Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՊՐԻՍՄԱԿ. ԵԹԷ ԱՐՑԱԽԸ ՄԵՐ ԱԼՖԱՆ ԵՒ ՕՄԵԿԱՆ (ՈՒՐՈՒԱԳԾՈՒՄՆԵՐ)

February 20, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Պիտի ըսուի, թէ արցախեան գոյամարտի սկզբնաւորութեան թուականին (20 փետրուար) նուիրուած յաճախակի անդրադարձներ, ի՛նչ պիտի աւելցնեն այն հիմնական գաղափարին վրայ, մանաւանդ որ այս հողատարածքի ազատագրումով եւ թուրք-ազերի հորդաներու ջախջախիչ պարտութեամբ իր լրումին կը հասնէր նոր ժամանակներու հայ մարտական ոգիի դիւցազներգութիւնը:

Փաստօրէն, 1994 մայիսին թշնամիին կողմէ աղերսախառն կոչերու իբրեւ պատասխան կը հաստատուէր զինադադար, կը ստեղծուէր իրողական կացութիւն մը (սթաթիւսքօ), որով պիտի յատկանշուէին հետագայ տարիներու արցախեան օրագրութեան իրագործումները, ինչպէս` հայրենիքի կառուցում, պատերազմական դաժան հետեւանքներու վերացում, ժողովուրդի մօտ բարոյահոգեբանական վիճակներու բարելաւում, ընկերային, տնտեսական ու կենցաղային պայմաններու առաւել ուժեղացում, հայ պետական ու քաղաքական մտածողութեան զարգացում, ազատութեան ու անվտանգութեան գրաւականի ջրդեղում, ու մանաւանդ` հայ ժողովուրդի հաւաքական կամքի ու յաղթանակի ամրագրում:

Իրողական գետնի վրայ, թէեւ արցախեան գոյամարտի քսանամեայ տարեգրութեան  մէջ կ՛արձանագրուէր յաջողութիւններ, այնուամենայնիւ, անըմբռնելի բացթողումներու առկայութիւնը շատ անգամ մտահոգիչ երեւոյթներու տեղիք կու տար:

Յստակացնենք:

Անվարան կը հաւատանք, թէ եթէ երբեք Արցախի հերոս ժողովուրդը իր անձնուէր ու քաջարի ազատամարտիկներու շնորհիւ կրցաւ առասպելական յաղթանակներ կերտել, իր թիկունքին ունենալով ամբողջ հայութեան կորովն ու օժանդակութիւնը, սէրն ու խանդավառութիւնը, նիւթական ու բարոյական անգնահատելի աջակցութիւնը, ապա այդ յաղթանակին ուժական ներկայութիւնն է, որ տեսանելի պէտք է դառնայ ամբողջ հայութեան համար:

Այլ ասած, ճիշդ է, որ նորաստեղծ Արցախի պետութիւնը տարուէ տարի ինքնահաստատման քայլերու ընդմէջէն իր հեղինակութիւնը կը հաստատէ, գէթ ներազգային կեանքին մէջ, փորձելով ամոքել նոյնինքն արցախահայութեան ցաւերն ու տառապանքները, ճիգ  թափելով քաղաքներու, գիւղերու թէ շրջաններու մէջ ապրող հայրենակիցներու կեանքի առաւել բարելաւումին, տնտեսական թէ առեւտրահամակարգի որոշակի զարգացման, գիւղատնտեսութեան մէջ ժամանակակից պահանջներու ընդգրկումին, այսուամենայնիւ, հիմնարար բնագաւառներու (կրթական, մշակութային, ակադեմական, արհեստագիտական, արուեստի ու ճարտարարուեստի) ու մանաւանդ` ժողովրդային կենսամակարդակի բարձրացումին նպաստող բացթողումներու յամեցումը, մտահոգութիւն պատճառող երեւոյթներ են, որոնց նկատմամբ հարկ է ցուցաբերել ահազանգային մակարդակի պատասխանատուութիւն:

Այլապէս, ինչպէ՛ս բացատրել Արցախ աշխարհէն գաղթը դէպի հեռաւոր երկիրներ` յանուն կտոր մը հացի ու պատուաբեր կեանքի մը սնուցումին:

Ինչպէ՛ս կարելի է հասկնալ երիտասարդ ուժի դէպի օտարութիւն հոսքը, անոնց թիւի աճը` գործազրկութեան իբրեւ հետեւանք:

Հակառակ պետական որոշակի հոգածութեան, տակաւին յամեցող է ժողովրդական տրտունջքը` առօրեայ կեանքին վերաբերող եւ կենցաղային տարրական պահանջներու ակնկալութեամբ:

Ինչ կը վերաբերի Արցախի պաշտպանական համակարգին,  զինուորական եւ ընդհանրապէս ռազմական կառոյցներու առաւել մարտունակութեան, յանձանձումին եւ ուժեղացման, թէեւ այս ուղղութեամբ կատարուած են կարեւոր ոստումներ ու կը շարունակուին իբրեւ այդպիսին, այսուհանդերձ, բանակաշինութեան գործընթացներու հոլովոյթը պէտք է, որ նուաճէ այնպիսի մակարդակ, ընդգրկէ ռազմաարհեստագիտական այնպիսի ոլորտներ եւ ցոյց տայ ռազմահայրենասիրական բարձրագոյն ունակութիւններ, որ կարելի ըլլայ դէմ դնել ապագայ բոլոր ոտնձգութիւններուն, սպառնական քայլերուն եւ թշնամական յոխորտանքներուն:

Այս առումով գաղտնիք յայտնած չենք ըլլար, եթէ լոյսին բերելու ըլլանք այն վճիտ իրողութիւնը, թէ Արցախի պետականութեան գոյութեան, ազատագրուած տարածքներու բնակեցման, ժողովուրդի կազմակերպման, քաղաքական կեանքի կայունութեան եւ խաղաղ կեանքի բարգաւաճումին համար, Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարութեան համար հիմնական առաջադրանքը պէտք է ըլլայ ամբողջ հայութեան նեցուկին ապահովումն ու հասարակական կեանքի հզօրացումը, պատրաստ ըլլալու հետագայ զարգացումներու, որոնց նախանշաններուն կը հանդիպինք թշնամի թուրք-ազերիական  հնչեցուած գրեթէ ամէնօրեայ սպառնալիքներուն ընդմէջէն:

Ի դէպ, աշխարհաքաղաքական խօլ մրցակցութիւններու թատերաբեմ միջինարեւելեան իրադարձութիւններու թէ Հարաւային Կովկասի մէջ ռազմավարական նորովի ձեւաւորումներու առկայութիւնը` ազդանշան պէտք չէ՞ հանդիսանան հայ քաղաքական մտքին ու պետական մտածողութեան համար, որպէսզի կարենանք ազգովին դիմակայել պարտադրուած կացութիւններն ու անկանխատեսելի հետեւանքները:

Այս դիտանկիւնէն, Արցախի պետական մակարդակի, քաղաքական եւ ընդհանրապէս դիւանագիտական աշխուժ գործունէութիւններու ներկայութիւնը (թէկուզ եւ միջազգայնօրէն չճանչցուած), իր բարերար ազդեցութիւնը կրնայ ունենալ քարոզչութեան ոլորտին մէջ, եթէ երբեք  Հայաստանի  քաղաքական արտաքին յարաբերութիւններու ընձեռած կարելիութիւններէն առաւելագոյնս օգտուելով` լսելի դառնայ Արցախի պաշտօնական   քաղաքական կեցուածքներու եւ առաջադրանքներու տեսադաշտերը:

Այս առիթով ընդգծելի կը մնայ այն պայծառ հասկացողութիւնը, թէ հայոց նոր ժամանակներու յաղթարշաւին, պետականութեան ամրակայման, հզօրացումին ու մանաւանդ` ժողովրդական կեանքի առաւել ճառագայթումին ամէնէն ապահով պատուանդանը կը մնայ հզօր Արցախի ներկայութիւնը` իբրեւ անկորնչելի ժառանգ, ներշնչման աղբիւր եւ ազգային պաշտպանական պատուար:

Որովհետեւ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ջաւախքի եւ թէ՛ սփիւռքին համար Արցախի պատմակշիռ ազդեցութիւնը անգնահատելի է, յատկապէս` ազգային անմիջական առաջադրանքներու կենսաւորումին եւ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի կերտումին ի խնդիր:

Միւս կողմէ, հակառակի ամէն տեսակի ստեղծուած կացութիւն, արդէն կորուստն իսկ է հայ ժողովուրդի գոյութենական պայքարի դարաւոր ճիգին ու երազանքին:

Այնքան ատեն որ հայութիւնը պիտի կարենայ իր քաղաքական, տնտեսական եւ ժողովրդագրական հզօրանքը ապահովել եւ իր ինքնուրոյնութիւնը պաշտպանել, օգտուելով ռազմավարի ու հնարամիտի մարտավարական կարելիութիւններէն, նոյնքան մեծ թափով եւ քաջաբար պիտի կարենայ տոկալ սպասուող քաղաքական թէ ռազմական փոթորիկներուն, մէկ հասկացողութեամբ որ, հայ պետական մտածողութիւնը պէտք է խարսխուի իր ժողովուրդի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան սրբազան գիտակցութեամբ, տասը միլիոն հայութեան տիրութիւն ընելու հրամայական պահանջով:

Յայտնապէս այս գաղափարայնութենէն ու քաղաքական յստակատեսութենէն թելադրուած հայրենի զոյգ պետութիւններու համար Արցախի գոյատեւումը լինելութեան գերխնդիր է:

Բարձրաձայնենք եւ անդադար հայութեան սեփականութիւնը դարձնենք վերոնշեալ իրողութիւնը` ժողովրդականացնելու համար արցախեան գոյամարտի վեհափառ յաղթանակը:

Գէթ այս ժամանակահատուածին վերապրինք հայ հանճարի սնուցած հրաշափառ ուժականութիւնը, Արարատի սէգ գագաթին հպարտանքը վայելելու ուխտին հաւատարիմ մնալով:

 

 

Նախորդը

ԶԱՐԹԻ՛Ր ԼԱՕ

Յաջորդը

ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ. ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԸ (ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՇԱՐԺՄԱՆ ՍԿԶԲՆԱՒՈՐՄԱՆ 24-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.