Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երանի Անոնց, Որոնք Ամանոր Կրնան Տօնել Եւ Կը Տօնեն

Դեկտեմբեր 28, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Մտորումներ: Ո՛չ յոռետեսութիւն, ո՛չ յուսահատութիւն:

Տարին անցաւ. ըսինք` վերանկախացման երեսուն տարի, ըսինք` 44-օրեայ պատերազմ, պարտութիւն, կորուստներ: Կը մխիթարուինք հայրենադարձութեան միշտ դրական քանի մը պարագաներով:

Տխրի՞լ, թէ՞ ուրախանալ. աւարտած տարուան ընթացքին, ռուսական խաղապահ ուժերու պաշտպանութեան ներքեւ, չորս հազար արցախցիներ իրենց բռնագրաւուած հայրենիքի սրբավայրերը ուխտի գացած են: Ի՞նչ մտածել:

Տխրի՞լ, թէ՞ ուրախանալ, որ հայեւթուրք խօսակցութիւններ պիտի սկսին: Կողմերը նշանակած են իրենց բանագնացները: Ի՞նչ բանի շուրջ պիտի բանակցին: Բանակցիլ` կը նշանակէ առնելիք-տալիք որոշել: Ի՞նչ պիտի պահանջուի կամ պարտադրուի, ի՞նչ պիտի կարենանք պահանջել:

Համազգային համախոհութիւն պիտի ստեղծուի՞ տալիքի եւ առնելիքի շուրջ, թէ՞ անոնք պիտի պարտադրուին դուրսէն եւ ընդունուին առանց ժողովուրդի կարծիքին դիմելու, սեփական ղեկավարութեան տիքթաթով: Ինքզինք ազգի անդամ համարողը, ո՛չ հեռու կամ մօտ համայնքի մը, ինչպէ՞ս գոյութենական տագնապ պիտի չապրի, եւ Ամանոր պիտի տօնէ:

Եթէ ազգային համախոհութիւն չըլլայ առնելիքի եւ տալիքի շուրջ, անխուսափելի կ’ըլլան պառակտումները, որոնք մեր կացութեան մէջ եղող ժողովուրդի մը համար պերճանք են: Իսկ համախոհութեան հասնելու համար բանակցութիւններու առարկան պէտք է գիտնալ, ունենալ ներազգային վիճարկում, վճռել եւ ապա նստիլ բանակցային սեղանին շուրջ:

Եթէ թշնամիին հետ կարելի է բանակցիլ, ինչպէ՞ս կարելի է չխօսիլ սեփական ժողովուրդին հետ, որպէսզի վաղը կրկին յանցաւորներ եւ թշնամիներ չփնտռենք մեր մէջ, այլ տարրական ողջմտութեամբ գիտնանք, որ թշնամին դուրսն է: Մի՞թէ այս չէ ազգային քաղաքականութեան առաջին եւ սկզբունքային իմաստութիւնը:

Ընկեր մը ունէի, որ տեւաբար կ’ըսէր, որ` «Այդ հարցերուն մասին առանձութեանս մէջ մտածած եմ, բայց գրոց-բրոց չեմ որ գրեմ»: Հիմա ես ալ կրնամ լրացնել իր միտքը եւ ըսել, որ մտածել եւ գրոց-բրոց ըլլալ չեն բաւեր, երբ որոշողներու վերնախաւին մէջ չենք, էլիտային մաս չենք կազմեր: Էլիտա, որ միշտ ալ այդպէս չէ: Քանի որ կը միջամտեն քսակը եւ մեքենայութիւնները, քոմպինացիաները, մանիպուլացիաները: Մի՛շտ` ներսը եւ դուրսը:

Կարծելով գիտնալ, թէ մարդ արարածի հին եւ նոր փառասիրութիւնն է, որ յաճախ կը յանգի անսխալականութեան ախտի, որ միշտ եղած է, կը թափահարենք: Նախորդ դարու իմաստասէր մը (նախորդ դարը այնքան ալ հին պատմութիւն չէ)` Ժան Կրընիէ ըսած է. «Մարդ չի կրնար գործել` քանի որ կրնայ չգիտնալ: Բայց կ’ուզէ գործել` գիտնալով իր արարքին պատճառը: Աղէտալի փառասիրութիւն»: Արդարեւ, մարդ, որ ողջմիտ է, կրնայ զգուշ ըլլալ, խոհեմութեամբ խորհիլ, որ ճիշդ գործելու համար բոլոր տուեալները չունի: Բայց կը գործէ այն համոզումով, որ գիտէ իր արարքին պատճառները: Այս ինքնաշնորհուած համոզումը իմաստասէրը կը համարէ «աղէտալի փառասիրութիւն»:

Ճիշդ է` ամէն տեղ որ ենք, կը գտնուինք թագաժահրի («Քովիտ») եւ հիմա նաեւ` անոր ձագերու սպառնալիքին տակ: Կացութիւնը կը դիմագրաւենք պատուատով եւ ճակատագրապաշտութեամբ: Բայց մեզմէ կախում չունեցող աղէտ-սպառնալիքը արգելք չէ, որ նաեւ Ամանորի այս օրերուն մտածենք Հայաստանի եւ մեր ժողովուրդի մասին, որ պարտութենէ ետք ենթակայ է անդամահատուելու վտանգին: Բառը չափազանցութիւն պէտք չէ համարել, խորհիլ այդ մասին, որպէսզի օր մը մենք մեզ չքմեղացնելու համար չըսենք. չէինք գիտեր, չգիտցանք, ըսող չեղաւ:

Մնացած կենսական քիչի անդամահատումը:

Արդէն այդ աշխատանքը կը կատարուի պզտիկ քայլերով: Եթէ այդ նկրտումներուն դիմաց կանգնող չըլլայ, անոնք պիտի շարունակուին:

Գուժկան նախատեսութիւններ ընելու ցանկութիւն չունիմ: Բայց պարտաւոր ենք մտածելու յոռեգոյնի մասին, երբ կը հետեւինք թուրք եւ ազերի ղեկավարներու անզուսպ ծաւալապաշտական հռետորութեան, Արցախէն` Սիւնիք, Երասխ, Կապան: Անոնք պահանջներ ունին: Բանակցութեան սեղանին դրուելիք պահանջներ չունի՞ Հայաստանը, ոչ միայն Հանրապետութեան անունով, այլ նաեւ` իրաւազրկուած հայութեան: Ինչո՞ւ այս մասին ներազգային լայնածիր խորհրդակցութիւն չունինք:

Կարծէք` լեռնային ճամբաներու վրայ, թանձր մշուշի մէջ կը յառաջանանք առանց գիտնալու, թէ ո՞ւր կ’երթանք, ո՞ւր պիտի հասնինք:

Եթէ գիտցողներ կան, թող ըսեն, որպէսզի զանգուածը գիտնայ, թէ ո՞ւր կ’երթայ, ո՞ւր կը տանին: Որպէսզի, ինչպէս ըսած է Սասունցի Դաւիթ, ոչ ոք ըսէ, թէ գողի պէս եկան, եւ մենք չգիտցանք: Եւ չարդարանանք:

Եթէ մենք մեզի հետ պահ մը անկեղծ հաշուի նստինք, ինչպէ՞ս Ամանոր կրնանք տօնել, ուրախանալ, երբ անքա՜ն անորոշ եւ սպառնական է գալիք օրը:

Իւրաքանչիւր քաղաքական գործիչի, նահանջողի, իմաստունի, գործնապաշտի, բանակցութեան գացող իւրաքանչիւր քաղաքական գործիչի թղթապանակին մէջ պէտք է դնել Վահագն Դաւթեանի պատգամ եւ ճամբացոյց խօսքը, զոր պէտք է տեւաբար կրկնել, յիշել եւ մանաւանդ` նաեւ յիշեցնել.

«Այս հողին եմ ես դարեդար խառնել արցունք ու կարօտ,

Խառնել տառապանք, հրաշք եմ խառնել ու խառնել ոգի,

Որ երբե՜ք, երբե՜ք չթողնեմ կեանքում երկիրն այս քարոտ

Ու երբե՜ք, երբե՜ք չտամ ոչ ոքի…

Ըլլալ հայ եւ ըլլալ մարդ: Ամանորը տօնել` Վահագն Դաւթեանը յիշելով

ու կրկնելով տոկալու եւ տեւելու իր պատեամը.

«… երկիրն այս քարոտ ու երբե՜ք, երբե՜ք չտամ ոչ ոքի»:

Վահագն Դաւթեան պատեհապաշտ եւ երկչոտ չէր,  մտաւորական էր եւ անխառն հայ:

Օրացոյցին վրայ օրերը տօնական են: Այդքա՛ն:

Իսկ հայուն օրե՞րը…

Իշխանութեան հետ կամ դէմ ըլլալու նեղմտութեամբ չառաջնորդուիլ:

Եւ պատասխանել հայու անդոհանքին. «Ինչպէ՞ս կրնանք Ամանոր տօնել»:

24 դեկտեմբեր 2021, Նուազի-լը-Կրան

Նախորդը

Ուիլիըմ Սարոյեան (Է.) Հէմինկուէի Մրցակիցն Ու Անոր Պեխերը

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ամանորի Օրերու Հրամայականը` Համազգային Դիմադրութիւն

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?