրք–Ատլասը

Գէոպարկերը աշխարհագրական տարածքներ են, որոնց հիմքին մէջ առանձնայատուկ տեսարժան, երկրաբանական ժառանգութիւնն է, որ կը զուգորդէ պատմական, հնագիտական, մշակութային բաղադրիչներով: Գէոպարկերը կը hանդիսանան միակ միասնական աշխարհագրական տարածքները, ուր կարեւորութիւն ունեցող բացառիկ երկրաբանական վայրերը եւ մակերես-տարածքները կը կառավարուին հետազօտական, պահպանման, կրթական եւ կայուն զարգացման ամբողջական հայեցակարգով` ընդգրկելով տեղական համայնքներու ուժերն ու կարելիութիւնները:

Երկրաբանական զբօսաշրջութեան հեռանկարային զարգացումը լրացուցիչ խթան կը հանդիսանայ սեփական ձեռներէցութեան եւ տնտեսութեան կայուն զարգացման համար: Գէոպարկը կը հանդիսանայ Հայաստանի` իբրեւ երկրաբանական զբօսաշրջութեան միջազգային ճանաչման եւ բնութեան նկատմամբ բարեհաճ գործելակերպի բարձր քաղաքակրթական նշագծի ցուցանիշ:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Համաշխարհային գէոպարկերը» ծրագիրը սկսած է 2001 թուականին եւ այժմ կ՛ընդգրկէ 169 միաւոր` 44 երկիրներու մէջ: Հայաստանի Հանրապետութեան այդ ընտանիքին անդամակցութիւնը հիմնաւոր քայլ կ՛ըլլայ բնութեան պահպանման առաւել քան արդիական հարցին լուծման ճանապարհին:

Քանաքեռաւան Համայնքին Մէջ Բնակող Պապայեանները Վակոն Տնակի Մէջ 25 Տարի Ապրելէ Ետք Տօնեցին Իրենց Բնակարանամուտը

Կոտայքի մարզի Քանաքեռաւան համայնքին մէջ բնակող Պապայեանները Նոր տարին դիմաւորեցին կիսակառոյցը տուն դարձնելու հարցին մէջ իրենց աջակցած կազմակերպութիւններուն` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի եւ «Ֆուլեր» տնաշինական կեդրոնի ղեկավարներուն հետ: Տարիներու գործընկերներուն համար կարեւոր ձեռքբերում է ո՛չ միայն մարդոց կեցութեան պայմաններու բարելաւումը, այլեւ` անոնց հոգեբանութեան մէջ կատարուող դրական փոփոխութիւնը:

Ընդարձակ եւ լուսաւոր սենեակներու, մաքուր եւ յարմարաւէտ տան մասին ընտանիքին մայրը երազած է ոչ միայն տօներուն, այլեւ ամէն բացուող առաւօտ, 25 տարի շարունակ: Այժմ փոխուած են երազները եւ երբեմնի` տխրութիւն արտայայտող հայեացքը:

«Ձմրան ամիսներուն վակոն-տնակի երկաթեայ բարակ պատերը չէին պահեր ներսը վառող վառարանին ջերմութիւնը. ներսը ջերմաստիճանը վայրկեաններու ընթացքին կ՛իջնէր: Խոհանոցը կը գտնուէր դուրսը, սանհանգոյցի մասին չեմ ուզեր խօսիլ… Տօնական օրերուն մարդիկ հիւրեր կ՛ընդունէին, իսկ մեր տնակին մէջ` մէկ, երկու եւ նստելու տեղ չէր ըլլար: Այսօր այդ ամէնը  վատ երազ կը թուի: Առանց օգնութեան, ո՞վ գիտէ, թէ քանի՛ տարի կը տեւէր մեր զրկանքը», նշեց տանտիրուհի Արմիդան:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի եւ «Ֆուլեր» տնաշինական կեդրոնի բնակարանաշինութեան միացեալ ծրագրի տասնամեայ յաջողութիւնը խօսուն է. այդ ծրագիրէն աջակցութիւն ստացած է 391 ընտանիք` Հայաստանի բոլոր մարզերուն մէջ անխտիր:

«Արդէն տասը տարիէ ի վեր կ՛իրականացնենք բնակարանաշինութեան ծրագիր: Կը թուի` ամէն ինչ նոյնն է, սակայն նրբութիւններ կան: Երկու ընդհանրութիւն կայ` ընտանիքներու երազը եւ մեր նպատակը: Մնացեալը տարբեր է,  դժուարութիւններու մէջէ անցած այս մարդիկը տարբեր են իրենց ապրած կեանքով: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ապրեր է հարցերը յաղթահարելու իր ճանապարհը: Մեր նպատակը մէկ է` մարդիկը հանել անելանելի վիճակէն եւ անոնց համար ստեղծել ապագայի հիմքեր ու ամրացնել կամքն ու հաւատքը: Համոզուած եմ, որ կենցաղի նոր պայմաններն ու յենարան ունենալու փաստը ամբողջովին կը փոխէ նաեւ այս ընտանիքին կեանքը: Այդ փոփոխութիւնն է չափման այն միաւորը, որ թոյլ կու տայ յաջողած համարել մեր միացեալ ծրագիրը», հաղորդեց «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանը:

«Մեր ծրագրի նպատակը տունի կարիք ունեցող ընտանիքներուն բնակարանային հարցին լուծումն է նուազագոյն պայմաններու ապահովումով: Ընկերային-կենցաղային հարցերէն թեթեւացած մարդը ազատ կ՛արարէ` ներկան վայելելու եւ ապագայի համար աւելի հեռահար ծրագիրներ մշակելու հարցին մէջ: Մենք կը փորձենք մարդոց տալ այդ հնարաւորութիւնը», նշեց «Ֆուլեր» տնաշինական կեդրոնի նախագահ Աշոտ Եղիազարեանը:

Յայտնենք, որ Հայաստանի տասը մարզերու մէջ իրականացուող բնակարանաշինութեան ծրագրի շրջանակներուն մէջ 2021 թուականին աջակցութիւն ստացած է 87 ընտանիք:

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Վարանդայի Դաւաճան Մելիք Շահնազարի Ձեւական Կրօնասիրութիւնը Եւ Մահը . Պլը Պուղի` Պալատական Ծաղրածու

Յաջորդը

Հայոց Բարձրադիր Ու Լեռնոտ Երկիրը. Կամ Նոր Յոյսի Տարին

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 9, 2025
Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար
Հայրենի Կեանք

Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար

Յուլիս 2, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունիս 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?