Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գետ-Գիտութեան

Յունուար 11, 2022
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

– Լուրեր, Որոնք Փոխեցին Մեր Կեանքը
– Արագընթաց Իրողութիւններ, Պաշտպանեցէք Դուք Ձեզ Թունաւոր Բոյսերէ

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Լուրեր, Որոնք Փոխեցին
Մեր Կեանքը


1     Քորոնայի Պարագաներու Թիւերը Կը Շարունակուին Բարձրանալ

  • Վարակակիրներու պարագաներու համաշխարհային թիւը հասած է 271 միլիոնի, իսկ մահացածներուն թիւը` 5,3 միլիոնի (մինչեւ դեկտեմբեր 14):
  • Մեծապէս փոխանցիկ Տելթա տարբերակը դարձաւ գերիշխողը:
  • Աճող մտահոգութիւն` օմիքրոն կոչուած նոր տարբերակին վերաբերեալ:

2     Քորոնայի Պատուաստանիւթերու Երկմտանքը Եւ Առկայ Վտանգները

  •  Պատուաստումը աշնան թեթեւցաւ` մեծցնելով վախը ձմրան եղանակին. Մինչեւ դեկտեմբեր 14 ԱՄՆ բնակչութեան միայն 61%-ը լիովի պատուաստուած է:
  • Սրտի մկաններու բորբոքման հազուադէպ պարագաներ` mRNA տեսակի պատուաստներ ստացող երիտասարդներու մօտ:

3     FDA Ընդունեց «Անկիւնադարձային» Semaglutide-ը Նիհարնալու Համար

  • GLP-1 ընկալիչներու (receptors) խթանիչները (agonist) (ինչպէս` semaglutide-ը (Ozempic) ) կ՛աւելցնեն կուշտ ըլլալու զգացումը:
  • Դեղատեսակը կը ներարկուի մորթին տակ` շաբաթը մէկ անգամ:
  • Կ՛օգտագործուի սննդակարգի եւ մարզանքի հետ միաժամանակ, հիւանդագին գիրութեան պարագային:

4     Շաքարախտի Համար Ցօղունային Բջիջներու (Stem Cells) Փոխպատուաստումը Լուրջ Յառաջընթաց Կը Համարուի

  • Ցօղունային բջիջներէ ստացուած նոր բուժումը հիւանդի մը մօտ յանգած է առաջին տեսակի շաքարախտի բուժման յառաջընթացի:
  • Ինսուլինի պահանջի «կտրուկ» նուազումը «իրական յառաջընթաց»-ի յոյս կ՛արթնցնէ, սակայն անհրաժեշտ են աւելի շատ հետազօտութիւններ:

5    Verzenio-Ն Ընդունուած Է Կրծքագեղձի Վաղ Քաղցկեղի Համար

  • Abemaciclib-ը դարձաւ առաջին դեղատեսակը, որ պիտի գործածուի կրծքագեղձի վաղ քաղցկեղի համար:
  • Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են բարելաւուած արդիւնքներ, երբ դեղը աւելցուած է ներքնահոս գեղձերու (endocrine) բուժման հետ միասին:

6     Հինգ Վայրկեան տեւողութեամբ Քննութիւն` Վաղաժամ Չորացումի (Ուղեղի) Համար

  • FDA հաստատած է cognetivity neurosciences-ի վաղ ճանաչողական խանգարումներու քննութիւնը:
  • Արհեստական բանականութեամբ (Artificial Intelligence) աշխատող CognICA կիրառոյթը (application) կարելի է ամբողջացնել Ipad-ով` 5 վայրկեանէն:

7     Կլիմայի Փոփոխութիւնը` Առողջապահական Արտակարգ Իրավիճակ (Code Red)

  • Lancet տեղեկատուն նախազգուշացուցած է հանրութիւնը` կլիմայի փոփոխութեան հսկայական ազդեցութենէն:
  • Տեղեկատուն կլիմայական փոփոխութեան տուած է (Code Red) պիտակը:
  • Կը կանխատեսուի, որ կլիմայի փոփոխութիւնը կրնայ ըլլալ աւելի վատ, քան` քորոնայի համաճարակը:
  • Աշխարհի բնակչութեան մեծ մասը արդէն կը զգայ անոր հետեւանքները:

8     ՏԷ. Կենսանիւթն Ու Ձկան Իւղը կը նուազեցնեն Autoimmune Հիւանդութիւններու Վտանգը

  • 22% վտանգի նուազեցում` Տէ. կենսանիւթի յաւելումներու 5 տարուան սպառումով:
  • 18% վտանգի նուազեցում` օմեկա-3 ճարպաթթուներու յաւելումներու 5 տարուան սպառումով:

9     Հակապիոթիքներն Ու Աղիքային Քաղցկեղը

  • Հակապիոթիքներու օգտագործումը 50 տարեկանէն վար չափահասներու մօտ, հաստ աղիքի քաղցկեղի վտանգ կրնայ յառաջացնել:
  • Հաստ աղիքի քաղցկեղի վաղ յայտնաբերման մակարդակը կը շարունակուի աճիլ:Բրիտանական եւ շուէտական մեծածաւալ ուսումնասիրութիւնները հակապիոթիքներու եւ սոյն քաղցկեղի կապուածութիւնը առաջին հաստատող կողմը եղան:

10   Ալքոլի Ազդեցութիւնը Առողջութեան Վրայ

  • Մեծ ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, որ ալքոլի ոչ մէկ քանակ անվտանգ է ուղեղի համար:
  • Նոյնիսկ չափաւոր խմելը բացասական ձեւով կ՛ազդէ ուղեղի կառուցուածքին եւ աշխատանքին վրայ:
  • Մէկ գաւաթը 4 ժամուան ընթացքին կը կրկնապատկէ նախասրտի թելիկախաղի (atrial fibrillation) վտանգը:

11   Ընկերային Ցանցերն Ու Դեռահասներու Մտային Առողջութիւնը

  • Ներքին հետազօտութիւններու արտահոսքերը ցոյց տուած են Instagram-ի դեռահասներու վնասները:
  • «Ուժեղ» ապացոյցներ, զորս ընկերութիւնը հոգեկան առողջութեան վնասները պահած է հանրութենէն:
  • Պարզուած է, որ Instagram-ը կը վատթարացնէ դեռահաս աղջիկներու մէկ երրորդի մարմնի պատկերին հետ կապուած խնդիրները:
  • Ծերակոյտի անդամներ հարցաքննած են ֆէյսպուքը` դեռահասներու ապահովութիւնը ամրապնդելու համար:
Արագընթաց Իրողութիւններ,
Պաշտպանեցէք
Դուք Ձեզ Թունաւոր Բոյսերէ

Դուրսը աշխատող ոեւէ մարդ ենթակայ է թունաւոր բոյսերու ազդեցութեան, ինչպիսիք են թունաւոր բաղեղը (poison ivy), թունաւոր կաղնին (poison oak) եւ թունաւոր աղտորը (poison sumac): Մորթի հետ շփում ունենալով` այս բոյսերու հիւթին իւղը (ուրուշիոլ, urushiol) կրնայ ալերժիք հակազդեցութիւն յառաջացնել: Թունաւոր այս բոյսերը այրելէ ետք ծուխ կը յառաջանայ, զոր ներշնչելու պարագային կրնայ թոքերու գրգռում պատճառել:

Մարդիկ թոյնին կրնան ենթարկուիլ հետեւեալ ձեւերով.

– Ուղղակի շփում բոյսին հետ,
– Անուղղակի շփում (գործիքներ, անասուններ կամ հագուստ, որոնց վրայ ուրուշիոլ կայ),
– Այրուող բոյսերէ ուրուշիոլի մասնիկներու ներշնչում

Մորթի հետ շփման ախտանիշները

– Կարմիր ցան (rash)` ենթարկուելէ ետք, քանի մը օրուան ընթացքին,
– Ուռուցք,
– Քերուըտուք,
– Բշտիկներ, բիծեր եւ պալարներ:

ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. Բշտիկներու հեղուկները վարակիչ չեն:

Շտապ օգնութիւն

Եթէ ենթարկուիք թունաւոր բոյսի,

– Անմիջապէս լուացէք մաշկը ալքոլով, թունաւոր բոյսերու մաքրիչով կամ իւղազերծող օճառով (օրինակ` աման լուալու օճառով) եւ արատահոս ջուրով (որպէսզի լուացքի լուծոյթները չչորնան մաշկի վրայ եւ հետագային չտարածեն ուրուշիոլը) :
– Եղունգներու տակը մաքրել խոզանակով:
– Մորթին վրայ դնել թաց քոմփրեսներ, քալամինի լոսիոն կամ հիտրոքորթիզոնային քսուք` քերուըտուքն ու բշտիկներու յառաջացումը նուազեցնելու համար:
– Վարսակի (oat) ալիւրով լոգանքները կրնան թեթեւցնել քերուըտուքը:
– Հակահիսթամինները կրնան թեթեւցնել քերուըտուքը:

Ծանօթագրութիւն. Վերջիններս կրնան քնոտութիւն յառաջացնել:

– Ծանր պարագաներու կամ եթէ ցանը դէմքի կամ սեռական օրկաններու վրայ է, դիմեցէք մասնագիտական բժշկական օգնութեան:
– Եթէ ծանր ալերժիք հակազդեցութիւն ունեցաք, օրինակ` ուռուցք կամ շնչառութեան դժուարութիւն, դիմեցէք հիւանդանոցի շտապ օգնութեան բաժանմնունք,:

Թունաւոր բոյսեր, ձախէն աջ` թունաւոր բաղեղ, թունաւոր կաղնի, թունաւոր աղտոր

Պաշտպանուեցէք

– Երկար թեւեր եւ ներքնազգեստներ, երկարաճիտ կօշիկներ եւ ձեռնոցներ հագուեցէք:

Ծանօթագրութիւն- Հագուստները առանձին մաքրիչներով տաք ջուրի մէջ լուալ:

– Օգտագործել մորթի արգիլող քսուքներ (barrier cream), ինչպիսին է bentoquatam պարունակող լոսիոնը. անոնք կրնան որոշակի պաշտպանութիւն տալ:
– Չայրել բոյսերը կամ տախտակներու կոյտերը, որոնք կրնան պարունակել թունաւոր բաղեղ, կաղնի կամ աղտոր:

Ծանօթագրութին. Այրող բոյսերու ծուխը ներշնչելը կրնայ լուրջ շնչառական խնդիրներ յառաջացնել:

 

Երբ այրող թունաւոր բոյսերու ազդեցութիւնը անխուսափելի է, գործատուները պէտք է աշխատողներուն ապահովեն R-95, P-95 դիմակներ (վայրի բնութեան հրշէջները պաշտպանութեան աւելի բարձր մակարդակ պէտք ունին (SCBA, CABA) ):

Այս դիմակները կը պաշտպանեն այրող թունաւոր բոյսերու ազդեցութենէն, բայց չեն պաշտպաներ ծուխին մէջ գտնուող այրման բոլոր արտադրանքներէն, օրինակ` ածխածինի մոնօքսիտը (Carbon Monoxide):

Շնչառական դիմակները պէտք է ճիշդ եւ միշտ կրել զանոնք թոյներու ենթարկման վտանգի պարագային:

Որպէսզի դիմակը արդիւնաւէտ ըլլայ, պէտք է ամուր փակած ըլլայ զայն օգտագործողի դէմքին:

Աղբիւր` CDC

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (10 Յունուար 2022)

Յաջորդը

Անդրադարձ. Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը ԺԴ. Հայկազեանի Հրթիռները

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

Մարտ 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

Օգոստոս 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Յուլիս 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?