Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Բարձրադիր Ու Լեռնոտ Երկիրը. Կամ Նոր Յոյսի Տարին

Յունուար 19, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ամիս մը առաջ էր, որ Ամերիկայէն Երեւան հասած բարեկամիս հետ Հայաստանի ծանր դրութեան մասին կը խօսէի:

Լուռ,  մինչեւ վերջ լսեց, աչքերը անթարթ պահեց, բայց ամէն անգամ որ եղած ծանր դէպքերուն  նկարագրականը ընել փորձեցի, երկա՜ր շունչ մը քաշեց…

Նոր աշխարհէն կու գար հայրենակիցս, հոգիին մէջ` յոյսի վահան եւ մեծ սիրտ մը, որ կը բաբախէր մեր արեան, ցաւի, կորուստներու մեծ տափաստաններուն կշռոյթով:

Սիրտը, ինչ էր պիտի ըսէիք, սիրտը ոչ մէկ բան կրնար տալ մեզի, նաեւ այն պատճառով, որ համընդհանուր պարտութեան  հարուածներէն ետք,  ցայսօր ալ չկարողացանք մէկ գաղափարի շուրջ հաւաքուիլ, մէկ մարդու պէս ոտքի կանգնիլ ու կարեւորագոյնը` վաղուան համար մեր  ընելիքն ու ծրագիրը թուղթին տալ:

Բարդ է մեր վիճակը, ոչ միայն  այն  պատճառով, որ մեզմէ շատերուն համար սրբութիւն սրբոց համարուող Հադրութն ու Շուշին այլեւս  մեր ձեռքը չեն, ոչ ալ` մեր հազարաւոր նահատակներուն պատճառած  ահին համար, այլ` անոր համար, որ հաւաքական գիծ մը չունեցանք, ու անկէ վատ ալ` մեր ժողովուրդին համար  եռանդ ու մկան  չխնայող մեր մեծ ընտանիքին բոլոր քայլերը սխալ  թարգմանուեցան:

Մենք պիտի ուզէի՞նք այս ահասարսուռ  պատկերները, պիտի ուզէի՞նք այս մեծ անկումը եւ, ի վերջոյ, պիտի ընդունէի՞նք, որ մեր արիական ոգիի պահապան հանդիսացող հայոց բանակը այսպէս, այս ոճով ծունկի գայ եւ այսպէս, այս  վիճակով թուլանայ… Ամենեւի՛ն, պիտի չուզէինք…

Թերեւս մեր հոգիին մէջ, որպէս տէր ու տիրական, միշտ տիրող եղած էր այն միտքը, որ մենք` իբրեւ իրաւատէրեր,  պարտաւոր ենք ընել ամէն ինչ, որպէսզի մեր երկիրը չխաթարուի, մեր սահմանները մնան ամուր, եւ մեր զինուորին բազուկը` հատու:

Բայց չկարողացանք, ո՛չ անոր համար, որ անկարող էինք, այլ` գուցէ անոր համար, որ մեզի կը պակսէր համարձակութիւնը:

Ի վերջոյ  ընթացքը, որուն ականատեսները դարձանք 2018 թուականէն ի վեր, շրջանային մեծ պայմանաւորուածութիւններու արգասիք էր, ու այն, ինչ-որ եղաւ, կարծէք ինչ-որ տեղ նախատեսուած էր սահմաններով փոքրիկ, բայց էութեամբ եւ խորքով ահռելի մեծ մեր երկրին համար:

Գուցէ բոլորը ուզեցին զգետնել մեզ, բոլորը մեր մէջ «յարմար զոհ» մը տեսան ու բոլորը իրենց  նաւթամուղերու կորութենէն կուրացած ու հեռու տանող ճանապարհներու երազներով գինովցած` հաւատացին, որ այս տարածաշրջանին մէջ մեր անկոտրելի ոգին  իսկական թիրախ պիտի ըլլար, որպէսզի  նոր խաղաքարտերը մեր մատաղներու մարմիններուն վրայէն անցնին…

Աշխարհը ակնդէտ լսեց մեր հրանօթներու ահեղ ձայնը, նկատեց մեր զինուորներու մեծ արիութիւնը, սակայն տեղ մը խլացաւ ճիշդ այն պահուն, երբ մենք օգնութեան ձեռքի մը կարօտ էինք:

Եղածը մեր պատերազմը չէր, մեզի համար, մեր ներսը մտած ու մեր աւիւնէն ու արիւնէն օտարացած խումբ մը մարդոց ձեռամբ եղաւ այդ պատուհասը, որուն հետեւանքները դեռ երկար պիտի կրենք…

Ու այս բոլորէն անդին` հիմա ի՞նչ:

Հիմա, երբ  կորուստներու ժամացոյցը  կամաց-կամաց կ՛ուզէ լռեցնել մեր ձայնը, եւ հին-նոր ծրագիրի մը թոթովանքը կամաց-կամաց կը մօտենայ մեր ողնաշարին, ինչպէ՞ս  պիտի շարժինք:

Ի վերջոյ, որո՞նք են անոնք, որ կանգնած են  թանձր վարագոյրներու ետին եւ տիւ ու գիշեր մեր կոտրուած ոտքերը բուժելու տեղ  շրջանային մեծ հաշտութեան շեփորները կը հնչեցնեն:

Ո՞վ է մեր իրական բարեկամը, եւ ո՞ւր ենք մենք  հիմա:

Կոկորդի մէջ խրուած ոսկոր է մեր երկիրը բոլոր թշնամիներուն համար, որոնք դարի՜ւ, դարի՜ւ անոր այս ոչնչացումը կ՛երազէին եւ հիմա, երբ վէրքի ու ցաւերու մէջ  տարտղնուած մեր կամքը նորէն ոտքի պիտի կանգնի, պէտք է յիշել, որ այս  մեծ խաղերուն մէջ մշտական բարեկամներ ու ընկերներ չկան:

Կան մեծ շահեր, եւ անոնց դիմաց կան մեր բազուկն ու մեր մայրերուն արգասաբեր արգանդներուն ձայնը:

Կայ պայքար եւ անցեալին չդաւաճանելու մեծ կիրք, որ մեզ կազմած է, որ` մեզ այս  օրուան բերած է:

 

Ուժե՞ղ ենք մենք աշխարհով մէկ. այո՛, ուժեղ ենք:

Ունի՞նք պիրկ մկաններ ու կը խօսի՞նք այս աշխարհի լեզուն. այո՛, ունինք: Ունի՞նք կրակէ  շապիկ, ունի՞նք  կամք, ունի՞նք անցեալ եւ ունի՞նք ցանցի մը   խտութիւնը ունեցող մեծ ոգի:

Այո՛, ունինք:

Այդ ոգին պէտք է հաւաքել,  բանալ անոր երակներու կափարիչները, հաւաքուիլ  այդ կրակին շուրջ ու նորէն նետուիլ մեծ պայքարին մէջ:

Առանց պայքարի` մենք մեռեալ ենք, կը մեռնինք մենք, եթէ պայքարի ոգիէն հրաժարինք, ու կ՛անցնի մեր բառը, կ՛իյնանք գետին, եթէ չհասկնանք, որ  աշխարհի նաւթն ու  ոսկին անզօր են մեր կամքին առջեւ:

Մենք այդ ոսկին  կամաց-կամաց  փորագրողն ենք, մենք աշխարհի հարստութեան դիմաց մաքուր հասակով մեր երկրին համար  մեծ կայմ դնողն ենք:

Հաւասար ենք մեր երկրին հետ, մեր  հիւսկէններուն, մեր արցունքին ու մանաւանդ ապրելու կիրքին հետ:

Խօսքը թել առ թել ցանելով, կ՛անցնինք  նեղ  ճանապարհներով` հասնելու համար խաղաղ ափ մը, որմէ ետք նոր շունչ պիտի քաշենք նորէն ապրելու համար:

Հին ու մագաղաթեան ճշմարտութեան բառերով է, որ կը գծուի մեր պատմութիւնը:

Այսքանը  պատմելէ   ետք կը յիշեմ խօսակիցիս բառերը, որոնք  կաթիլ առ կաթիլ  նոր պատկեր մը  պիտի  կազմեն մեր աչքերուն:

«Դարաւոր է մեր պատմութիւնը,- կ՛ըսէր ան, հանդարտ բառերով կը խօսէր եւ  համաստուածեան ճշմարտացիութեամբ:

– Մեր պատմութիւնը, մեր  տապանը, մեր հողը միշտ ալ թշնամիներուն համար թիրախ եղած է: Շատեր եկած են  այստեղ, շատեր մահ բերած են իրենց հետ, շատեր թալանած, աւարած են  եւ բայց` հեռացած… Մնացողը այս տարածքն է, այս լեռնոտ երկիրը, այս բարձրադիր տարածքը, որուն սահմանները գրուած են  ոգիով ու մեր մեծ մեռելներու արեամբ: Գուցէ անոր համար չեմ վախնար կորուստէն, եկած են շատեր, բայց անկախ Հայաստանի քարտէսը միշտ ալ ոսկեայ փայլքով կը նայի մեզի. դարաւոր պատմութեան   ոգիով կը նայի մեզի ու, ամենակարեւորը, մեզի կը յուշէ, որ մենք  ու մեր հողը  պիտի ապրինք այս բարձրադիր երկրին վրայ, այս լեռնոտ բարձունքներուն վրայ, որուն սահմանները գծուած են մեր մեծ մեռելներու ոգիով ու արեամբ»:

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Սլաք. Բարեկամիս «Խելքը Չի Կտրեր»…

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?