Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ապշեցուցիչ Է, Որ Հայաստանի Վարչապետն Ու Ազրպէյճանի Նախագահը Բացայայտ Ճակատումի Փոխարէն Կառուցողական Մեկնաբանութիւններ Փոխանակած Են» Կ՛ըսէ Պորել

December 23, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտնած է, որ շրջանային լարուածութիւնը եւ «Ռուսիոյ ապակայունացնող քայլերը» առանցքային տեղ գրաւած են Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովին ընթացքին, որ տեղի ունեցած է անցեալ չորեքշաբթի` Եւրոպական խորհուրդի նիստէն անմիջապէս առաջ:

«Մենք հանդիպած ենք Ուքրանիոյ, Վրաստանի, Մոլտովայի, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հետ… Եւրոպական Միութիւնը առաջարկած է 2,3 միլիառ եւրօ ծաւալով շրջանային տնտեսական եւ ներդրումային ծրագիր, որ պիտի օգնէ ներգրաւել մինչեւ 17 միլիառ եւրոյի ներդրումներ:

«Սովորական դիւանագիտական ձեւականութիւններէն աւելի բաց քննարկումը հաստատեց, որ մեր արեւելեան գործընկերները անկեղծօրէն կը ձգտին Եւրոպական Միութեան հետ աւելի սերտ համագործակցութեան եւ համարկման, եւ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է որոշակի ձեւով արձագանգելու` անգամ մը եւս վերահաստատելով իր դերը իբրեւ շրջանին մէջ կարեւոր աշխարհաքաղաքական դերակատար:

«Ապշեցուցիչ է, որ Հայաստանի վարչապետն ու Ազրպէյճանի նախագահը, որոնց երկիրները թշնամի են Լեռնային Ղարաբաղի պատճառով, բացայայտ առճակատման փոխարէն առաջին անգամ ըլլալով կառուցողական մեկնաբանութիւններ փոխանակած են Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովին մէջ: Ատիկա կարելի դարձաւ նախագահ Միշելի հովանիին տակ իրականացուած միջնորդական ջանքերու շնորհիւ: Ան նախորդ գիշեր լարուած եւ արդիւնաւէտ հանդիպում ունեցած է երկու ղեկավարներուն հետ:

«Ես կ՛ողջունեմ այս հանդիպումին արդիւնքները եւ կողմերուն պատրաստակամութիւնը` ներգրաւուելու որոշակի նախագիծերուն մէջ եւ աջակցելու գաղափարներուն, որոնք ճամբայ պիտի հարթեն հաշտեցման համար: Հանդիպումի ընթացքին ընդգծուած է Եւրոպական Միութեան յանձնառութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ սերտ համագործակցութեան` տագնապներու յաղթահարման, վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման եւ շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը` գործօն կերպով մասնակցելու Անդրկովկասի մէջ տագնապներու լուծման», ըսած է Պորել:

 

Նախորդը

Կառավարութեան Նիստերու Բացակայութեան. Հրատապ Հարցերը Կը Քննարկուին Զանոնք «Փոխարինող Այլընտրանքներով»

Յաջորդը

Հարաւային Կովկասի Մէջ Փոխադրական Հաղորդակցութեան Վերականգնման Հեռանկարներու Քննարկում

RelatedPosts

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են  Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ  Տեղի Ունեցող Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ Տեղի Ունեցող Զարգացումները

November 2, 2026
Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի  Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»
Հայկական

Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.