Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտընի Ստորագրած Օրէնքը Կը Նշէ. «Ազրպէյճան Կը Շարունակէ Շուրջ 200 Հայ Պատերազմական Գերի Պահել` Խեղաթիւրելով Անոնց Կարգավիճակը»

December 31, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի` 27 դեկտեմբերին ստորագրած 2022 թուականի ելեւմտական տարուան «Ազգային պաշտպանութեան մասին» օրէնքին մէջ կան կարեւոր կէտեր հայ-ազրպէյճանական տագնապին վերաբերեալ, անոնց մէջ մասնաւորաբար կը նշուի, որ Ազրպէյճան կը շարունակէ շուրջ 200 հայ գերիներ պահել` խեղաթիւրելով անոնց կարգավիճակը` շեշտելով, որ Ազրպէյճանը պէտք է անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակէ գերեվարուած բոլոր անձերը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ  օրէնքը հրապարակուած է Քոնկրեսի պաշտօնական կայքին վրայ:

Օրէնքին մէջ կը նշուին Քոնկրեսի եզրակացութիւնները 44-օրեայ պատերազմին վերաբերեալ, մասնաւորաբար.

-Ազրպէյճանն ու Թուրքիան «օտարերկրեայ աշխարհազօրային ջոկատներու աջակցութեամբ» զինուորական յարձակումի սկսած են Լեռնային Ղարաբաղի վրայ,

– Հակառակ Ժընեւեան ուխտով եւ 9 նոյեմբերի յայտարարութեամբ Ազրպէյճանի ստանձնած պարտաւորութիւններուն, տագնապին աւարտէն երկար ժամանակ ետք Ազրպէյճանի կառավարութիւնը կը շարունակէ պահել շուրջ 200 հայ պատերազմական գերիներ, պատանդներ եւ ձերբակալուած անձեր` «խեղաթիւրելով անոնց կարգավիճակը», փորձելով արդարացնել հետագայ գերութեան մէջ անոնց գտնուիլը,

-Ազրպէյճանական զինեալ ուժերը դաժան վերաբերմունք ցուցաբերած են ազգութեամբ հայ պատերազմական գերիներուն նկատմամբ, զանոնք ենթարկած են «ֆիզիքական բռնութեան եւ նուաստացման»,

-Փաստագրուած են Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու եւ Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող իսլամական զինեալներու կողմէ կատարուած մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները եւ հայերու դէմ կատարուած այլ վայրագութիւնները,

-Գերիներու եւ գերեվարուած քաղաքայիններու վիճակի կամ անոնց հետ վարուելու մասին հաւաստի տեղեկութիւնները սահմանափակ են, եւ լուրջ մտահոգութիւն կայ, որ ձերբակալուած կիներ կրնան ենթարկուիլ սեռային ոտնձգութիւններու եւ այլ դաժան վերաբերմունքի,

– Ազրպէյճանը պէտք է անյապաղ եւ անվերապահօրէն վերադարձնէ բոլոր հայ պատերազմական գերիներն ու գերեվարուած քաղաքայինները,

– Պայտընի վարչակազմը պէտք է բոլոր մակարդակներուն վրայ գործակցի Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ, ներառեալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի հոլովոյթի ծիրին մէջ, որպէսզի պարզաբանէ Ազրպէյճանի պատրաւորութիւններու կատարման կարեւորութիւնը,

– Հայաստանը կատարած է 9 նոյեմբերի յայտարարութեամբ եւ միջազգային օրէնքով ստանձնած իր պարտաւորութիւնները` վերադարձնելով ազրպէյճանցի պատերազմական գերիները: Օրէնքին մէջ կը նշուի նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը փաստաթուղթի ուժի մէջ մտնելէն ոչ ուշ, քան 180 օր ետք, պէտք է Քոնկրեսի համապատասխան յանձնախումբերուն զեկուցում ներկայացնէ 44-օրեայ պատերազմի, մասնաւորաբար.

– Թրքական «Պայրաքթար» անօդաչու թռչող սարքերուն մէջ յայտնաբերուած ամերիկեան ծագման կազմածներու եւ ճարտարագիտութիւններու վերաբերեալ` զէնքի արտածման վերահսկողութեան կամ այլ կիրարկելի օրէնքներու, պատժամիջոցներու քաղաքականութեան կամ Միացեալ Նահանգներու օրէնսդրութեան այլ կէտերու որեւէ հաւանական խախտումի գնահատումով,

– Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի քաղաքային բնակչութեան եւ քաղաքային ենթակառոյցներու դէմ սպիտակ ֆոսֆորի, տարանջատուող ռումբերու եւ արգիլուած զինամթերքի կիրարկման վերաբերեալ` Միացեալ Նահանգներու օրէնսդրութեան կամ միջազգային իրաւունքի որեւէ հաւանական խախտումի գնահատումով,

– 27 սեպտեմբեր 2020-էն միչեւ 9 նոյեմբեր 2020  երկարած ժամանակահատուածին մէջ Արցախի դէմ Ազրպէյճանի յարձակողական զինուորական գործողութիւններուն մասնակցելու համար Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ օտարերկրեայ զինեալ ահաբեկիչներու հաւաքագրման վերաբերեալ` ատոր առնչուած Միացեալ Նահանգներու օրէնսդրութեան, վարձկաններու հաւաքագրման, օգտագործման, ֆինանսաւորման եւ ուսուցման դէմ պայքարի մասին միջազգային հռչակագիրի կամ այլ միջազգային կամ բազմակողմ համաձայնագիրներու որեւէ հնարաւոր խախտումի գնահատումով:

 

 

Նախորդը

«Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններու Կարգաւորումը Փխրուն Հոլովոյթ Է. Կողմերուն Միջեւ Շատ Քիչ Վստահութիւն Եւ Մեծ Կասկածներ Կան» Կ՛ըսէ ՄԱԿ-ի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանի Առաջին Տեղակալը

Յաջորդը

Լոյս Տեսաւ «Ազդակ»-ի Նոր Տարուան Բացառիկը

RelatedPosts

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.