Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԵՒ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՄԻՋԵՒ

February 20, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 18 փետրուար 2012-ի առաւօտուն, Պքերքէի մէջ առանձին հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ մարոնիներու Ռայի պատրիարքին միջեւ: Աւելի քան ժամ մը տեւած մտերիմ հանդիպման ընթացքին, պատրիարքը տեղեակ պահեց վեհափառը վերջերս Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ իր ունեցած հանդիպման ու յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան գծով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին մօտեցման մասին: Յայտնենք, որ պատրիարքին եւ նախարարին հանդիպումէն առաջ վեհափառը մերժած էր որեւէ հանդիպում արտաքին գործոց նախարարին հետ եւ յայտնած պատրիարքին, որ հայ ժողովուրդը հաւաքական մէկ յստակ կեցուածք ու պահանջ ունի Թուրքիոյ նկատմամբ. 1915-ին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ հատուցումը:

Երբ պատրիարքը վեհափառին այս մօտեցումը փոխանցած է թուրք նախարարին, ան ըսած է, որ «Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին հայերը միացան Ռուսիոյ եւ բազմահարիւր թուրքեր ջարդեցին: Ցեղասպանութիւնը հայութեան հնարքն է. ամէն պարագայի ես պատրաստ եմ կաթողիկոսին հետ տեսնուելու եւ այս հարցերուն մասին խօսելու»: Վեհափառը իր մտահոգութիւնը յայտնեց շրջանին մէջ Թուրքիոյ ծաւալող դերակատարութեան եւ մանաւանդ հոգեւոր պետեր Թուրքիա հրաւիրելու ու քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան հանդիպումներ կազմակերպելու ճիգերուն գծով, որոնց նպատակը միջազգային համայնքին ցոյց տալ է, թէ Թուրքիան զօրակից է Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան ու պաշտպան` մարդկային իրաւունքներու:

Հանդիպման ընթացքին նաեւ քննարկուեցան Լիբանանի ներկայ կացութեան կապուած հարցեր, եւ այս ծիրին մէջ պատրիարքը տեղեակ պահեց վեհափառը քանի մը օրեր առաջ զօր. Աունին հետ իր ունեցած հանդիպման եւ կառավարութեան նիստերու վերսկսման գծով տարուող աշխատանքներուն մասին:

 

 

 

Նախորդը

ՊԸՐՐԻ – ՄՈՐԱՊԵԹՕ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ. «ՈՉ ՈՔ ԿՐՆԱՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՑԵԽԱՐՁԱԿՈՒՄ ԿԱՏԱՐԵԼ, ԱՅԼԱՊԷՍ` ԻՆՔ ԿԸ ՎՆԱՍՈՒԻ»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.