Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՌԱՏ ՁԻՒՆԸ ՍՊԻՏԱԿՈՎ ԾԱԾԿԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԸ

February 20, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցեալ շաբաթավերջին Լիբանանը հարուածած ձիւնամրրիկին պատճառով լիբանանեան բոլոր գիւղերը ծածկուեցան սպիտակով:

Ծովուն մակերեսէն 600 մեթր բարձրութեան վրայ տեղացած ձիւնը փակեց ճամբաները եւ խոչընդոտեց քաղաքացիներուն երթեւեկը:

Կուտակուած ձիւնին հաստութիւնը որոշ շրջաններու մէջ տարուբերեցաւ 30-70 սանթիմեթրի միջեւ, իսկ այլ շրջաններու մէջ հասաւ մինչեւ մէկուկէս մեթրի:

Հակառակ անոր որ այսօրուընէ սկսեալ կը սպասուի, որ ձիւնամրրիկը վերջ գտնէ, սակայն անոր պատճառով փակ կը մնան բազմաթիւ շրջաններու ճամբաներ, որոնցմէ հիմնականներն են Տահր էլ Պայտար, Պհամտուն, Շուֆ, Պշարրի, Թաննուրին, Արզ, Իքլիմ Խարրուպ, Ժեզզին, Պաալպեք, Հասպայա, Քֆարշուպա, Շեպաա, Աքքար, Էհտեն, Պեքաա, Տըննիէ, Զահլէ, Տուհուր Շուէյր եւ այլ շրջաններու ճամբաները:

Ինքնաշարժներն ու փոխադրակառքերը նոյնիսկ իրենց անիւներուն շղթաներով չեն կրցած անցնիլ ճամբաներէն եւ մարդիկ քալելով գացած են իրենց բնակարանները:

Ներքին ապահովութեան ուժերն ու լիբանանեան բանակը արգիլեցին ինքնաշարժները յառաջանալէ` կանխարգիլելու համար հաւանական փորձանքները:

Նշենք, որ Տահր էլ Պայտարի մէջ արձանագրուեցան արկածներ, սակայն անոնք մարդկային վնասներ չպատճառեցին:

Նշենք, որ բոլոր շրջաններուն մէջ քաղաքապետարաններն ու քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը ամէն ջանք ի գործ դրին օժանդակելու համար ձիւնին մէջ մնացած քաղաքացիներուն, ինչպէս նաեւ մեծ քանակութեամբ աղ թափեցին` բանալու համար ձիւնածածկ ճամբաները եւ դիւրացնելու համար երթեւեկը:

Նշենք, որ Սայտայի մէջ գտնուող խախուտ շէնքի մը կարգ մը բնակարանները վնասուեցան, երբ անոնց պատերը փուլ եկան` քանդելով նաեւ իրենց տակ կանգնեցուած ինքնաշարժները:

 

 

Նախորդը

ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՆԿԱԽ ՈՒԺԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ՀԱՐԻՍԱՅԻ ՄԷՋ

Յաջորդը

ՊԸՐՐԻ – ՄՈՐԱՊԵԹՕ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.