Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գետ-Գիտութեան

Դեկտեմբեր 28, 2021
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

– Ոսկեայ Դարաշրջանի Հոլիվուտը Ունէր Կեղտոտ Փոքրիկ Գաղտնիք Մը` Թմրանիւթերը
– FDA Ընդունեց Merck-ի «Քորոնա»-ի Տնային Դեղահատը

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Ոսկեայ Դարաշրջանի Հոլիվուտը Ունէր
Կեղտոտ Փոքրիկ Գաղտնիք Մը` Թմրանիւթերը

Տեպի Ռէյնոլծ նոր ստանձնած էր իր կեանքի ամենահիմնական դերակատարութիւնը եւ դարձած էր ուժասպառ: 19-ամեայ աղջիկը առած էր Քեթի Սելտընի դերը` «Singin in the Rain» ժապաւէնին գլխաւոր կինը, եւ ան մեծ պատասխանատուութիւն կը կրէր: Անոր զուգընկերը շատ փորձառու եւ տաղանդաւոր Ճին Քելին էր, եւ Ռէյնոլծ կ՛ակնկալէր, որ քայլ առ քայլ ան կը համապատասխանէ ու կ՛օգնէ իրեն:

Ռէյնոլծ պատրաստ էր մարտահրաւէրին, բայց փորձերու յոգնեցուցիչ ընթացքն ու ճնշումը շուտով սկսան քայքայել անոր առողջութիւնը: Երբ բժիշկը անոր յանձնարարեց մէկ շաբաթ արձակուրդ առնել աշխատանքէ, MGM արուեստանոցի (studio) ղեկավար Արթիւր Ֆրիտ իրեն ըսաւ, որ այլ բժիշկի մը քով երթայ:

2013 թուականի իր յուշերուն մէջ Ռէյնոլծ յիշեց, թէ ինչպէ՛ս Ֆրիտ հրահանգեց իրեն «վիթամիններու ներարկումներ» ստանալ իր բժիշկէն: «Ասոնք հաւանաբար նոյն «վիթամիններն» էին, զորս քայքայեցին Ճուտի Կարլանտը», գրած է ան:

Ռէյնոլծ նոր բացայայտած էր Հին Հոլիվուտի կեղտոտ փոքրիկ գաղտնիքներէն մէկը` «Թմրանիւթերը կը խթանէին Հոլիվուտի դասական ժապաւէնները»: 1920-1960 թուականներուն հոլիվուտեան արուեստանոցները ստեղծեցին պատմութեան մեծագոյն ժապաւէններէն քանին մը հատը: Բայց անոնք յաճախ այդ մէկը կ՛ընէին իրենց աստղերու առողջութեան գնով:

Հակառակ ճնշումներուն` Ռէյնոլծ կը մնար կառչած իր բժիշկին: «Բժիշկս պնդեց, որ անկողին մնամ,- գրած է ան: – Այդ որոշումը կրնար փրկել զիս թմրանիւթերով կեանքէ մը»:

Հոլիվուտեան արուեստանոցներու մէջ թմրանիւթերու օգտագործման պաշտօնական քաղաքականութիւն չկար, բայց խնամքով կարգաւորուած համակարգը, որ կը մշակէր այդտեղի աստղերը, յաճախ կ՛ապաւինէր թմրամիջոցներու քուլիսային օգտագործման` դերասաններուն աներեւակայելի երկար օրերու ընթացքին ուժ տալու համար:

Կ՛ենթադրուէր, որ մանուկ դերասանները պէտք էր ենթարկուէին աշխատանքային խիստ օրէնքներու, որոնք կը կարգաւորէին նկարահանման հրապարակին մէջ իրենց անցուցած ժամերը. Այնուամենայնիւ, դերասաններ, ինչպիսիք են Էլիզապէթ Թէյլըր եւ Շիրլի Թեմփըլ, նշած են, որ բեմադրիչներն ու արուեստանոցներու ղեկավարները միշտ փորձած են յառաջ տանիլ այդ ժամերու սահմանները: Ինքնակենսագրութեան մէջ Թեմփըլ կը յիշէ, որ ամբողջ արուեստանոցը կը նշէր իր 18-ամեակը` ամբողջ գիշերը զինք աշխատցնելով:

Շիրլի Թեմփըլի նկար

Թէեւ Թէյլըր եւ Թեմփըլ առանց թմրամիջոցներու ձեռք բերին իրենց հռչակը, սակայն Ճուտի Կարլանտ չյաջողեցաւ այդ մէկը իրականացնել: Մայրը ծանօթացուց զայն «pep pills»-ին (Post-exposure prophylaxis) եւ պնդած է, որ «The wizard of Oz» ժապաւէնի դերասանը (նոյնինքն Ճուտի Կարլանտ) առնէ, որպէսզի եռանդուն ներկայացում մը ունենայ: Տարիներու ընթացքին, երբ Կարլանտ դարձաւ աւելի մեծ աստղ, MGM աշխատանոցի բժիշկները դեղահատեր կը դեղագրէին անոր ծանրութիւնն ու ներուժը կառավարելու համար:

Ճուտի Կարլանտ եւ իր մայրը

«Անոնք ինծի եւ Միքի Ռունիին դեղահատեր կու տային, որպէսզի մեզ ոտքի վրայ պահեն ուժասպառ ըլլալէ ետք,-  ըսած է Կարլանտ կենսագիր Փոլ Տոնելլիին: Այնուհետեւ անոնք մեզ կը տանէին արուեստանոցի հիւանդանոց ու կը թմրեցնէին մեզ քնաբերներով… եւ չորս ժամ ետք մեզ կ՛արթնցնէին ու կրկին կու տային «pep pills»-երը, որպէսզի կրնայինք աշխատիլ 72 ժամ` առանց ընդմիջումի: Ժամանակի կէսը արդէն մենքզմեզ օդէն կախուած կը զգայինք, բայց այդ մէկը մեզի համար ապրելակերպ էր»:

Կարլանտ, որուն համար դժուար էր MGM-ի ամենատեսանելի եւ ամենաաշխատասէր աստղերէն մէկը ըլլալու ճնշումը տանիլը, այս կանոնակարգը իրեն պատճառեց ծայրայեղ կախուածութիւն եւ շարք մը ջղային խանգարումներ: Ան մահացաւ թմրամիջոցներու չափազանց դեղաչափէ` 47 տարեկանին:

Միւս աստղերուն, ինչպէս` դերասանուհի Ժոաննա Մուրին, նշանակած են ամֆեթամիններ կամ «վիթամինի ներարկումներ»` անոնց ծանրութեան վերահսկելու համար: Եւ այդ աշխարհին մէջ յայտնուած շատ մը կիներու համար, որոնցմէ կը պահանջուէր ֆիզիքական կատարելութիւն, արուեստանոցի բժիշկներուն կողմէ դեղագրուած դեղահատերը ընդունիլը այլընտրանքային չէր:

«Այդ օրերուն,- կը նշէ Twentieth Century Fox-ի բժիշկ Լի Սիկըլը`, Մարիլին Մոնրոյի կենսագիր Էնթոնի Սամերսին,- դեղահատերը կը դիտուէին որպէս աստղերը աշխատանքի մէջ պահելու եւս մէկ գործիք: Բժիշկները միշտ մէջտեղ կը մնային. Եթէ բժիշկ մը չէր դեղագրեր, միշտ կը գտնուէր ուրիշ մը, որ կ՛ընէր այդ մէկը… բոլորը դեղահատեր կ՛օգտագործէին»:

Դեղահատերու պարապ տուփեր` գտնուած Մարիլին Մոնրոյի սենեակէն, 1962

Հոլիվուտի մէջ դերասանները չէին միակ թմրանիւթ օգտագործողները: Հռչակաւոր բեմադրիչ Տէյվիտ Օ. Սելզնիք յոգեյոյզ ձեւով կախուածութիւն ունէր Պենզետրինի (ամֆեթամինի տեսակ մը) երկար ժամանակ ժապաւէններ նկարահանելու համար, ինչպիսին էր «Gone with the wind»-ը: Դերասան Էվելին Քէյս նկարահանման ժամանակ կը յիշէ, թէ ինչպէս Սելզնիք «Պենզետրինը կը փշրէր եւ իր ափէն կը լիզէր անոր կտորները հատ առ հատ»: Յայտնուած է, որ բեմադրիչ Քարոլ Ռիտ եւ անոր անձնակազմին մեծ մասը մեծ քանակութեամբ ամֆեթամիններ կը սպառէին` «The Third Man» ժապաւէնի արագընթաց արտադրութեան համապատասխանելու համար:

Այլ աստղեր նոյնպէս կը տառապէին թմրամոլութենէ, բայց դեղերը կը ստանային արուեստանոցներու համակարգէն դուրս: Եւ Հոլիվուտը միակ արդիւնաբերութիւն չէր, որ կախուածութիւն ունէր դեղահատերու: Ամֆեթամինները իրականութեան մէջ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէին Բ. համաշխարհային պատերազմէն ետք` բանակին մէջ անոնց լայն կիրարկման եւ չարաշահման պատճառով: Իսկ 1960-ականներուն ան լիարժէք համաճարակ էր` որպէս «ծիածանի սննդակարգի դեղահատեր» (rainbow diet pills), որոնք սովորաբար բժիշկներու կողմէ կը դեղագրուէին:

1970թ.-ին ամֆեթամինի օգտագործումը կտրուկ ձեւով սահմանափակուեցաւ, եւ ընդունուեցան անոր կախուածութիւն յառաջացնող յատկութիւնները: Այդ ժամանակ Հոլիվուտը անցած էր այլ խթանիչներու, ինչպէս` քոքայինը, եւ արուեստանոցի համակարգը, որ յաճախ թմրանիւթ կը տրամադրէր դերասաններուն` յանուն լաւ ներկայացման, կորսնցուցած էր իր ուժին մեծ մասը:

Բայց Հոլիվուտի դասական ժապաւէններուն մէջ թմրանիւթերու չարաշահման ժառանգութիւնը տեսնելու համար միայն արծաթէ պաստառին պէտք է նայիլ: Այնտեղ է, դարաշրջանի ամենափայլուն բեմադրիչներու եւ դերասաններու եռանդուն աշխատանքին մէջ:

Աղբիւր` History.com

FDA Ընդունեց Merck-ի
«Քորոնա»-ի Տնային Դեղահատը

 

Մարդիկ այժմ ունին բերնի հակաժահրային երկու դեղահատեր, որոնք կրնան առնուիլ տան մէջ` «Քորոնա»-ի բժշկման համար:

Հինգշաբթի օրը ԱՄՆ Սննդամթերքի եւ դեղերու վարչութիւնը ընդունած է Merck-ի molnupiravir դեղահատին հրատապ օգտագործման` մեղմ եւ միջին ծանրութեան «Քորոնա»-ի բուժման համար այն մարդոց մօտ, որոնք PCR-ի նոր քննութեամբ վարակակիր ճանչցուած են:

Այս հաստատումը կու գայ Pfizer-ի «Քորոնա»-ի հակաժահրային Paxlovid դեղահատի հաստատումէն ետք:

Երկու դեղահատերն ալ նախատեսուած են հիւանդանոցային կարգի եւ ծանր «Քորոնա»-ի հիւանդութենէ մահուան մեծ վտանգի ենթարկուողներուն, եւ անոնք հասանելի են միայն դեղագիրով:

«Այսօրուան թոյլտուութիւնը լրացուցիչ բուժման տարբերակ կը տրամադրէ «Քորոնա» ժահրի դէմ` դեղահատի տեսքով, որ կարելի է առնել բերնի միջոցով»,- կ՛ըսէ FDA-ի Դեղերու գնահատման եւ հետազօտութիւններու կեդրոնի տնօրէն դոկտոր Փաթրիցիա Քաւազոնի վարչութեան յայտարարութեան մէջ:

«Որովհետեւ ժահրի նոր տարբերակներ կը շարունակեն ի յայտ գալ, շատ կարեւոր է ընդլայնել «Քորոնա»-ի բուժումներու զինապահեստը` օգտագործելով արտակարգ իրավիճակներու օգտագործման թոյլտուութիւնը, միաժամանակ շարունակելով լրացուցիչ տուեալներ տրամադրել անոնց անվտանգութեան եւ արդիւնաւէտութեան մասին», ըսաւ ան:

Այս թոյլտուութիւնները կու գան այն ժամանակ, երբ Միացեալ Նահանգները «Քորոնա»-ի նոր պարագաներու աճի մէջ է, եւ այդ աճը ա՛լ աւելի բարձրացած է խիստ վարակիչ օմիքրոն տարբերակով:

Սակայն երկու դեղահատերը փոխարինելի չեն. Pfizer-ի դեղահատը քլինիքական փորձարկումներու ժամանակ զգալիօրէն գերազանցած է Merck-ը: Մինչ մոլնուփիրաւիրը 30 տոկոսով նուազեցուց հիւանդանոցային կարգի եւ մահացութեան վտանգը հիւանդներու մօտ, Փաքսլովիտը այդ մէկը ըրաւ գրեթէ 90 տոկոսով:

Մոլնուփիրաւիրը կ՛աշխատի «Քորոնա» ժահրի ծինային քոտին մէջ սխալներ մտցնելով: Այդ մէկը կը խանգարէ, ապա կը կանխէ ժահրի վերարտադրումը:

«Ժահրի պատճենահանման մեքենան շատ աւելի անփոյթ կը դառնայ, – բացատրեց Ճոնաթան Աբրահամը`, Պոսթընի Հարվըրտ բժշկական դպրոցի մանրէաբանութեան օգնականը: Այդ մէկը ի վերջոյ թոյլ կու տայ ժահրին այնքան շատ սխալներ ընել, որ ան այլեւս չկարենայ գործել»:

Հիւանդները 12 ժամ անգամ մը չորս հատ 200 միլլիկրամնոց դեղահատ կ՛առնեն հինգ օրուան տեւողութեամբ (ընդհանուր` 40 դեղահատ), ըսած է FDA-ը:

Ինչպէս Paxlovid-ի պարագային, FDA-ի համաձայն, հիւանդները պէտք է սկսին իրենց դեղահատերը առնել կարելի եղածին չափ արագ` «Քորոնա»-ի ախտորոշումէն ետք եւ ախտանիշներու ի յայտ գալէն ետք հինգ օրուան ընթացքին:

FDA նախազգուշացուցած է, որ երկու հակաժահրային դեղահատերը պէտք չէ դիտարկել որպէս պատուաստումը փոխարինող:

Մոլնուփիրաւիրի շտապ ընդունումը հաստատուած է երկու խումբերու միջեւ քլինիքական փորձարկումի համեմատականով մը, առաջին խումբի 709 «Քորոնա»-ի հիւանդները ստացած են դեղահատեր, իսկ երկրորդ խումբի 699 հիւանդները` փլասիպօ:

Մոլնուփիրաւիր ստացած մարդոց մօտ 6,8%-ը հիւանդանոցային կարգի անցած է կամ մահացած է մէկ ամսուան ընթացքին` համեմատած մարդոց այն 9,7 տոկոսին հետ, որոնք ստացած են փլասիպօ, ըսած է FDA-ը: Մոլնուփիրաւիր ստացողներէն մէկ հիւանդ մահացեր է, իսկ փլասիպօ ստացողներէն` ինը:

Քլինիքական փորձարկումներու ընթացքին նկատուած կողմնակի ազդեցութիւնները կը ներառէին փորհարութիւն, սիրտխառնուք եւ գլխապտոյտ:

Մոլնուփիրաւիրը թոյլատրուած չէ 18 տարեկանէ փոքր հիւանդներու համար, որովհետեւ ան կրնայ ազդել ոսկորներու եւ աճառի (cartilage) աճին վրայ:

Յանձնարարելի չէ նաեւ զայն օգտագործել յղիութեան ընթացքին, որովհետեւ անասուններու վրայ փորձարկումները ցոյց տուած են, որ դեղը կրնայ վնասել սաղմին: Մոլնուփիրաւիրը կրնայ դեղագրուիլ յղի կնոջ համար միայն այն պարագային, եթէ անոր բժիշկը նկատէ, որ անոր օգուտները կը գերազանցեն վտանգները` այդ վտանգները հիւանդին յայտնելէ ետք:

Մոլնուփիրաւիրի հետ կապուած կայ այլ մտահոգութիւն եւս. դեղը կրնայ առիթ տալ «Քորոնա» ժահրի աւելի շատ նենգափոխումներ կատարուելու անոր ծինական քոտին մէջ, որուն պատճառով կրնան նոր ու աւելի վատ տարբերակներ ի յայտ գալ:

«Այդ հնարաւորութիւնը բացառելու համար մարդիկ պէտք է սպառեն զայն ճիշդ այնպէս, ինչպէս յանձնարարուած է իրենց», ըսած է Աբրահամ:

«Մենք պէտք է իսկապէս զգուշ ըլլանք այս դեղերը նշանակուելու եւ կիրարկուելու ձեւին` ապահովելով կատարեալ համապատասխանութիւն, որպէսզի անոնք ըլլան արդիւնաւէտ եւ չյառաջացնեն դիմադրութիւն», աւելցուց Աբրահամ:

Աղբիւր` Drugs.com

 

 

Նախորդը

Top 10 TV Shows to Binge Watch During Lockdown

Յաջորդը

Տարեվերջ

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

Մարտ 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

Օգոստոս 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Յուլիս 11, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?