(Մարդկային Քաղաքակրթութիւններու Վերելքի Ժամանակ
Այս Հիւանդութիւնները Հարուածեցին Զանոնք)
Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
Վարակիչ հիւանդութիւններու ոլորտին մէջ համաճարակը ամենավատ սենարիոն է: Երբ տեղաճարակը (endemic) կը տարածուի երկրի սահմաններէն դուրս, այդ ժամանակ հիւանդութիւնը պաշտօնապէս կը դառնայ համաճարակ (pandemic):
Վարակիչ հիւանդութիւնները գոյութիւն ունէին մարդկութեան որսորդ-հաւաքողներու (hunter-gatherer) ժամանակ, սակայն 10.000 տարի առաջ գիւղատնտեսական կեանքի փոխանցումը ստեղծեց հասարակութիւններ, որոնք աւելի հնարաւոր դարձուցին համաճարակները: Այս շրջանին առաջին անգամ ի յայտ եկած են` մալարիան, պալարախտը (tuberculosis), բորոտութիւնը (leprosy), կրիփը, ջրծաղիկը (smallpox) եւ այլն:
Որքան աւելի քաղաքակիրթ կը դառնային մարդիկ, կը կառուցէին քաղաքներ եւ առեւտրային ճամբաներ այլ քաղաքներու հետ կապուելու համար եւ պատերազմներ մղելու անոնց դէմ, այնքան աւելի հաւանական կը դառնային համաճարակները: Ստորեւ կը ներկայացնենք ժամանակացոյցը այն համաճարակներուն, որոնք վնաս հասցնելով մարդկային բնակչութեան` փոխած են պատմութեան ընթացքը:
ՔԱ 430, Աթէնք
Արձանագրուած ամենավաղ համաճարակը տեղի ունեցած է Փելոփոնեսեան պատերազմի (Peloponnesian War) ժամանակ: Հիւանդութիւնը hասաւ Լիպիա, Եթովպիա եւ Եգիպտոս ու կրցաւ հատել Աթէնքի պարիսպները, երբ սպարտացիները պաշարեցին զայն: Բնակչութեան երկու երրորդը մահացաւ այդ շրջանին:
Ախտանիշները կը ներառէին` տաքութիւն, ծարաւ, արիւնոտ կոկորդ եւ լեզու, մաշկի կարմիր գոյն եւ օրկանային վնասուածքներ: Հիւանդութիւնը, որ կը կասկածուէր, թէ ժանտատենդն էր (typhoid), զգալիօրէն տկարացուց աթէնացիները եւ նշանակալի գործօն հանդիսացաւ սպարտացիներու յաղթութեան մէջ:
ՔԵ 165, Անթոնինի ժանտախտ (Antonine Plague)
Անթոնինեան ժանտախտը հաւանաբար եղած է ջրծաղիկի սկզբնական ձեւը, որ նախապէս տարածուած է հոներու (1) մօտ: Այնուհետեւ հոները վարակեցին գերմանացիները, որոնք զայն փոխանցեցին հռոմէացիներուն, իսկ յետոյ վերադարձող զօրքերը տարածեցին զայն Հռոմէական կայսրութեան մէջ: Ախտանիշները կը ներառէին` տաքութիւն, կոկորդի ցաւ, փորհարութիւն եւ, եթէ հիւանդը բաւական երկար ապրէր, թարախոտ վէրքեր: Այս ժանտախտը շարունակուեցաւ մինչեւ մօտ 180 թուական, եւ անոր զոհերէն մէկն էր կայսր Մարքոս Օրէլիոսը:
250 թ. Սայփըրիանի ժանտախտ (Cyprian Plague)
Առաջին արձանագրուած զոհի` Կարթագէնի (Carthage) քրիստոնեայ եպիսկոպոսին անունով, Սայփըրիանի ժանտախտը կը պատճառէր` փորհարութիւն, փսխում, կոկորդի խոցեր (ulcer), տաքութիւն եւ ձեռքերու ու ոտքերու կերցաւ (gangrene):
Քաղաքի բնակիչները փախան երկրի տարբեր վայրեր` վարակէն խուսափելու համար, սակայն այդ ձեւով հիւանդութիւնը աւելի տարածեցին: Հաւանաբար սկսելով Եթովպիայէն` հիւանդութիւնը անցած է Հիւսիսային Ափրիկէի միջոցով Հռոմ, այնուհետեւ` Եգիպտոս եւ աւելի հիւսիս:
Յաջորդ երեք դարերու ընթացքին կրկնուող բռնկումներ եղան: 444 թուականին վարակը տարածուեցաւ Բրիտանիոյ մէջ եւ խոչընդոտեց փիքթերու (2) եւ սկովտիացիներու դէմ պաշտպանական ջանքերը` ստիպելով բրիտանացիներուն օգնութիւն փնտռելու սաքսոններէն (3), որոնք շուտով վերահսկեցին կղզին:
541 թ. Ճասթինիանի ժանտախտ (Justinian Plague)
Սկիզբը յայտնուելով Եգիպտոսի մէջ` Ճասթինիանի ժանտախտը տարածուեցաւ Պաղեստինի եւ Բիւզանդական կայսրութեան մէջ, այնուհետեւ Միջերկրական ծովու միջոցով` ամբողջ տարածաշրջանին մէջ:
Ժանտախտը փոխեց Բիւզանդական կայսրութեան ընթացքը` խափանելով Ճասթինիան կայսրի Հռոմէական կայսրութիւնը ետ բերելու ծրագրերը եւ յառաջացնելով հսկայական տնտեսական պայքար: Անոր կը վերագրուի նաեւ ափոքալիփթիք մթնոլորտի ստեղծումը, որ խթանեց քրիստոնէութեան արագ տարածումը:
Յաջորդ երկու դարերու ընթացքին կրկնուող դէպքերը ի վերջոյ սպաննեցին մօտ 50 միլիոն մարդ` աշխարհի բնակչութեան 26 տոկոսը: Նաեւ կ՛ենթադրուի, որ այդ մէկը ելնդական ժանտախտի (Bubonic Plague) առաջին նշանակալի երեւոյթն է, որ կ՛առանձնանայ աւշային գեղձի (lymphatic gland) չափազանց մեծութեամբ: Վարակը կը վերցնեն առնէտները, եւ կը տարածեն լուերը (flea):
11-րդ դար. Բորոտութիւն (Leprosy)

Հակառակ որ ան դարեր շարունակ գոյութիւն ունէր, բորոտութիւնը միջնադարուն Եւրոպայի մէջ վերածուեցաւ համաճարակի, որուն պատճառով կառուցուեցան բորոտութեան յատուկ բազմաթիւ հիւանդանոցներ` մեծ թիւով հիւանդները տեղաւորելու համար:
Կ’ենթադրուէր, որ բորոտութիւնը դանդաղ զարգացող պաքթերիական հիւանդութիւն է, որ կը յառաջացնէ վէրքեր եւ ձեւազեղծումներ (deformities)` որպէս Աստուծոյ պատիժ, որ կը տարածուէր ընտանիքներու մէջ: Այս համոզմունքին պատճառով մարդիկ դիմեցին բարոյական դատողութիւններու եւ վարակի զոհերու աքսորման: Այժմ յայտնի է որպէս Հանսենի հիւանդութիւն (Hansen’s disease), անոր տակաւին զոհ կը դառնան տարեկան տասնեակ հազարաւոր մարդիկ, եւ կրնայ մահացու ըլլալ, եթէ չբուժուի հակապիոթիքներով:
1350 թ. Սեւ մահը (The Black Death)

Ելնդական ժանտախտի այս երկրորդ մեծ բռնկումը, որ պատճառ դարձաւ աշխարհի բնակչութեան մէկ երրորդի մահուան, հաւանաբար սկսած էր Ասիոյ մէջ եւ կարաւաններու միջոցով անցած արեւմուտք: Հասնելով Սիկիլիա 1347 թուականին, երբ ժանտախտով տառապողները հասան Մեսինա նաւահանգիստ, վարակը արագօրէն տարածուեցաւ ամբողջ Եւրոպայի մէջ: Դիակները այնքան տարածուեցան, որ շատերը մնացին փտած` գետնի վրայ եւ անընդհատ գարշահոտութիւն յառաջացուցին քաղաքներու մէջ:
Անգլիան եւ Ֆրանսան այնքան անգործունակ դարձան ժանտախտէն, որ զոյգ երկիրները զինադադար յայտարարեցին իրենց պատերազմին: Բրիտանական աւատապետական (feudal) համակարգը փլուզուեցաւ, երբ ժանտախտը փոխեց տնտեսական հանգամանքներն ու ժողովրդագրութիւնը (demography): Վարակը Կրինլանտի բնակիչներուն` վայքինկներուն, ուժասպառ դարձնելով, արգելք դարձաւ անոնց բնիկ բնակչութեան դէմ մղած պայքարին, եւ Հիւսիսային Ամերիկայի անոնց արշաւանքի ծրագիրները դադրեցան:
1492 թ. Քոլումպիայի փոխանակումը (The Columbian Exchange)
Սպանացիներու` Քարայիպիան կղզիներ ժամանելով, բնիկ բնակչութեան փոխանցուեցան հիւանդութիւններ, ինչպիսիք են` ջրծաղիկը (smallpox), կարմրուկը (measles) եւ ելնդական ժանտախտը (bubonic plague): Տեղացիները, առանց նախապէս ենթարկուած ըլլալու այս հիւանդութիւններուն, զոհը դարձան այս հիւանդութիւններուն, եւ անոնց 90 տոկոսը մահացաւ հիւսիսային եւ հարաւային ցամաքամասերուն մէջ:
Հիսփանիոլա կղզի ժամանելուն պէս (1492թ.) Քրիսթոֆըր Քոլումպոս հանդիպեցաւ 60.000 բնակչութիւն ունեցող թայինօ ժողովուրդին: 1548 թուականին բնակչութեան թիւը 500-էն պակաս էր: Այս սենարիոն կրկնուեցաւ ամբողջ Ամերիկայի մէջ:
1520 թուականին ազթեքներու կայսրութիւնը կործանեցաւ ջրծաղիկի վարակի պատճառով: Հիւանդութիւնը սպաննեց շատերը, իսկ ուրիշները դարձուց անգործունակ: Այդ բոլորը թուլացուցին բնակչութիւնը, հողագործներուն աշխատանքը դադրեցուցին եւ անոնք չկրցան դիմակայել սպանացի գաղութարարներուն (colonizer):
2019-ի հետազօտութիւնը նոյնիսկ եզրակացուց, որ 16-րդ եւ 17-րդ դարերուն մօտ 56 միլիոն բնիկ ամերիկացիներու մահը (հիմնականին մէջ` հիւանդութիւններու պատճառով), հաւանաբար փոխած է Երկիր մոլորակի կլիման, որովհետեւ իրենց մշակած հողերուն վրայ բուսականութեան աճը մթնոլորտէն աւելի շատ բնածխական կազ սկսաւ արտանետել, եւ այնուհետեւ մոլորակի զովացման յատուկ պայմաններ ստեղծուեցան:
1665 թ. Լոնտոնի մեծ ժանտախտը (The Great Plague Of London)
Մէկ այլ կործանարար տեսքով` ելնդական ժանտախտը պատճառ դարձաւ Լոնտոնի բնակչութեան 20 տոկոսի մահուան: Որովհետեւ մահուան դէպքերը աւելցան, եւ զանգուածային գերեզմաններ յայտնուեցան, հարիւր հազարաւոր կատուներ եւ շուներ սպաննուեցան` որպէս հնարաւոր պատճառ այդ բոլորին, եւ հիւանդութիւնը տարածուեցաւ Թայմզի նաւահանգիստներուն միջոցով: Բռնկման ամենավատ իրադարձութիւնը պատահեցաւ 1666 թուականի աշնան, մօտաւորապէս նոյն ժամանակ, երբ մէկ այլ աւերիչ իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ. Լոնտոնի Մեծ հրդեհը:
1817 թ. Քոլերայի առաջին համաճարակ (First Cholera Pandemic)

Յաջորդ 150 տարուան ընթացքին, տարածուելով կղկղանքով (feces) վարակուած ջուրի եւ սնունդի միջոցով, պաքթերիան փոխանցուած է մարդոց: Բրիտանական կայսրութեան նաւատորմին ու բանակին միջոցով քոլերան տարածուեցաւ Սպանիոյ, Ափրիկէի, Ինտոնեզիայի, Չինաստանի, Ճափոնի, Իտալիոյ, Գերմանիոյ եւ Ամերիկայի մէջ: Պատուաստանիւթը մշակուեցաւ 1885 թուականին, սակայն համաճարակը երկար տարիներ շարունակուեցաւ:
1855 թ. Երրորդ ժանտախտի համաճարակ (The Third Plague Pandemic)
Սկսելով Չինաստանէն ու տեղափոխուելով Հնդկաստան եւ Հոնկ-Քոնկ` ելնդական ժանտախտը խլեց 15 միլիոն զոհ: Սկիզբը ժանտախտը տարածուած էր Եուննանի (Չինաստան) մէջ հանքարդիւնաբերութեան ժամանակ` լուերու միջոցաւ եւ կը համարուէր Պարթայի եւ Թայփինկի զոյգ ապստամբութիւններու գործօն: Հնդկաստանը ունեցաւ ամենաէական զոհերը, եւ համաճարակը օգտագործուեցաւ որպէս պատրուակ` ճնշում բանեցնելու քաղաքականութեան, որ որոշ ապստամբութիւն յառաջացուց բրիտանացիներու դէմ: Համաճարակը գործուն կը համարուէր մինչեւ 1960 թուական, երբ վարակուածներուն թիւը իջաւ քանի մը հարիւրի:
1875 թ. Ֆիճիի կարմրուկի համաճարակ (Fiji Measles Pandemic)
Ֆիճին Բրիտանական կայսրութեան յանձնուելէ ետք թագաւորական պատուիրակութիւն մը այցելեց Աւստրալիա: Հասնելով այնտեղ կարմրուկի բռնկման ժամանակ` պատուիրակութիւնը հիւանդութիւնը իրեն հետ բերաւ իրենց կղզին եւ հետագային տարածուեցաւ այն ղեկավարներուն եւ ոստիկաններուն կողմէ, որոնք հանդիպեցան իրենց վերադարձի ժամանակ:
Արագօրէն տարածուելով` կղզին լեցուեցաւ դիակներով, որոնք յօշոտուեցան վայրի անասուններու կողմէ, բազմաթիւ գիւղեր այրեցան` երբեմն հիւանդները կրակի մէջ փակուած մնալով: Ֆիճիի բնակչութեան մէկ երրորդը, ընդհանուր առմամբ 40.000 մարդ մահացաւ:
1889 թ. Ռուսական կրիփ (Russian Flu)
Կրիփի առաջին նշանակալի համաճարակը սկսաւ Սիպերիոյ եւ Ղազախստանի մէջ, անցաւ Մոսկուա եւ հասաւ մինչեւ Ֆինլանտիա, ապա` Լեհաստան, ուրկէ տարածուեցաւ ամբողջ Եւրոպայի մէջ: Յաջորդ տարի ովկիանոսով անցաւ Հիւսիսային Ամերիկա եւ Ափրիկէ: 1890 թուականի վերջը մահացած էր 360.000 մարդ:
1918. Սպանական կրիփ (Spanish Flu)

Թռչնակրիփը (avian-borne flu), որ պատճառ դարձած է 50 միլիոն մարդու մահուան ամբողջ աշխարհի մէջ, 1918 թուականի կրիփը անոր առաջին տեսակը նկատուած է Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ասիոյ որոշ շրջաններու մէջ` նախքան անոր արագօրէն տարածուիլը ամբողջ աշխարհի մէջ: Այն ժամանակ կրիփի այս մահացու տարբերակը բուժելու արդիւնաւէտ դեղատեսակներ կամ պատուաստանիւթեր չկային: 1918 թուականի գարնան Մատրիտի մէջ կրիփի բռնկման մասին հաղորդումները պատճառ դարձան, որ համաճարակը կոչուի «Սպանական կրիփ»:
Հոկտեմբերին հարիւր հազարաւոր ամերիկացիներ մահացան: Սակայն կրիփի սպառնալիքը անհետացաւ 1919 թուականի ամրան, երբ վարակուածներուն մեծ մասը կա՛մ դիմադրողականութիւն զարգացուց ժահրին դէմ, եւ կա՛մ մահացաւ:
1957 թ. Ասիական կրիփ (Asian Flu)

Սկսած Հոնկ-Քոնկէն եւ տարածուելով ամբողջ Չինաստանի, այնուհետեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ` ասիական կրիփը լայնօրէն տարածուեցաւ Անգլիոյ մէջ, ուր աւելի քան վեց ամսուան ընթացքին մահացաւ 14.000 մարդ: Երկրորդ ալիքը հասաւ 1958 թուականին, երբ ամբողջ աշխարհի մէջ արձանագրուեցան մօտ 1,1 միլիոն մահուան պարագաներ: Մշակուեցաւ համապատասխան պատուաստանիւթ, որ արդիւնաւէտօրէն մեղմացուց համաճարակը:
1981. HIV/AIDS

AIDS-ը, որ առաջին անգամ յայտնաբերուած է 1981 թուականին, կ՛ոչնչացնէ մարդու դիմադրողական համակարգը, որուն պատճառով մարդը կը մահանայ այն հիւանդութիւններէն, որոնց դէմ սովորաբար օրկանիզմը կը պայքարի: HIV ժահրով վարակուելէ ետք հիւանդը կ՛ունենայ տաքութիւն, գլխացաւ եւ աւշային հանգոյցներու (lymph nodes) մեծացում: Երբ ախտանիշները թեթեւնան, վարակակիրները կը դառնան խիստ վարակիչ` արեան եւ սեռական օրկաններու միջոցով, եւ հիւանդութիւնը կ՛ոչնչացնէ արեան ճերմակ t-բջիջները (T-cells):
AIDS-ը առաջին անգամ նկատուած է ամերիկեան միասեռական շրջանակներուն մէջ, բայց կ՛ենթադրուի, որ ան յառաջացած է 1920-ականներուն արեւմտեան Ափրիկէի շեմփանզէի ժահրէն: Հիւանդութիւնը, որ կը տարածուի մարմնի որոշակի հեղուկներու միջոցով, 1960-ականներուն տեղափոխուեցաւ Հայիթի, իսկ 1970-ականներուն` Նիւ Եորք եւ Սան Ֆրանսիսքօ:
Մշակուած են բուժման մեթոտներ` հիւանդութեան յառաջընթացը դանդաղեցնելու համար, սակայն յայտնաբերումէն ի վեր ամբողջ աշխարհի մէջ 35 միլիոն մարդ մահացած է AIDS-է,, եւ բուժումը տակաւին չէ գտնուած:
2003. SARS

Առաջին անգամ յայտնաբերուելով 2003 թուականին, քանի մը դէպքերէ ամիսներ անց, Ծանր Սուր Շնչառական Համախտանիշը (Severe Acute Respiratory Syndrome (SARS) հնարաւոր է, որ սկսած ըլլայ չղջիկներէն, տարածուած կատուներուն եւ այնուհետեւ մարդոց` Չինաստանի մէջ, որուն յաջորդած են 26 այլ երկիրներ` վարակելով 8.096 մարդու եւ արձանագրելով 774 մահուան պարագայ:
SARS-ը կը բնութագրուի շնչառական խնդիրներով, չոր հազով, տաքութեամբ, գլխու եւ մարմնի ցաւերով, իսկ ժահրը կը տարածուի հազի եւ փռնգտոցի շնչառական կաթիլներու միջոցով:
Մեկուսացման ջանքերը արդիւնաւէտ եղած են, եւ մինչեւ յուլիս ամիս ժահրը պարփակուած է եւ ատկէ ետք կրկին չէ յայտնուած: Չինաստանը քննադատութեան ենթարկուեցաւ բռնկման ու ժահրի մասին տեղեկութիւնները քողարկելու իր փորձին համար:
Առողջապահութեան համաշխարհային մասնագէտներու կողմէ SARS-ը կը դիտուէր որպէս արթնութեան կոչ` բարելաւելու բռնկման արձագանգները, եւ համաճարակի դասերը օգտագործուած են` H1N1-ի եւ Էպոլայի հիւանդութիւնները վերահսկողութեան տակ պահելու համար:
2019. COVID-19

2020 թուականի մարտ 11-ին Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը յայտարարեց, որ COVID-19 ժահրը պաշտօնապէս համաճարակ է այն ժամանակ, երբ երեք ամսուան մէջ տարածուեցաւ 114 երկիրներու մէջ եւ վարակեց աւելի քան 118.000 մարդ: Եւ տարածումը ոչ մէկ տեղ չէր աւարտած:
COVID-19-ը կը պատճառէ SARS-COV-2-ի նոր քորոնաժահրային տարբերակը, որ նախապէս չէր յայտնաբերուած մարդոց մօտ: Ախտանիշները կը ներառեն շնչառական խնդիրներ, տաքութիւն եւ հազ, որոնք կրնան յանգիլ թոքաբորբի եւ մահուան: SARS-ի նման, այս ալ կը տարածուի օդային կաթիլներու միջոցով, որոնք կը յառաջանան, երբ վարակուած մարդը կը հազայ կամ կը փռնգտայ:
Չինաստանի մէջ արձանագրուած է առաջին դէպքը 2019 թուականի նոյեմբեր 17-ին, Հուպէյ նահանգին մէջ, բայց անյայտ մնացած է: Դեկտեմբերին ի յայտ եկաւ եւս ութ դէպք, երբ հետազօտողները մատնանշեցին անյայտ ժահրի մասին:
Շատերը իմացան COVID-19-ի մասին, երբ ակնաբուժ Լի Վենլիանկ արհամարհեց կառավարութեան հրամանները եւ անվտանգութեան մասին տեղեկութիւններ տրամադրեց այլ բժիշկներու: Յաջորդ օրը Չինաստանը տեղեկացուց ԱՀԿ-ին եւ մեղադրեց Լին յանցագործութեան մէջ: Լին մահացաւ COVID-19-էն ընդամէնը մէկ ամիս անց:
Ժահրը տարածուած է Չինաստանի սահմաններէն դուրս` աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ: Մինչեւ 2020 թուականի դեկտեմբեր ան վարակած էր աւելի քան 75 միլիոն մարդ եւ պատճառ դարձաւ աւելի քան 1,6 միլիոն մարդու մահուան` ամբողջ աշխարհի մէջ:
Ֆինանսաւորումը եւ քաղաքական կամքը ամբողջ աշխարհի մէջ արագացուցին ժահրին դէմ պայքարի պատուաստանիւթերու մշակումը, եւ մինչեւ 11 դեկտեմբեր 2020 թուական FDA-ը տրամադրեց արտակարգ իրավիճակներու օգտագործման թոյլտուութիւն` COVID-19-ի առաջին պատուաստանիւթի օգտագործման համար: Մէկ շաբաթ անց պետական գործակալութիւնը հաստատեց երկրորդ պատուաստանիւթը, եւ մինչեւ փետրուար 2021 ամերիկացիներուն հասանելի էին FDA-ի կողմէ հաստատուած երեք պատուաստանիւթեր: 2021 թուականի դեկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու բնակչութեան 71 տոկոսը ստացած էր COVID-19 պատուաստանիւթի առնուազն մէկ դեղաչափ:
Հակառակ նոր պատուաստանիւթերուն (որոնք բոլորն ալ ի վերջոյ ստացան FDA-ի ամբողջական հաստատում)` COVID-19-ի դէպքերն ու մահերը շարունակեցին աճիլ, որովհետեւ ի յայտ եկան ժահրի նոր տարբերակներ, եւ որոշ մարդիկ նախընտրեցին չպատուաստուիլ: 2021 թուականի դեկտեմբերի դրութեամբ Միացեալ Նահանգներու մէջ հաստատուած COVID-19-ի պատճառով մահացածներուն թիւը գերազանցած էր 800.000-ը:
(1) Հոները.- Քոչուոր ժողովուրդ մը, որ կ՛ապրէր Կեդրոնական Ասիոյ, Կովկասի եւ արեւելեան Եւրոպայի մէջ, 4-6-րդ դարերու ընթացքին:
(2) Փիքթերը.- Փիքթերը ժողովուրդներ էին, որոնք կ՛ապրէին ներկայի հիւսիսային եւ արեւելեան Սկովտիոյ մէջ միջնադարուն:
(3) Սաքսոնները.- Վաղ գերմանական ժողովուրդներու խումբ, որ կ՛ապրէր հիւսիսային Գերմանիոյ հիւսիսային ծովի ափին մօտ, որ այժմ Գերմանիան է (օրին` Սաքսոնիա):
Աղբիւր` History.com