Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռքի Տարի` 2022

January 18, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

7.- Սփիւռքը տարբեր մտածողութիւններու հանդիսարան է, երբեմն` զիրար հակասող ու երբեմն համընկնող, յաճախ պայմանաւորուած` թէ՛ ներհայաստանեան եւ թէ՛ տեղական ընկերաքաղաքական ազդակներէ: Սա անխուսափելի երեւոյթ է: Անհրաժեշտ է, սակայն, սփիւռքի գաղութները իրենց տեղայնական, ինքնակեդրոն ու բաժանարար մտածողութենէն դուրս բերել եւ համասփիւռքեան մտածողութիւն հունաւորել: Արդարեւ, անցնող տարիներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ գումարուած համասփիւռքեան, երբեմն նաեւ համահայկական, կրթական, մշակութային, պատմական, պահանջատիրական, տեղեկատուական եւ այլ բնոյթի համագումարները, անոնց ճշդած ուղեգիծները ու կատարած եզրայանգումները արդէն իսկ հունտերը ցանած են համասփիւռքեան մտածողութեան ձեւաւորման: Անոնք նաեւ մասնակիցներու ներկայացուցչական հանգամանքով ու որակով կրնան առանցքը դառնալ համասփիւռքեան ղեկավարութեան ստեղծման: Նման գործընթաց կ’ենթադրէ կառոյցներու միջեւ ներգաղութային ու միջգաղութային սերտ ու համապարփակ գործակցութիւն` համասփիւռքեան օրակարգի մը շուրջ: Նման նախաձեռնութիւն մը մեծապէս պիտի նպաստէ սփիւռքի կեանքին վերաշխուժացման, մօտեցումներու ներդաշնակման եւ անոր համահայկական դերակատարութեան առաւել շեշտաւորման:

8.- Սփիւռքը զգուշ պէտք է ըլլայ թէ՛ հայաստանակեդրոն եւ թէ՛ սփիւռքակեդրոն մտածողութեան մէջ ինքզինք բանտարկելէ. իր կիզակէտը պէտք է դառնայ հայակեդրոն մտածողութեան զարգացումը, որ կրնայ տարբեր հայեցակէտերու երկխօսութեան լայն տարածք ստեղծել: Արդարեւ, իր իւրայատուկ շեշտաւորումներով ու հարուստ փորձառութեամբ սփիւռքը կրնայ իր կարեւոր նպաստը բերել համահայկական մտածողութեան մշակման` համահայկական օրակարգի մը ենթահողին վրայ: Արդ, ինչպէ՞ս կարելի է մէկ եւ նոյն հայութեան պատկանելիութիւնը իր արժէքներով ու տեսլականով դարձնել հիմքը ու հէնքը համահայկական մտածողութեան` պահելով հանդերձ տեղական պայմաններու ու ազդակներու ազդեցութեան ենթակայ սփիւռքին մօտեցումները, ինչպէս նաեւ` համասփիւռքեան առաջնահերթութիւններուն կարեւորութիւնը: Առաջինը հրամայական է. իսկ երկրորդը` անխուսափելի:

9.- Սփիւռքը ունի մշակութային, հոգեւոր, տնտեսական, մասնագիտական, յարաբերական թէ փորձառական հսկայ ներուժ: Սակայն տեղ մը համակերպումը ու տեղայնացումը, այլ տեղ անտարբերութիւնը ու անտեսումը սկսած են հայ կեանքէն հեռացնել իր սեփական ներուժը: Փաստօրէն սփիւռքը չէ կրցած իր ներուժին տէր դառնալ եւ զայն ճիշդ ու ամբողջական կերպով օգտագործել: Այս ուղղութեամբ փորձեր կատարուած են թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի կարգ մը կառոյցներուն կողմէ. սակայն անոնք եղած են մասնակի ու պարագայական: Սփիւռքի ներուժին կազմակերպումը ու օգտագործումը անհրաժեշտութիւն են: Նման ծրագիր կ’ենթադրէ հաւաքական ու հետեւողական աշխատանք:

10.- Հայաստանի վերանկախացումով սպասելի էր, որ հանգրուանային կերպով հայրենադարձութիւն տեղի ունենար: Պատահեցաւ հակառակը: Հայաստանը չկրցաւ, չէր կրնար տնտեսական զարգացման լայն կարելիութիւններ ստեղծել եւ հայրենադարձութեան ծրագիրներ մշակել: Սփիւռքի հայերուն քաղաքացիութիւն տալը քաջալերական քայլ մըն էր անկասկած. սակայն ան հայրենիքին նկատմամբ զգացական կապը ամրացնելէ անդին չանցաւ: Վերջին տասնամեակներուն Հայաստանէն հեռացած հայերուն պարագային, հայրենադարձութիւնը անհրաժեշտութիւն է. իսկ աւանդական սփիւռքին համար, ներկայ հանգրուանին, ան իրատեսութեան սահմաններէն դուրս կը նկատուի: Սակայն հարկ է զայն պահել համազգային օրակարգի վրայ` որպէս ազգային պատկանելիութեան էական տարրերէն մէկը: Եթէ հայրենադարձութեան գաղափարը` ամբողջական Հայաստան ամբողջական հայութեամբ տեսլականով ամրագրուած, թէկուզ` վախճանական հորիզոնի վրայ, անհետանայ հայ կեանքէն, սփիւռքը պիտի կորսնցնէ իր նպատակասլաց ուղղուածութիւնը եւ ինքնամաշումը պիտի ընթանայ արագ: Տուեալները ցոյց կու տան, որ սփիւռքը երկար ժամանակ պիտի շարունակէ իր գոյութիւնը` ենթակայ գունաթափումի վտանգին: Արդ, ընդհանուր հայութեան թիւի աճը եւ Հայաստանի ու Արցախի մէջ հայութեան ֆիզիքական ներկայութեան պահպանումը առանցքային կարեւորութիւն ունին: Այս նպատակը կարելի է իրագործել Հայաստանի մէջ` տնտեսութեան զարգացումով, անվտանգութեան երաշխաւորումով եւ սփիւռքի փոքր ու մեկուսացած գաղութները, որոնք ինչ-ինչ պատճառներով ենթակայ են արագ ձուլման վտանգին, Հայաստան ուղղելով. իսկ սփիւռքի մէջ` ծնունդներու թիւը բազմապատկելով եւ այլ ազդու միջոցներու դիմելով:

11.- Հզօր Հայաստան-հզօր սփիւռք տեսլականը պէտք է դառնայ ազգային ռազմավարութեան հիմքը ու նպատակակէտը: Առաւել քան երբեք Հայաստան եւ սփիւռք իրարու կարիքը ունին: Հետեւաբար  սփիւռք-Հայաստան գործակցութիւնը պէտք է մնայ

թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի կեանքին կենսական տարածքներէն մէկը: Ճիշդ չէ՛ սփիւռքը նկատել Հայաստանի կցորդ, ո՛չ ալ` Հայաստանէն անջատ ինքնակեդրոն ու ինքնավախճան գոյութիւն: Ճիշդ չէ նաեւ սփիւռքը նկատել սոսկ Հայաստանի մէջ բարեսիրական ծրագիրներու սատարող ու տնտեսական ծրագիրներ մշակող գաղութներու ամբողջութիւն: Սփիւռքը անբաժան ու անբաժանելի մասը կը կազմէ նոյն եւ մէկ հայութեան: Արդարեւ, Հայաստանը հայրենասիրութիւն առթող հայրենիք ըլլալէ անդին` ցարդ չկրցաւ դառնալ վստահութիւն ու յոյս ներշնչող եւ աշխարհացիր հայութիւնը իր շուրջ համախմբող հաւաքական տուն: Վերջին տասնամեակին շեշտը դրուեցաւ տնտեսական ներդրումներու եւ թուրիստական այցելութիւններու վրայ: Յատկապէս Հայաստանի ներքաղաքական խնդիրները ու ընկերատնտեսական ծրագիրներուն օժանդակութիւնը կարեւոր տեղ գրաւեցին սփիւռքահայութեան կեանքի մայր էջին վրայ` յաճախ լուսանցքի մէջ ձգելով սփիւռքին առաջնահերթութիւնները: Հայ ժողովուրդի երկու բեւեռներուն միջեւ գործակցութիւնը պէտք է դառնայ համապարփակ, ծրագրուած եւ հետեւողական, հիմնուած` փոխադարձ վստահութեան վրայ: Սփիւռքի վերակենսաւորման մէջ էական է դերը Հայաստանին, մասնաւորաբար` մշակութային ու կրթական մարզերուն մէջ: Միւս կողմէն` Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան շրջագծէն ներս, անհրաժեշտ կը նկատենք Հայաստանի կառավարման, ինչպէս նաեւ համահայկական խնդիրներու ու ծրագիրներու քննարկման մէջ սփիւռքի գործօն մասնակցութիւնը:

Գ) ԴԷՊԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄ. ՄԱՐԶԵՐ ԵՒ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑՔ

Մեր մատնանշած մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները կը կարօտին խոր, իրատես ու համապարփակ քննարկման: Աւելի քան երեսուն տարի Հայաստանը եւ Արցախը դարձան սփիւռքի կեանքին կիզակէտը: Անկասկած մեր ազգին այս երկու բեւեռները իրենց խնդիրներով ու հրամայականներով սփիւռքին համար պէտք է միշտ մնան առաջնահերթութիւն: Սփիւռքը ինքնավախճան իրականութիւն մը չէ. ան իր տեսլականը պէտք է միշտ սեւեռած պահէ Հայաստանի ուղղութեամբ, որ ողնասիւնը կը կազմէ հայ ազգի ներկային ու երաշխիքը` անոր ապագային: Այս խոր գիտակցութեամբ սփիւռքը կոչուած է ինքզինք վերակազմակերպելու: Այսօր մեր ազգին մեծամասնութիւնը կ’ապրի սփիւռքի մէջ: Հետեւաբար ժամանակն է, որ մեր ազգի պատմութեան այս հանգրուանին ինքնակազմակերպումը դառնայ սփիւռքին առաջնահերթութիւնը:

Կ’ուզենք կարեւորութեամբ ընդգծել, որ այլեւս չենք կրնար հիւծած կառոյցներով, զմռսուած մտածողութեամբ, կաղապարուած մօտեցումներով, հնամաշ օրակարգերով սփիւռքը վերակազմակերպել ու վերակենսաւորել: Սփիւռքը իր կառոյցներով ու օրակարգով, իր կանոնագրութիւններով ու գործելակերպերով պէտք է դառնայ համահունչ նոր ժամանակներուն ու մարտահրաւէրներուն: Ինչպէ՞ս կարելի է ձեռնարկել այս հսկայ աշխատանքին: Սփիւռքին պարզած ներկայ գոյավիճակին իրապաշտ արժեւորումը եւ ապա ծրագրումը պէտք է դառնան մեկնակէտը ու մղիչ ուժը մեր աշխատանքներուն: Այս ուղղութեամբ առանցքային է դերը գաղութին մէջ գործող բոլոր կազմակերպութիւններուն ու միութիւններուն, ինչպէս նաեւ` զանազան մարզերու մասնագէտ ու փորձառու մտաւորականներուն:

ա) ԹԵՄԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐ

Աւանդական սփիւռքի կեանքը կազմակերպուած է եկեղեցւոյ շուրջ: Իւրաքանչիւր գաղութ եկեղեցին նկատած է իր հաւաքական կեանքին կեդրոնը եւ անոր շուրջ հիմնած` զանազան մարզերու առնչուած իր հաստատութիւնները: Եկեղեցին, իր կարգին, չէ կրցած քայլ պահել կեանքի յարափոփոխ պայմաններուն հետ: Եկեղեցւոյ բարեկարգումը նոյնպէս հրամայական է: Եկեղեցիժ-ողովուրդ յարաբերութիւնը նոր որակ ու ոճ պէտք է ստանայ, ու եկեղեցին դառնայ ծառայական ներկայութիւն ժողովուրդի կեանքէն ներս: Ուստի, նկատի ունենալով եկեղեցւոյ կեդրոնական դերը գաղութի մը կեանքին մէջ, գաղութի վերակազմակերպումը հարկ է որ սկսի թեմական կեանքէն:

Վերջին Ազգ. Ընդհանուր ժողովին (5-8 դեկտեմբեր 2017) թէ՛ Մեր պատգամին եւ թէ՛ ժողովի որոշումներուն մէջ կարեւորութեամբ անդրադարձած էինք յատկապէս թեմերու վերակազմակերպման եւ ապա` այս ուղղութեամբ յատուկ ուղեցոյց մը ճշդած: Սակայն համաճարակը դանդաղեցուց մեր թեմերուն կողմէ կատարուելիք ծրագրումի աշխատանքները: Հոս կ’ուզենք ամփոփ գիծերով պարզել թեմերու շրջագծէն ներս ձեռնարկուելիք աշխատանքին ուրուագիծը.

Թեմի վերակազմակերպման մէջ կարեւոր դեր ունի Հոգեւորականը: Կոչումի գիտակցութիւն ունեցող եւ ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրները դիմագրաւելու հոգեմտաւոր պատրաստութիւն ունեցող հոգեւորականներու կազմաւորումը էական է: Ծուխը` որպէս հիմքը եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան, պէտք է դառնայ վերակազմակերպման գործընթացին կիզակէտը: Հարկ է եկեղեցւոյ վարչակազմակերպչական կեանքին մէջ գործող մարմինները վերաթարմացնել` պաշտօնի կոչելով ուսեալ եւ գործունեայ տիկիններ ու երիտասարդներ: Անհրաժեշտ է առաջնահերթ կարեւորութիւն ընծայել`

ա) Քրիստոնէական դաստիարակութեան` կիրակնօրեայ վարժարաններու վերաշխուժացումով, հայկական վարժարաններէն ներս կրօնական նիւթերու դասաւանդումով ու հայ ընտանիքէն ներս հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու կենսագործումով:

բ) Ընկերային ծառայութեան` զայն դարձնելով եկեղեցւոյ առաքելութեան էական մարզերէն մէկը:

գ) Հայ դպրոցին` վերաշեշտելով անոր հայակերտումի առաքելութիւնը:

բ) ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐ

Թեմը գաղութէն անկախ միաւոր մը չէ. թեմը ինքնին ժողովուրդն է: Այս առումով, համայնքի կեանքին մէջ գործող կազմակերպութիւններուն ու թեմին միջեւ ներդաշնակ գործակցութիւնը վստահաբար պիտի նպաստէ գաղութի վերակազմակերպման: Արդ, թելադրելի է, որ համագործակցութիւնը սկսի ծրագիրներու պատրաստութեան ընթացքին: Համայնքային կառոյցները մասնակից են թեմական մարմիններու գործունէութեան, սակայն անոնք ունին իրենց յատուկ կանոնագրութիւնները եւ առաջնահերթութիւնները: Մեր կառոյցները սկսած են մարդուժ կորսնցնել. քանակին առընթեր, նշմարելի է նաեւ որակի նահանջ: Նոր աւիւն հարկ է ներարկել անոնց` ապահովելով երիտասարդութեան, արական թէ իգական, տիրական ներկայութիւնը, նաեւ` ղեկավարութեան մակարդակի վրայ: Կառոյցներու կանոնագրութիւններուն այժմէականացումը եւ տեղական պայմաններուն պատշաճեցումը, պահելով հանդերձ անոնց համասփիւռքեան ու համահայկական բնոյթն ու նպատակը, անխուսափելի է: Կառոյցներու միջեւ սերտ գործակցութիւն ու անոնց գործունէութեանց միջեւ ներդաշնակութիւն ստեղծելը մեծապէս պիտի նպաստէ գաղութի կեանքին առաւել ծաղկման եւ սփիւռքի աշխուժացման:

Սփիւռքի վերակազմակերպումը բարդ ու երկարաշունչ ծրագիր է: Նման հսկայածաւալ ծրագիրի մը իրագործումը կ’ենթադրէ հաւաքական հաւատք ու նուիրում, ղեկավարութիւն ու յանձնառութիւն: Ան կը պահանջէ նաեւ մասնագիտական մօտեցում ու համապարփակ ծրագրում` հանգրուանային կերպով իրագործելի: Յիշեալ գործընթացին մէջ անհրաժեշտ է նկատի ունենալ տարբեր միջավայրերու մէջ ապրող գաղութներուն ներքին դրուածքը, գործող կառոյցներու իւրայատկութիւնները ու շրջապատը, եւ` համապատասխան մօտեցում որդեգրել:

Արդ, ինչպէ՞ս կարելի է յիշեալ հսկայ աշխատանքին ձեռնարկել.

1) Մթնոլորտի պատրաստութիւնը նախապայման է: Մեր կառոյցները, անոնց պատասխանատուները ու անդամները պատրաստ ու յանձնառու պէտք է ըլլան վերակազմակերպումի անյետաձգելի անհրաժեշտութեան: Այս ուղղութեամբ յօդուածներու պատրաստութիւնը, հրապարակային քննարկումներու ու համագումարներու կազմակերպումը կրնան օգտակար դառնալ տեսակէտներու փոխանակման, մտքերու պատրաստութեան ու դրական միջավայրի ստեղծման:

2) Իւրաքանչիւր կառոյց ինք պէտք է նախաձեռնէ իր վերակազմակերպումը` նկատի ունենալով Մեր արծարծած մտահոգութիւններն ու մատնանշած երեւոյթները, եւ ապա, անհրաժեշտութեան պարագային, իր կատարած աշխատանքը համադրելով այլ կառոյցներու հետ:

3) Ծրագրումին հարկ է յաջորդէ գործադրումը: Սա բնականաբար ամէնէն դժուար հանգրուանն է: Գործադրումը պէտք է կատարուի յառաջատուական ընթացքով եւ ծրագրուած հետեւողականութեամբ:

Հաւատարիմ իր անցեալին, հայ ժողովուրդը կոչուած է ինքզինք յարատեւօրէն վերարժեւորման ու վերանորոգման ենթարկելու` համահունչ փոխուող ժամանակներուն, պայմաններուն ու մարտահրաւէրներուն: Ա՛յս տեսլականով ու յանձնառութեամբ սփիւռքը պէտք է վերակազմակերպէ ու վերաշնչաւորէ ինքզինք: Սփիւռքը իր ներկայ վիճակին թողուլ` կը նշանակէ անոր ինքնամաշումը արագացնել: Սփիւռքի վերակազմակերպումը անոր հզօրացումն է, իսկ սփիւռքի հզօրացումը Հայաստանին ու Արցախին հզօրացումն է. եւ սա համազգային առաջնահերթութիւն է ու մարտահրաւէր: Հարկ է անյապաղ լծուիլ աշխատանքի:

Կը թելադրենք մեր Սուրբ Աթոռի թեմերուն անմիջապէս ձեռնարկել ծրագրումին, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն ամբողջացնել յառաջիկայ Ազգ. Ընդհանուր ժողովէն առաջ:

Հայրական ջերմ սիրով,

Աղօթարար`
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

1 յունուար, 2022
Անթիլիաս, Լիբանան

(Շար. 2 եւ վերջ)

Նախորդը

Հայ Կաթողիկէ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարք Այնճար Այցելեց. «Օրհնեալ Ըլլայ Ան, Որ Կու Գայ Տիրոջ Անունով»

Յաջորդը

Հինցող Նորերը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.