Եւրոպական Միութիւնը կ՛ողջունէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններու մեկնարկը: Այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտարարեց Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար:
«Կ՛ողջունեմ Մոսկուայի մէջ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներուն միջեւ տեղի ունենալիք հանդիպման մասին լուրը: Յարաբերութիւններու կարգաւորումը եւ հաղորդակութիւններու բացումը կարեւոր հարցեր են, որոնց լիովին կ՛աջակցի Եւրոպական Միութիւնը», գրած է Քլաար: