Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիան Պատրաստ Է Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Որեւէ Ձեւով Միջնորդական Աջակցութիւն Ցուցաբերելու» Կ՛ըսէ Ռուտենքօ

December 30, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան պատրաստ է միջնորդ դառնալու Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար երկխօսութեան հարցին աջակցելու «որեւէ ձեւով»: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Ռուտենքօ:

«Մոսկուայի մէջ պատրաստ են միջնորդական աջակցութիւն ցուցաբերելու որեւէ ձեւով: Միեւնոյն ժամանակ կարեւոր կը նկատենք նախապայմաններ առաջադրելէ հրաժարիլը, կեդրոնանալը փոխադարձ ընդունելի նիւթերու եւ փոխադարձ քայլերու վրայ, որոնք պիտի տանէին դէպի վստահութեան եւ բարի դրացիութեան մթնոլորտի ձեւաւորում», ըսած է Ռուտենքօ:

Ան նաեւ յայտնած է, որ Ռուսիան, Հայաստանն ու Ազրպէյճանը եռակողմ աշխատանքային խումբի ծիրին մէջ միացեալ ենթակառուցային նախագիծերու գործարկման եզրերուն շուրջ համաձայնութիւն կը գոյացնեն:

«Այս ձեւաչափը առանցքայիններէն մէկը կը նկատենք ազրպէյճանա-հայկական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ: Հիմա, ինչպէս երեք երկիրներու ղեկավարները համաձայնած են Սոչիի մէջ, ենթակառուցային նախագիծերու գործարկման եզրերուն շուրջ համաձայնութիւն կը գոյացնեն», նշած է ան:

Ռուտենքօ ներկայացուցած է ռուսական կողմի մօտեցումը այն առումով, որ համապատասխան որոշումները կրնան կայուն ըլլալ միայն Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ համախոհութեան գոյութեան պարագային:

«Այդ պատճառով մենք կողմնակից ենք ազրպէյճանական եւ հայկական կողմերու շահերու հաւասարակշռուած ապահովման», ամփոփած է փոխնախարարը:

Ան յիշեցուցած է, որ այդ մեքանիզմի ծիրին մէջ կը քննարկուի Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրամիջոցային եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման հարցերու ամբողջ համալիրը` ներառեալ շրջանին մէջ թէ՛ երկաթուղային, թէ՛ ալ ինքնաշարժային հաղորդակցութեան վերականգնումը:

«Խօսելով շրջանային անվտանգութեան լաւագոյն տարազին մասին` պէտք է հիմնուիլ ատոր Անդրկովկասի մէջ ստեղծուած աշխարհաքաղաքական իրողութիւններուն հիման վրայ ձեւաւորման հրամայականին վրայ: Ատիկա ճամբայ պիտի բանայ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ հետ Վրաստանի յարաբերութիւններու երկարաժամկէտ կարգաւորման համար, պիտի դառնայ անոնց միջեւ իրական բարի դրացիական կապերու կառուցման բանալի», ըսած է ան:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը աւելցուցած է, որ գործնական առումով այդ ուղղութեամբ աշխատանքը կ՛ենթադրէ մէկ կողմէ Թիֆլիսի եւ Սուխումի ու Ցխինվալի միջեւ ուժ չկիրարկելու մասին իրաւաբանօրէն պարտաւորեցնող համաձայնագիրի կնքում, միւս կողմէ` վրաց-աբխազական եւ վրաց-հարաւօսական սահմանազատման սկիզբ:

Նախորդը

«Ռուսիան Աշխուժօրէն Աջակցած Է Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Մտադիր Է Ֆինանսաւորել Հայաստանի Մէջ «Ժողովրդավարութեան Զարգացումը»

RelatedPosts

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.