Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վրաստան Պիտի Չմասնակցի «3+3» Ձեւաչափով Երկրորդ Հանդիպումին

January 5, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ մէջ Վրաստանի դեսպան Կէորկի Ճանճկաւան ըսած է, որ Վրաստան պիտի չմասնակցի «3+3» ձեւաչափով երկրորդ հանդիպումին, որ կը նախատեսուի գումարել Թուրքիոյ մէջ: Այս մասին վրացի դիւանագէտը ըսած է թրքական «Տէյլի Սապահ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացին:

«Անգարան բազմիցս կոչ ուղղած է ստեղծելու համագործակցութեան նոր հարթակ, այսինքն` «3+3», որ պիտի միաւորէ Թուրքիան, Ռուսիան, Իրանը, Ազրպէյճանը, Վրաստանը եւ Հայաստանը: Այս ձեւաչափով առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած է անցեալ տարուան դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ, որուն ներկայ չէ եղած միայն Վրաստանը», կը յիշեցնէ թրքական օրաթերթը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու անցեալ շաբաթ յոյս յայտնած էր, որ Վրաստան պիտի մասնակցի հարթակի երկրորդ հանդիպումին, որ նախատեսուած է Թուրքիոյ մէջ:

Թուրքիոյ մէջ Վրաստանի դեսպան Կէորկի Ճանճկաւան բացատրած է, որ Վրաստանը Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը կը նկատէ ռազմավարական գործընկերներ, իսկ Հայաստանը պատմական ու բարի դրացի է: «Սակայն Ռուսիան երկիր մըն է, որ բռնագրաւած է Վրաստանի տարածքին 20 առ հարիւրը», ըսած է Ճանճկաւա:

Յիշեցնենք, որ «3+3» ձեւաչափի առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած է 10 դեկտեմբերին: Հանդիպումին մասնակցած էին Թուրքիոյ, Ռուսիոյ, Իրանի, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի պատուիրակութիւնները` արտաքին գործոց փոխնախարարներու գլխաւորութեամբ:

Նիստէն մէկ օր առաջ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած էր յայտարարութիւն մը` նշելով, որ Վրաստան պիտի չմասնակցի «3+3» ձեւաչափով հարթակի հանդիպումին:

Նախորդը

Աքար. «Մենք Կը Հաւատանք, Որ Զանգեզուրի Եւ Լաչինի Միջանցքներուն Առնչուած Քննարկումները Իրենց Լուծումը Պիտի Գտնեն»

Յաջորդը

Թրքական «Փեկասըս» Օդանաւային Ընկերութիւնը Հայաստանի Քաղաքային Թռիչքներու Կոմիտէին Պոլիս-Երեւան-Պոլիս Թռիչք Կատարելու Դիմում Ներկայացուցած Է

RelatedPosts

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.