ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Դմանկարը, գործ՝ Փօլ Կիրակոսեանի Գծանկարը, գործ՝ Յակոբ Ճանպազեանի Յուշարձանը, գործ՝ Դաւիթ Երեւանցիի

Երեւան 1978:
Թէեւ ամիսը չեմ յիշեր, սակայն կը յիշեմ, որ մռայլ եւ տհաճ օր մըն էր: Յանձնարարուած էր ինծի, իբրեւ դաս, գեղանկարչական անհատական ցուցահանդէս մը կազմակերպել, որուն արդիւնքը կրնար ազդեցութիւն ունենալ աւարտաճառիս վրայ: Տարբեր տեղերէ մերժուելէ ետք, ղեկավարներս` գրականագէտ Էդուարդ Ջրբաշեանն ու արուեստաբան Վահան Յարութիւնեանը, յանձնարարեցին Մշակութային կապի կոմիտէութիւն դիմել: Տեղը շատ յարմար չէր ցուցահանդէսի համար, այդ պատճառով ալ անտրամադիր էի ու մտահոգ: Սակայն ստիպուած էի յարմարիլ…:
Կը բարձրանայի պատմամշակութային արժէք ներկայացնող շէնքի մը աստիճաններէն, որոնց վրայ կոխած էին Արամի եւ Ռուբէնի նման ականաւոր դէմքեր… : Ելայ եւ մտայ երկրորդ յարկի այն սրահը, ուր վճռորոշ ժողովներ տեղի ունեցած էին… Ա. հարապետութեան տարիներուն: Երբ «մասնագէտի աչքով» սրահը կ՛ուսումնասիրէի, յանկարծ դիմացս ցցուեցաւ Ուիլիըմ Սարոյեանը եւ ցուցամատը թափ տալով վրաս` ըսաւ.
– Դուն ո՞վ ես, ի՞նչ գործ ունիս հոս, ինչո՞ւ եկար:
Շշմած ու շուարած չկրցայ անմիջապէս պատասխանել, ան շարունակեց.
– Թելեֆոնի՞ստ , թելեֆոն շինելո՞ւ եկար, ինչո՞ւ թելեֆոն չ՛աշխատիր…:
Մինչ այդ քարտուղարուհին, որ գաւաթ մը բռնած էր ձեռքը, Սարոյեանին ետեւը կեցած, աչքով ունքով կը հասկցնէր որ խաղաղեցնեմ զինք: Իրականութեան մէջ մէկը պէտք էր զիս հանդարտեցնէր… այդ պահուն: Սակայն Սարոյեանն էր վերջապէս: Ան շարունակեց.
– Ես գէշ բան չխօսիմ, Հայաստան լաւ, «սովետ» լաւ: Այդքան դժուա՞ր Ամերիկա խօսիլ: Ես գիտեմ Հայաստան, Չարենց, Սարեան…
Մօտեցայ եւ ըսի.
– Պրն. Սարոյեան, ես «թելեֆոնիստ» չեմ, ուսանող եմ եւ դուրսէն… քեզի պէս…
– Ամերիկացի՞…
– Ո՛չ, լիբանանցի:
– Ուրեմն Պէյրութէն գաս:
– Այնճարէն:
«Այնճար» բառը կարծէք մոգական ազդեցութիւն գործեց վրան: Ան խոր շունչ մը քաշեց, եւ լայն ժպիտ մը գծագրուեցաւ անոր «թափթփած» պեխերուն տակէն: Քարտուղարուհին առիթէն օգտուելով` հրաւիրեց որ նստինք: Նստանք եւ երկրորդ թէյ մըն ալ ապսպրեց ինծի համար:
– Հիմա հասկցայ, Այնճա՞ր ըսիր:
– Այո՛, հոն ծնած եմ, մանկութիւնս եւ պատանեկութիւնս հոն անցուցած եմ եւ ապա հոս եկած եմ ուսանելու:
– Այնճարը լաւ տեղ , լաւ մարդիկ, Մուսա Լեռ: Համով հերիսայ եփեն, ինծի հերիսայ կերցուցին, ամմա՜ համով էր… տոլմայի չափ համով էր… կերանք խմեցինք…: Զիս տեղ մը տարին, ջուր կար, շուք կար, հա՛, թմբուկ-զուռնա կար, երգեցինք, պարեցինք… դուն հո՛ն էիր:
– Ո՛չ:
– Ինչո՞ւ հոն չէիր:
– Ես հոս էի, ափսոս, որ հոն չեմ եղած:
– Դուն հո՞ս դպրոց կ՛երթաս:
– Այո՛:
– Ի՞նչ կը սորվիս:
– Արուեստաբանութիւն:
– Ատ ի՞նչ «բանութիւն» է…
– Պրն. Սարոյեան, «ֆիլոլոկ»-ի բաժինը կ՛ուսանիմ, «Արթ քրիթիք» պիտի ըլլամ:
– Հա՜, հիմա հասկցայ, դուն Ամերիկա մի՛ գար, հոն չեն ձգեր, որ մեծնաս, հոս կեցիր կամ Լիբանան գնա… Պուրճ Համուտ… ես գիտեմ… շատ լաւ տեղ…է :
Հոս կ՛ուզէի յիշեցնել իրեն, որ շաբաթ մը առաջ մենք հանդիպած էինք Ռազմիկ Դաւոյեանի բնակարանը ու` միասին ընթրած: Պահը յարմար կը նկատէի, երբ յանկարծ ան դարձեալ հարցուց.
– Անունդ ի՞նչ է:
– Մովսէս:
– Մովսէս ի՞նչ:
– Հերկելեան:
– Հերկելեա՞ն, Այնճա՜ր, դուն… բանաստե՞ղծ:
– Ո՛չ, բանաստեղծը եղբայրս է, Պետիկ Հերկելեանը:
– Հա՜, հիմա հասկցայ…«My name is Aram»,այո, ան արտասանեց, պզտիկ տղայ, բայց յետոյ մեծ մարդ… մեծ բանաստեղծ… Շիրազ: Ինչո՞ւ հոս եկար:
– Արուեստաբանը պէտք է, որ նկարել գիտնայ, մասնաւոր դասերու կը հետեւիմ Արտաշէս Յունանեանի եւ Արթօ Պաղտասարեանի քով: Եկած եմ հոս, որ այս սրահին մէջ ցուցահանդէս կազմակերպեմ:
– Յունանեան գիտեմ, մեծ «artist» է: Այդ մէկը չեմ ճանչնար: Այս սրահը լաւ չէ «painting»-ի համար: Այս Վարդգէս Համազասպեանը…
Խօսքը օդին մէջ մնաց, որովհետեւ քարտուղարուհին ներս հրաւիրեց զինք… Ամերիկա խօսելու համար:
Թէեւ Սարոյեանի առոգանութիւնը աւելի ժխտական կը հնչէր, ինծի յայտնի չեղաւ, թէ ան Համազասպեանի մասին լա՞ւ, թէ՞ գէշ պիտի խօսէր: Ափսոս, սակայն, որ ան գնաց, որովհետեւ գոհ էի որ առանձին կը հանդիպիմ իրեն: Ահագին հարցեր ունէի, յատկապէս քանդակագործ Վարազ Սամուէլեանի մասին: Ռազմիկ Դաւոյեանի տան մեր հանդիպման ատեն իր ուշադրութիւնը չկրցայ գրաւել ու հետը զրուցել, հակառակ անոր որ Ռազմիկ Դաւոյեանն ու Յակոբ Յակոբեանը լաւ ձեւով ներկայացուցին զիս: Շատ դէմքեր կային հոն, եւ արդէն իսկ կենացները շիկացած էին, երբ ես հասայ: Հոն էր նաեւ լուսանակարիչ Պօղոս Պօղոսեանը, որ լուսանկարեց նաեւ զիս եւ Սարոյեանը առանձին: Ես ալ լուսանկարեցի զինք եւ Սարոյեանը միասին: Սակայն ես չկրցայ այդ թանկագին յիշատակը ունենալ… մնաց Պօղոսին մօտ, որովհետեւ իբր թէ «պատժեց» զիս անոր համար, որ զինք եւ Սարոյեանը նկարելու ատեն սխալ կոճակ սեղմած կոխած էի… Ինչ որ է… անցնինք:
Սպասեցի, մինչեւ դուրս գայ Սարոյեանը, ու զրոյցը շարունակենք: Սակայն երբ ան դուրս ելաւ` Համազասպեանը իր թեւը մտած, ես ներս հրաւիրուեցայ Համազասպեանի տեղակալին` Մարտիրոսեանի մօտ: Սիրտս ճմլուեցաւ, անգամ մըն ալ ե՞րբ առիթը պիտի ունենայի հանդիպելու այս քանքարաւոր հայուն…
………………………………………………………………………………………………….
Սիրելի՛ ընթերցող,
Նախքան եզրակացնելը, հարկաւոր է նաեւ պատմեմ, թէ ինչպէ՛ս Փոլ Կիրակոսեանը պատկերած է Սարոյեանը:
1979 կամ 1980, Պէյրութ:
Ամրան տաք, խոնաւ ու հեղձուցիչ օր մըն էր: Քովը գացած էի իրեն յանձնելու նամակ մը` արուեստաբան Վահան Յարութիւնեանէն, որ իմ «թեկնածուականի» երկու ղեկավարներէն մէկն էր: Կիրակոսեանը հայերէն կարդալ չէր գիտեր: Նամակը ես կարդացի, ու, հակառակ անոր որ դարձեալ Հայաստան կը հրաւիրէին զինք ցուցահանդէսի, առաւ, մէկ կողմ դրաւ ու հարցուց.
– Դուն Սարոյեանը կը ճանչնա՞ս:
– Այո՛, կը ճանչնամ:
– Մե՞նծ մարդ է:
– Շատ մեծ: Ամերիկահայ նշանաւոր գրող է: Այնքան մեծ, որ Հեմինկուէյի «ընկերը» եղած է:
– Հեմինկուէյը ըրեն չը սըրեր… ես գիտեմ: Ինծը ըսին որ Սնապեանը գիրք մը պըտի գրէ իր մասին եւ կ՛ուզէ որ Սարոյեանին նկարեմ : Ընծի «photo»-ներ բերին…: «Ատոնք» չեն գիտեր, որ ես Սարոյանը չեմ ճանչնար: Ըրեն չեմ տեսած: Ի՞նչպէս պըտի գծեմ:
– Դուն կրնաս… դուն ոեւէ մէկը չես…
– Դուն չես հասկնար: Ասիկա «abstract» չէ, «portrait» է, Սարոյեանը, թէ պըտի ապրի ու խօսի եւ թէ՛ «character»-ը մէջը պըտի ըլլայ. պէտք է իրմէն բան մը կարդամ…:
Ընծի ըսին. մէկ պէխը պստիկ է, միւսը` մենծ, ճի՞շդ է:
– Չեմ կարծեր: Գուցէ այդպէս կը թուի: Ես անձնապէս տեսած եմ զինք, իմ տպաւորութիւնս այն է, որ ան պարզապէս անխնամ կը ձգէր պեխերն ու մազերը…
– Հա՜ , հիմա հասկցայ, մենծ մարդիկ այդպէս կ՛ըլլան: Սարոյեանի «character»-ը իր պեխերուն մէջն է… հասկցայ: Բայց ըրմէն գիրք մը պէտք է կարդամ, որպէսզի գիտնամ ո՞վ է, ի՞նչ մարդ է… որպէս զի գիտնամ ինչպէ՞ս պըտի գծեմ: Դուն կրնա՞ս բերել:
Բարեբախտաբար Երեւանի «Պուկինիստական» խանութէն ձեռք ձգած էի Սարոյեանի «My Heart In the Highlands» անգլերէն հատորը, զոր քանի մը օր ետք տարի իրեն:
Տարիներ ետք, երբ արդէն Սնապեանի խմբագրած Սարոյեանի հարցազրոյցներու հաւաքածոն հրատարակուած էր, օր մը հեռաձայնեց.
– Նայիր, քեզի պըտի ուրախացնեմ: Եկուր, միայն թէ մէկ անգամէն վերը «atelier» ելիր եւ մէկուն բան մը մ՛ըսեր:
Գացի, բարձրացայ վեր, Սարոյեանի դիմանկարն ու այլ ջրանկար մը երկարեց ինծի` ըսելով.
– Ասիկա քըզի պահէ, մէկուն մը տար ու մէկուն մ՛ըսեր…: Այս «aquarelle»-ը ծախէ, որ քըզի «խաշլըք» ըլլայ… մէկուն մ՛ըսեր…:
Իմ արուեստասէ՛ր ընթերցող,
Խոստովանիմ, որ ան պարբերաբար նկարներ կը նուիրէր ինծի` միշտ պատուիրելով, որ գաղտնի պահեմ: Մեկնելով իր մարդասիրական սկզբունքներէն, ան սովորութիւն ունէր նկարներ նուիրել որոշ անձերու ու անձնաւորութիւններու… թէկուզ ընտանիքէն գաղտնի: Կիրակոսեանի մարդկային այս կեցուածքի մասին հարկաւոր է, որ յատուկ նշմար մը գրեմ:
Սարոյեանի դիմանկարը թափանցիկ «calque» թուղթի վրայ իրագործուած արուեստի իւրայատուկ գլուխ-գործոց մըն է, որուն կերպարի ազատախոհ ու ամրապինդ նկարագրի դրսեւորման մէջ, բացի աչքերէն, կենսական դեր եւ նշանակութիւն ունին նաեւ, արագ ու անկաշկանդ քանի մը վրձնահարուածներով արտայայտուած մազերն ու յատկապէս` պեխերը…
Ի դէպ, Սարոյեանի կերպարը բազմաթիւ հայ կերպարուեստագէտներու նախընտրած թեմաներէն եղած է: Անոնցմէ շատեր յաջողած են կերտել ուրոյն ու տիպար «Սարոյեաններ», ինչպէս` Արա Շիրազ, Դաւիթ Երեւանցի, Յակոբ Ճանպազեան, Մկրտիչ Տարագճեան, Սամուէլ Համբարձումեան, Վանուշ Պապիկեան, եւ այլն:
……………………………………………………………….
Հակաւոր է վկայել նաեւ, որ Սարոյեանը այդ տարի գրական ոչ միայն աշխուժութիւն, այլ ուղղակի փոթորիկ ստեղծեց Երեւանի մէջ: Ամէն տեղ իրերայաջորդ հանդիպումներ կը կազմակերպուէին, (ակադեմիա, Գրողներու միութիւն, մատենադարան, պետական-համալսարան…) եւ միշտ սրահները ծայրէ ծայր լեցուն կ՛ըլլային: Հարցումնե՜ր ու հարցումնե՜ր… Ան կը պատասխանէր իր գիտցած Պիթլիսի բարբառով:
Հոս անհրաժեշտ է, որ ճշդում մը ընեմ նաեւ: Ան գովասանքներ եւ նոյնիսկ ներբողներ կը շռայլէր հայ գրողներու, նկարիչներու եւ առհասարակ տարբեր տեսակի մտաւորականներու հասցէին: Չափազանց կը գովէր նաեւ հայ ժողովուրդն ու Հայաստանը: Կողմնակի ունկնդիր մը կրնար շողոքորթութիւն համարել այդ բոլորը: Թէեւ «հարբած» կը թուէր ըլլար իրեն շնորհուած բացառիկ ընդունելութիւններէն ու պատիւներէն, այնուամենայնիւ անկեղծ էր իր արտայայտութիւններու մէջ, որովհետեւ որքան որ կը սիրէր իր ծննդավայրն ու կը գնահատէր մարդկայինը Մարդու մէջ, նոյքան կը սիրէր իր պապենական հայրենիքն ու կը գնահատէր ազգայինը հայուն մէջ … վկայ` իր ողջ գրականութիւնը… :
Սարոյեանն էր ի վերջոյ…:
Մտաւորական դասն ու ուսանողները ծարաւը ունէին Սարոյեանի նման մեծութիւններու… այդ տարիներուն:
(2021, դեկտեմբեր, Երեւան)