Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Կողմէ Յատուկ Ներկայացուցիչներու Նշանակումը, Մեր Կարծիքով, Տրամաբանական Եւ Ողջամիտ Քայլ Է» Կ՛ըսէ Զախարովա

Դեկտեմբեր 31, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորումը պիտի նպաստէ շրջանին մէջ ընդհանուր կացութեան առողջացման: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

«Մենք կը կարծենք, որ Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը պիտի նպաստէ շրջանին մէջ ընդհանուր կացութեան առողջացման, վստահութեան եւ բարի դրացիութեան մթնոլորտի ձեւաւորման… Եթէ նայիք պատմական տեսանկիւնէն, ապա Ռուսիան շատ բան ըրած է իբրեւ երկիր, որ կ՛ուզէ գործնականին մէջ բարելաւել այս երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները:

«Յարաբերութիւններու կարգաւորման նպատակով (Հայաստանի եւ Թուրքիոյ կողմէ) յատուկ ներկայացուցիչներու նշանակումը, մեր կարծիքով, տրամաբանական եւ ողջմիտ քայլ է: Ռուսիան բազմիցս յայտարարած է այս կարգաւորման մէջ միջնորդական ջանքեր գործադրելու իր պատրաստակամութեան մասին», ընդգծած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Լրագրողի մը խնդրանքով անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութեան, թէ «ազրպէյճանցիները պէտք է վերադառնան իրենց փոքր հայրենիք, եւ Երեւանը պիտի չվիճարկէ անոնց` Ղարաբաղի մէջ ապրելու իրաւունքը», Զախարովա ըսաւ.

«Ձեր հարցումին պատասխանը տրուած է երեք երկիրներու ղեկավարներու` 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան մէջ: Մասնաւորաբար, 7-րդ կէտին մէջ կ՛ըսուի` ուղղակի մէջբերում. «Ներքին տեղահանուածներն ու գաղթականները կը վերադառնան Լեռնային Ղարաբաղի տարածք եւ յարակից շրջաններ` ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հսկողութեան եւ կառավարման տակ»: Աւելցնելիք ոչինչ կայ», ըսած է Զախարովա:

Ան նաեւ յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներու հանդիպումը հասած է իր նպատակին` դրացի երկու երկիրներու գիտական եւ ստեղծագործական վերնախաւի ներկայացուցիչներուն միջեւ բարի դրացիական հաղորդակցութիւն հաստատուած է` աւելցնելով, որ Մոսկուան յոյս ունի, որ նման հաղորդակցութիւնները կանոնաւոր պիտի դառնան:

«Մասնակիցները համակարծիք եղած են, որ ազրպէյճանցի եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ անվստահութիւնը նուազեցնելու հարցին մէջ մեծ է մտաւորականութեան դերը: Կառուցողական երկխօսութեան նպատակի հետապնդումը նաեւ ակնյայտ եղած է մարդասիրական նուրբ նիւթերու քննարկման ժամանակ` Ազրպէյճանի կողմէ հայ պատերազմական գերիներու վերադարձ, Հայաստանի կողմէ մնացեալ ականապատ դաշտերու քարտէսներու յանձնում», ըսաւ Զախարովա:

Ան ընդգծեց, որ Մոսկուան աջակցած է, կ՛աջակցի եւ պիտի շարունակէ աջակցիլ նման նախաձեռնութիւններուն: Ռուսիոյ մէջ չափազանց արդիական կը նկատեն «նման միաւորող օրակարգը», որ կը նպաստէ առարկայական համաձայնութիւններ ձեռք բերելուն, մթնոլորտ կը ձեւաւորէ այլ ուղղութիւններով յառաջ շարժելու:

Յայտնենք, որ անցեալ շաբաթ յայտնի դարձաւ, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչները Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցած են: Հանդիպումը կազմակերպուած էր միջազգային մշակութային համագործակցութեան հարցով Ռուսիոյ նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Միխայիլ Շվիտքոյի միջնորդութեամբ:

Հայկական կողմէն մասնակցած են Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանի տնօրէն Արմէն Մուրատեանը, Յովհաննէս Թումանեանի անուան պետական տիկնիկային թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Ռուբէն Բաբայանը, Սթանիսլաւսքիի անուան թատրոնի տնօրէն Մարիաննա Մխիթարեանն ու բեմադրիչ Յարութիւն Խաչատրեանը:

44-օրեայ պատերազմէն ետք առաջին անգամն է, որ նման ձեւաչափով հանդիպում տեղի ունեցած է: Քննարկումը տեւած է շուրջ 2,5 ժամ:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Շամիի Հետ Քննարկեց Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Հետ Կատարուելիք Բանակցութիւնները

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ Ողջունած Են Ազրպէյճանէն 5 Հայ Գերիներու Վերադարձը Եւ Կոչ Ուղղած Են Արագօրէն Ազատ Արձակելու Պահուող Բոլոր Գերեվերուած Անձերը

RelatedPosts

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը Որեւէ Երրորդ Կողմի Առջեւ Պարտաւորութիւն Չէ Ստանձնած Եւ Պիտի Չստանձնէ` Փոխելու Սահմանադրութիւնը» Կ՛ըսէ Արարատ Միրզոյեան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը Որեւէ Երրորդ Կողմի Առջեւ Պարտաւորութիւն Չէ Ստանձնած Եւ Պիտի Չստանձնէ` Փոխելու Սահմանադրութիւնը» Կ՛ըսէ Արարատ Միրզոյեան

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պաքուի Մէջ «Անհետ  Կորսուածներու Հարցով»  Համաժողովին  Մասնակցողները  Բռնագրաւեալ Արցախ  Այցելեցին
Հայկական

Պաքուի Մէջ «Անհետ Կորսուածներու Հարցով» Համաժողովին Մասնակցողները Բռնագրաւեալ Արցախ Այցելեցին

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?